Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր ` Մահէն Դէպի Կեանք Ընթանալու
Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5): Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան եւ, հետեւաբար, առանցքը` քրիստոնէական հաւատքին: «Մահ»-ը աստուածաշնչական հասկացողութեամբ սոսկ ֆիզիքական գոյութեան վախճանը չէ. այլ Աստուծմէ հեռացում է, մեղքերու տիրապետութեան ենթակայ ըլլալ է: «Կեանք»-ը Աստուծոյ ներկայութիւնն է, մարդուն հաւատարմութիւնն է...




















