Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրինակելի Միութենականը

Ապրիլ 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ՏՈՒԶՄԱՆԵԱՆ

Անցնող տասնամեակներուն անդրադառնալով`  կարելի չէ Այնճարի տիկնանց միութեան գործունէութեան մասին խօսիլ` առանց յիշելու երէցկին Արփինէ Գարագաշեանին անունը:  Այնճարի Տիկնանց միութիւնը, որ կը տարբերի Լիբանանի թեմի միւս եկեղեցիներէն` իր միութենական կառոյցով եւ ոչ թէ յանձնախմբային հասկացողութեամբ, ինքնին յատկանշական երեւոյթ է: Երիցուհին` Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին հետ, 1970-ին եղած է հիմնադիր անդամ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան: Սկզբնական տարիներուն եղած է վարչութեան ատենապետ եւ խումբ մը կիներու հետ նուիրուած է եկեղեցւոյ բարեզարդման ու պայծառացման աշխատանքին: Յաջորդաբար, տարիներու ընթացքին, միութիւնը գործած է անոր բծախնդրութիւն ներշնչող խորհուրդներով եւ ցուցմունքներով:

Տասնեակ տարիներու վրայ երկարող ծառայողական ներկայութեամբ եւ  սկզբունքային, արդար ու գործունեայ միտքերով միութեան գործուն մասնակիցը եւ միաժամանակ մղիչ ուժը կը հանդիսանար` վայելելով իր գործակիցներուն սէրն ու յարգանքը: Երիցուհին իր անձնական օրինակով գործունեայ մասնակիցն էր միութենական բոլոր տեսակի աշխատանքներուն: Ան իր անհատական մասնակցութեամբ ներկայ էր եկեղեցւոյ մաքրութեան, նշխարի, մասի պատրաստութեան, ձեռնարկներու տոհմիկ ուտելիքներու պատրաստութեան, ներկայ էր նաեւ  ժողովներ վարելու ու կազմակերպչական բոլոր տեսակի աշխատանքներու մէջ:  Իր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը մեզի ուժ եւ կորով կը ներշնչէին եւ կը մղէին աշխատելու:

Երիցուհիին նպատակն էր յաճախ կազմակերպել այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին: Ան իր հետաքրքրական գաղափարներով եւ նորանոր միտքերով հարստացուց մեր միութենական գործունէութիւնը:

Կ՛արժէ յիշատակել Տիկնանց միութեան նախաձեռնած տօնավաճառները, որոնք կը կազմակերպուէին Մուսա Լերան հերոսամարտի նախօրեակին: Տիկինները օրերով կ՛աշխատէին ու կը պատրաստէին աւանդական անուշեղէններ եւ հացեր: Այս փորձառութեան լոյսին տակ եւ իր սիրալիր քաջալերանքով տիկինները լծուեցան պատրաստելու տոհմիկ ճաշերու գրքոյկ մը: Տակաւին մեր յիշողութեան մէջ ամրագրուած են այն քաղցրիկ օրերը, երբ տիկինները կը պատրաստէին համադամ ճաշեր, միատեղ, սեղանի շուրջ, կը ճաշակէին իրենց պատրաստածը, կարծիքներ կը փոխանակէին, մասնագիտական մօտեցումով գիրքին մէջ  ներկայացուելիք բաղադրատոմսերը կ՛եզրակացնէին եւ, այսպէս, ջերմ մթնոլորտի մէջ, ամէն ջանք կ՛ընէին` գիրքը հասցնելու տպագրութեան: Իր գաղափարներէն էր նաեւ տօնավաճառի առիթով մը պատրաստուած անուշեղէններու նկարահանումը, որուն օգտագործումով հարստացաւ մեր ճաշագիրքը:  2001 թուականին լոյս տեսաւ «Մուսա Լերան եւ Այնճարի տոհմիկ ճաշեր»-ու գիրքը, որ մեծ արձագանգ ձգեց` հասնելով հեռաւոր երկիրներ (Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա եւ այլն):

Իր ուշադրութենէն չվրիպեցան նաեւ Տիկնանց միութեան վարչութեան երէց անդամուհիները, որոնք տարիքի բերումով պիտի դադրէին վարչութեան կազմէն: Անոնք հանգրուանային դրութեամբ երկարատեւ տարիներու վրայ տնային հաւաքներով կը համախմբուէին եւ ընկերային ուրախ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ կը վերյիշէին իրենց երբեմնի գործունեայ պահերը:

Եւ այսպէս, Տիկնանց միութեան հիմնադրութենէն մօտաւորապէս երեք տասնեակ տարիներ ետք,  Արփինէ Գարագաշեանի մտայղացումով յառաջացած է Քառաղբիւր միութիւնը` գիւղի երեք յարանուանութեանց (առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական) եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիներու համախմբումով: Քառաղբիւրին նպատակը եղած է ձեռնարկել համագիւղական բարեսիրական աշխատանքներու եւ կատարել այցելութիւններ` Ազունիէի բուժարան, ՔԱՀԼ-ի ծերանոց, Թռչնոց բոյն եւ այլն: Քրիստոնավայել ազնուութեամբ ընդգծուած այս այցելութիւններով տիկիններ յաջողած են ժպիտ պարգեւել ծերերուն, անկարներուն, հիւանդներուն, կարիքաւորներուն եւ անոնց համար ստեղծել հաճելի պահեր, մտերմիկ մթնոլորտ, ինչ որ օրին խորապէս գնահատուած է Ազգային առաջնորդարանին եւ ընդհանրապէս հանրութեան կողմէ:

Երէցկին Արփինէ իր նկարագրով եւ գործելաոճով յաճախ կը տպաւորէր զինք շրջապատող տիկինները: Չենք կրնար մոռնալ իր խօսքերը. «Երբ ճամբայէ մը քալէք եւ գետին նետուած թերթիկ մը տեսնէք, մի՛ անտեսէք, վերցուցէք, նայեցէք, կարդացէք եւ անպայման բան մը կը սորվիք: Երբ վարչութեամբ այցելութիւն տանք ընտանիքի մը ուրախ կամ տխուր առիթներով, դիտեցէք եւ տեսէք, թէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք եւ անհատ  իր ինքնուրոյն կազմուածքով, բարքերով ու նկարագրով, ըլլայ աղքատ կամ հարուստ, անուս թէ ուսեալ, մեզի բան մը կը սորվեցնէ»:  Իրմով հասկցանք, որ սորվիլը պէտք է վերածենք առօրեայ նպատակի, եւ երբեմն թերեւս աննշան խօսք մը կրնայ մեզի շատ բան սորվեցնել: Իր լաւատեսութեամբ կը համակէր շրջապատը եւ կը յորդորէր, որ միշտ սիրենք եկեղեցին եւ մեր կեանքը իմաստաւորենք Աստուածաշունչի  իսկ խօսքերով.  «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ՛ունենար…»: Փափաքած է շրջապատին մէջ տեսնել եւ ապրիլ սէրը, իբրեւ սկզբունք, իբրեւ շնորհ եւ բարձրին առաջնորդող լուսաւոր ուղի:

Հպարտ ենք քեզմով, սիրելի՛ երէցկին, խորիմաստ խորհուրդներդ, անսակարկ նուիրումդ եւ անթառամ յիշատակներդ ուղեցոյց են մեզի` մեր առօրեայ մտածումներուն եւ գործերուն մէջ: Թող քու  միութենական կեանքի պատմութիւնդ եւ նուիրեալ մասնակցութիւնդ օրինակ ծառայեն մեզի բոլորիս:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ:

 

 

Նախորդը

Յիշելով` Լուսահոգի Երէցկին Արփինէ Գարագաշեանը

Յաջորդը

Մօրս Պատգամը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?