Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 41. Յարգա՛նք Քեզ` Լիբանանահայութիւն

Ապրիլ 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սիրելի՛ հայորդի,

Վարձքդ կատա՛ր եւ երթդ ըլլայ մի՛շտ այսպէս` հպա՛րտ ու առինքնող: Դուն մի՛շտ ալ արժանի դարձած ես գնահատանքի, որովհետեւ ոչ մէկ ատեն զլացած ես քու անսակարկ մասնակցութիւնդ ու աշխատանքդ` ի խնդիր մեր ժողովուրդի անկատար տենչերու իրականացման ու Հայ դատի հետապնդման պայքարի նուիրական յաղթանակին:

Դուն մի՛շտ զարմացուցած ես բոլորը եւ հպարտ ու հաստատակամ եկած ես «Ներկա՛յ»-դ արձանագրելու հոն, ուր կարիքը կայ հայութեան ձայնը ամրօրէն լսելի դարձնելու ու հայկական գործօնը աւելի գերակշռող պահելու: Քու այս գիտակցական մօտեցումովդ նուաճած ես քաղաքական ու գաղափարական բարձր գիտակցութիւն եւ լիբանանահայ համայնքին տուած իւրայատուկ նկարագիր: Դուն հաւատացած ես, որ լիբանանահայութիւնը է՛ ու կը շարունակէ մնալ հզօր ջահակիր Հայ դատի պահանջատիրական երթին: Կեդրոնական այս գաղութին դերն ու նշանակութիւնը արմատացուցած ես քու հոգիիդ ու մտածումներուդ մէջ եւ ոչ մէկ օր անտարբեր ու կրաւորական մօտեցում ցուցաբերած ես ու խուսափած մեր հաւաքական կեանքի պահանջած պատասխանատուութենէն:

Դուն ըմբռնած ես պատմական այն խոր ճշմարտութիւնը, թէ ինչքան ալ ձախէն ու աջէն փչող հողմերը հասնին քեզի ու քու սիրելի համայնքիդ, թէ ինչքան ալ մարդիկ փորձեն քեզ օտարացնել քու հարազատ ակունքներէդ, քու հայկականութենէդ եւ քու գաղափարական դաւանանքէդ, դուն շարունակած ես մնալ չխորնարհող ու հպարտ կաղնիի ծառի նման` հաստատ ու կանգուն:

Դո՛ւն` սիրելի՛ հայորդի, շարունակած ես կառչած մնալ մեր հաւաքական կեանքը առաջնորդող քաղաքական կազմակերպութիւններուն, համայնքային կառոյցներուն եւ միութիւններու կողքին` վստահելով անոնց նպատակներուն, տեսլականներուն ու առաջադրանքներուն: Ճիշդ է, երբեմն պատահած է, որ կարգ մը հայորդիներ խոյս տուած են, մոլորած են եւ զոհը դարձած իրենց անհատական նեղմիտ ակնկալութիւններուն ու փառատենչ մոլութիւններուն, բայց այդ թիւը եղած է միշտ նօսր ու նաեւ դո՛ւն, քու ամրակուռ կեցուածքովդ եւ տիպարային ներկայութեամբդ շատ յաճախ կարգի ու զգաստութեան հրաւիրած ես բոլորը:

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլին, անսալով կոչին ու հարազատ մնալով քու խղճի ձայնիդ, եկար անգամ մը եւս ապացուցելու, որ դուն անբիծ պահած ես քու ազգային մարտնչող նկարագիրդ եւ ամբողջական վստահութիւնդ` Հայ դատի պահանջատիրութեան ջահը վառ պահող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գործին ու առաքելութեան հանդէպ: Եւ այս մէկը երբեք զարմանալի չէ, որովհետեւ դուն շատ յաճախ առանց կուսակցութեան մը անդամագրուելու պատրաստ գտնուած ես տալու ասկէ աւելին, տալու նոյնիսկ թանկագինդ:

Քու այս օրինակելի կեցուածքդ կը շարունակէ մնալ մեզի` ընդհանուր գործը համակարգող ու հետապնդող կուսակցութեանց շարքային անդամներուս համար պարտաւորեցնող հանգամանք, որովհետեւ նոյնինքն քու կեցուածքդ մղած է մեզ ընդարձակելու մեր աշխատանքը եւ աւելի ամրօրէն, անկեղծօրէն, հաւատարմօրէն  ու անշահախնդիր կերպով կառչած մնալու մեր հաւաքական նուիրական գործին ու պայքարին: Վա՛յ մեզի եւ հազար ամօ՛թ, եթէ դոյզն շեղում արձանագրենք մեր այս ճանապարհէն-վստահաբար այն ատեն  պիտի հանդիպինք նաեւ քու զգաստացնող վերաբերմունքիդ:

Մենք միասին ենք, ու մեր ճամբան տակաւին երկար է, իսկ մարտահրաւէրները` բազմաթիւ. սակայն տեղատուութիւնն ու յուսալքումը միշտ կը մնան մեր երթէն հեռու ու մեր  հաւաքական կեանքի լուսանցքին վրայ, որովհետեւ կաս դո՛ւն, ու մեր անկոտրում կամքին ու վճռականութեան կողքին կանգնած ես անկեղծ զինուորի լիիրաւ ըմբռնումով եւ հայութեան տենչերը իրականացած տեսնելու ամբողջական հաւատքով: Դուն մի՛շտ ալ հեռու կը վանես այն բոլոր թունաւոր ու հայավնաս սովորոյթներն ու մոլութիւնները, որոնք կրնան խոչընդոտել մեր երթը:

Յարգա՛նք քեզ եւ թող հայկականութիւնը, հայրենիքը, Հայ դատը եւ ընդհանրապէս մեր գոյերթը շարունակեն մնալ քու «ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ»-դ. անշուշտ այս բոլորի կողքին քու կեցուածքդ կը հզօրացնէ բոլորս եւ լիբանանահայ համայնքը` շնորհիւ նաեւ քեզի՛, կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնն ու ուժականութիւնը:

Այսպէ՛ս քալած ենք անցեալին, այսպէս քալեցինք այսօր եւ վաղը դարձեալ նոյն վճռակամութեամբ ու տեսիլքով պիտի քալենք միասնաբար եւ հաւաքաբար ապրինք մեր յաղթանակներու բերկրանքը, հպարտանանք մեր հայկական պատկանելիութեամբ ու ինքնութեամբ ու գօտեպնդուինք մեր հաւաքական նուաճումներով:

Վարձքդ կատա՛ր հայորդի, մենք բոլո՛րս, միասնաբար` հաւատարմօրէն կառչած մեր ակունքներուն, արդարօրէն կրնանք ըսել, որ ՄԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Ե՛ՆՔ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Ապրիլ 2019)

Յաջորդը

Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Պատգամ. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակէն 105-ամեակ` Խիտ Շարքերով Պիտի Շարունակենք Քալել…

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?