Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջէն Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Ա.

Ապրիլ 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, հակառակ տիրող դժնդակ պայմաններուն` սով, համաճարակ, տասնեակ հազարաւոր որբեր եւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, հայոց լեզուի վերականգնումի աշխատանքներուն առընթեր, նոր թափով կը շարունակուէր հայկական մշակութային գործունէութիւնը Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ:  Ստորեւ 1918-1920 մամուլին մէջ տեղ գտած կարգ մը մշակութային գործունէութեան կ՛անդրադառնամ ժամանակագրական կարգով եւ` արեւմտահայերէնի վերածուած:

Նախ կ՛արժէ անդրադառնալ այժմու նոյնիսկ միջազգային չափանիշներով մշակութային երկու գերազանց աչքառու եւ անհաւատալի երեւոյթներու.

1. Գրական, քաղաքական եւ այլ տիպի դասախօսութիւններուն մուտքը վճարովի էր` 20, 15, 10, եւ 5 ռուբլի, եւ ընդհանրապէս սրահը մի՛շտ լեցուն կ՛ըլլար (1), (2):

2. Յովհաննէս Զարիֆեանին թատերախումբը իրարու յաջորդող օրերուն` առանց դադարի, «միայն» 13 տարբեր հայկական եւ օտար թատերական ներկայացումներ բեմադրած է, սրահը մի՛շտ լեցուն:

Նիկոլ Աղբալեանի դասախօսութեան
ծանուցումը` մուտքով (1), (2)
Զարիֆեանի «միայն» 13 ներկայացումներուն
ծանուցումը (3) առաջին էջ, մեծադիր մանշեթ

Քաղաքակրթութեան բարձրագոյն չափանիշով կարելի է գնահատել «Զանգ»-ի 21 օգոստոս 1918-ի Տ. ստորագրութիւնը կրող «Քաղաքի հնութիւնները» խորագիրով հետեւեալ յօդուածը (4), ուր հեղինակը, հակառա՛կ թուրքերուն եւ թաթարներուն կողմէ հայկական կրօնական, մշակութային եւ այլ կալուածներուն (ցարդ) շարունակուող թալանին, կործանումին եւ հրկիզումին` կը խօսի Երեւանի անխտիր բոլոր տեսակի հնութիւններուն պահպանումին մասին:

«Շատ ժամանակ չէ, որ հայերս սորվեցանք յարգել մեր հնութիւնները: Տակաւին ներկայիս ալ չենք կրնար պարծենալ, թէ հարկաւոր եւ հնարաւոր խնամք կը տանինք մեր պատմութեան թանկագին յիշատակարանները պահպանելու համար (վերանկախութենէն ետք գրեթէ նոյնն է պարագան, ՅՉ): Մեր թուրք հայրենակիցները, ինչպէս կ՛երեւի, այդ կողմէ մեզմէ աւելի անփոյթ են:

«Քաղաքի հնութիւնները», «Զանգ» 21-8-1918

«Կարելի չէ առանց ափսոսանքի նայիլ Երեւանի բերդաթաղին մէջ գտնուող պարսկական տիրապետութեան ժամանակի շէնքերուն ողբալի վիճակին վրայ: Սարդարի պալատը (այժմու «Արարատ» գինիի եւ քոնեաքի գործարանին վայրը, ՅՉ), որ տակաւին 20 տարի առաջ գրեթէ կանգուն էր իր ամբողջական վիճակով, այսօր գրեթէ գետնի վրայէն չքացած է: Մէչիտը (մզկիթը) տակաւին չէ կործանած, բայց եթէ շարունակուի նոյն անխնամ վերաբերմունքը, այդ ալ Սարդարի օրինակին կը հետեւի:

«Քաղաքային վարչութեան պարտականութիւնն է հոգալ իր սահմանէն ներս գտնուող բոլոր ճարտարապետական հնութիւններուն: Իրաւունք ունինք Երեւանի հասարակութիւնը այնքան քաղաքակիրթ համարելու, որ պահանջենք այդ պարտականութեան գիտակցութիւնն ու կատարումը:

«Անշուշտ, բոլորէն առաջ, Երեւանի թուրք համայնքին իրաւունքն ու պարտականութիւնն է յանձն առնել իրենց ազգային հնութիւնները հսկելն ու խնամելը: Եթէ իրենք` թուրքերը մինչեւ այսօր չեն հետաքրքրուած, թող քաղաքային վարչութիւնը դիմէ անոնց ազգային մարմինին, յիշեցնէ եւ առաջարկէ իրենց վրայ վերցնելու այդ ազգագրական հնութիւններուն հոգատարութիւնը: Իսկ եթէ թուրք համայնքը յանձն չառնէ, քաղաքային վարչութիւնը առաջուան անտարբեր վերաբերմունքը պէտք չէ շարունակէ:

Սարդարի պալատը` շուրջ 1900-ին, այժմու Երեւանի «Արարատ» գինիի եւ քոնեաքի գործարանին վայրը*

«Անցեալին տիրող դիւանակալային հալածիչ վարչակարգը (ցարական) վատ աչքով կը նայէր նման «ազգասիրական» քայլերուն. անոնք կը նախընտրէին, որ այդ յիշատակարանները որչափ կարելի է շուտ անհետանան… իսկ այժմ այլեւս այդպիսի արգելք կամ խոչընդոտ չկայ:

«Մենք պէտք է յարգանքով եւ գուրգուրանքով վերաբերինք մեր երկրի բոլոր պատմական յիշատակարաններուն եւ հնութիւններուն` առանց ազգի կամ կրօնի խտրութեան Տ.»:

Ահա 100 տարի առաջ գրուած քաղաքակիրթ դիրքորոշում մը, որմէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պէտք է օրինակ քաղեն: Անոնք մինչեւ այսօր բարբարոսաբար կը շարունակեն փճացնել հայկական կեանքի, մշակոյթի եւ կրօնի բոլոր բնակավայրերն ու կոթողները անխտիր, նոյնիսկ`գերեզմաններն ու խաչքարերը:

«Զանգ»-ի 25 դեկտեմբեր 1918-ի համարին մէջ Գ. Շահինեան «Թատրոն» սիւնակին տակ կ՛արժեւորէ (Գրիգորի) Գէյի «Տրիլպի» թատերախաղը (George du Maurier՛s «Trilby», թէ ինչպէ՛ս Գրիգոր անունը Գէյ եղած է, չհասկցայ) (5).

«Դեկտեմբեր 22-ին (1918) Ջանփոլատեանի թատրոնին մէջ Զարիֆեանին խումբը բեմ հանեց Գէյի «Թրիլպին»:

«Դասական իմաստով, աւելի տաղային, քան թատերական երկ մըն է «Թրիլպին» թէ՛ իր յղացումով եւ մա՛նաւանդ իր կառուցուածքով. այս տեսակէտէն «Թրիլպի»-ի ներկայացումը պէտք է անյաջող համարել:

Գ. Շահինեանի թատրոնի մասին յօդուածը «Զանգ», 25-12-1918

«Սուինկալին` (հերոսը` քնաբշտիկ, հիպնոս, ՅՉ) Շահխաթունին, միակն էր այդ ներկայացումի դերակատարներէն, որ պատուով դուրս եկաւ: Շահխաթունին իրապէս լիրիք (քնարային) Սուինկալի էր, եւ շատ աւելի ուժեղ կ՛ըլլար անոր խաղարկութիւնը, եթէ թատերախումբը նոյնպէս համակերպէր Շահխաթունիի ըստ ամենայնի արուեստագիտական խաղարկութեան:

«Ո՛չ Պիլլին եւ ո՛չ ալ Թրիլպին (հերոսուհին) Շահխաթունիի դերին արժանաւոր խաղակիցները եղան, մանաւանդ` Պիլլին:

«Թրիլպին` տիկին Արաքսը, ցուցադրեց ձեւերու եւ դէմքի արտայայտութիւն, սակայն` առանց ներքին ապրումի, հակառակ անոր որ Թրիլպին շատ աւելի թատերական պահեր ունի թատերախաղին մէջ:

«Տիկնոջ դերակատարութիւնը չյաջողեցաւ:

«Տիպար եւ բոլորովին գոհացուցիչ էր Անդրանիկը:

«Շահխաթունեանը երկար ժամանակ է, որ դերասանութենէն դադար յայտարարած էր, ուրեմն հնարաւորութիւն չունէր հոգեբանական, բեմական մարզանքի, սակայն այդ դադարը հասունցուցած է զինք` իբրեւ արուեստագէտ: Շահխաթունին մի՛այն արուեստագէտ է:

«Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ Զարիֆեանին խումբը օտար հեղինակներէն սկսած է իր ներկայացումները, որ նոյնիսկ ձեւականօրէն ցանկալի չէ, եթէ աւելին չըսենք:

«Դահլիճը (թատրոնը) լեցուն էր, (ան)կարգապահութիւնը` օրինակելի:

Գ. Շահինեան»

Արշաւիր Շահխաթունի*                                                                Բեմադրիչ-դերասան Յովհաննէս Զարիֆեան*

Դժբախտաբար այդ թուականներուն յատուկ, վատ սովորութիւն դարձած` կրկի՛ն թերի թղթակցութիւն մը, ուր անձերուն` դերասաններուն լրիւ անունները նշուած չեն, այլ միայն` անունը կամ մականունը: Գովաբանուած դերասանը հաւանաբար Արշաւիր Շահխաթունին է, որ դերասանութիւն ուսանած, արհեստավարժ առաջին հայ շարժապատկերի դերասանն էր, սակայն այդ թուականին ան Երեւան նահանգի զինուորական հրամանատարն (պարէտ) էր: Արդեօք ան իր բազմազբաղ առօրեային մէջ, մինչեւ առաւօտեան ժամը 3 գործի վրայ, ժամանակ գտա՞ւ դեր ստանձնելու… հաւանաբար, քանի որ դժուար թէ նոյնանուն այլ վարժ դերասան մը գոյութիւն ունենար:

Իսկ գլխաւոր առեղծուածը, որուն մասին նախապէս անդրադարձած էի (տես (6), որ տակաւին յստակեցումի կը կարօտի, առաջին խորհրդարանին վայրն է. ըստ Սիմոն Վրացեանի, այդ «Քաղաքային ակումբ»-ն էր, եւ որեւէ տեղ չէ յիշուած, որ այդ վայրը նախապէս թատրոն էր` բացի աղբիւրէ մը, որ կը նշէ, թէ այդ նախկին «Բունիաթեան թատրոն»-ն էր: Ինչո՞ւ Վրացեան այդպէս չ՛անուաներ…Անուղղակի կերպով շարք մը լուրերէն կը հասկնանք, որ «Քաղաքային ակումբը» թատրոնի յարմարութիւն ալ ունեցած է եւ երկրորդ` կառավարութեան եւ խորհրդարանին համար միատեղ, նոր շէնք կառուցուած է: Առաջինը` «Յառաջ», 3 հոկտեմբեր 1919 (7) եւ երկրորդը` 9 սեպտեմբեր 1920 (8).

«Հանրային կրթութեան նախարարութիւնը դիմած է խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի Ջանփոլատեանի թատրոնը վերանորոգուի եւ խորհրդարանը այնտեղ տեղափոխուի, իսկ այժմու խորհրդարանի շէնքը` իբրեւ Երեւանի մէջ միակ յարմար վայրը, ազատեն` գեղարուեստի ծառայելու համար» (7):

Ջանփոլատեան թատրոնը վերանորոգելու եւ խորհրդարանը հոն փոխադրելու առաջարկ
Խորհրդարանի նոր շէնքին մասին:

«Թատերական խումբը, Յ. (Յովհաննէս) Զարիֆեանի ղեկավարութեամբ եւ դերասանուհի տ. (Օլկա) Մայսուրեանի ու պ. (Յովհաննէս) Աբէլեանի մասնակցութեամբ, Գիւմրի կը մեկնին ուր քանի մը օրէն (սեպտեմբեր 1920-ի կէսին) թատերական նոր շրջան կը սկսի:

«Խումբը Երեւան կը վերադառնայ նոյեմբեր 1-ին (1920), եթէ խորհրդարանի հին շէնքին բեմը ազատ ըլլայ եւ խորհրդարանը նոր շէնք տեղափոխուած ըլլայ» (8):

Ո՞վ էր Ջանփոլատեանը: «1903-ին Եսայի Ջանփոլատեան (աղի հանքերը արտահանող մեծահարուստ գործարար, ՅՉ) գնած է Երեւանի առաջին պետական գաւառական ուսումնարանի շէնքը, իսկ 1906-1907-ին Է. Տէր Գրիգորեանի ջանքերով անիկա վերակառուցուած է` դառնալով թատրոնի ու շարժանկարի շէնք: «Իլիւզիոն» շարժանկարի թատրոնը, որ երեւանցիներուն աւելի յայտնի էր Ջանփոլատեանի թատրոն անունով, կը բացուի 1907-ի փետրուար 20-ին: Հոն ելոյթ ունեցած է Կոմիտաս` իր «Գուսան» երգչախումբով: Հիւրախաղերով հոն կու գային բազմաթիւ թատերական խումբեր` Թիֆլիսէն, Պաքուէն, Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն: 1913-ին Երեւանի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, հոն բեմադրուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան` երաժիշտին մասնակցութեամբ» (9):

Ջանփոլատեանի կողքին, մամուլին մէջ կը նշուի միայն «Ապոլլօ» թատրոնը, իսկ հանրային հանդիսութեան վայրեր` «Քաղաքային ակումբ»-ը, «Ամառային ակումբ»-ը եւ «Ինքնավարութեան դահլիճ»-ը, որ հաւանաբար քաղաքապետարանի սրահն է:

10 Փետրուար 2019
Շար 1.

————————–

*Ծանօթ. Նկարները յօդուածէն չեն, այլ աղբիւրներէ առնուած են:

(1) «Յառաջ» Ա. տարի, թիւ 68, 13 դեկտեմբեր 1919, Երեւան, էջ 1:

(2) https://www.aztagdaily.com/archives/415832

(3) «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 157, 27յուլիս 1920, Երեւան, էջ 1:

(4) «Զանգ» Բ. տարի, թիւ 47, 21 օգոստոս 1918, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 3:

(5) «Զանգ» Բ. տարի, թիւ 84, 25դեկտեմբեր 1918, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 4:

(6) https://www.aztagdaily.com/archives/394749«1918-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Յուշագրութիւնները Եւ Համացանցին Մէջ Հանդիպած Մամլոյ Եւ Այլ Յօդուածներու Կարգ Մը Վրիպումները»:

(7) «Յառաջ» Ա. տարի, թիւ 11, 3հոկտեմբեր 1919, Երեւան, էջ 2:

(8) «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 194, 9 սեպտեմբեր 1920, Երեւան, էջ 3:

(9) http://azator.gr/?p=10810

 

Նախորդը

Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (2)

Յաջորդը

«Նորեկը»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?