Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ` Թրքական «Ենի Աքիթ» Օրաթերթի Խմբագրութեան Եւ Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Հրդեհէն Ուրախացող Թուրքերուն

April 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ես անկեղծօրէն չզարմացայ` «Ազդակ»-ին մէջ կարդալով «Թրքական մամուլը կը ցնծայ Նոթր Տամի մոխիրներուն վրայ» առաջին էջով տրուած լրատուութիւնը:

Ճանչնալով թուրքերը եւ գիտնալով իրենց անցեալը` «բնական» կը գտնեմ թուրքերու այս վերաբերումը: Մենք դրացիներ եղած ենք դարերով, սակայն բոլորովին տարբեր ազգեր ենք: Որեւէ նմանութիւն չունինք պարզ այն պատճառով, որ մենք ապրած ենք մեր հայրենիքին մէջ (հազարաւոր քիլոմեթր իրենցմէ հեռու), մինչ իրենք եկած ու տիրացած են ուրիշներու հողերուն եւ հիմնած` իրենց օսմանեան  ոճրագործ կայսրութիւնը: Թուրքերը մոռցած են, որ իրենք Մոնկոլիայէն եկած են եւ չեն կրնար ջնջել իրենց վայրենի բնազդը, որ ժառանգական է:

Ահաւասիկ այս տարբերութեան պատճառով է, որ հայը կը նեղուի, երբ եկեղեցի մը  կամ մզկիթ մը քանդուի, որովհետեւ այդ երկու կառոյցներն ալ Աստուծոյ (Ալլահին) տուներն են:

Հայուն համար աղօթքի վայրը սուրբ է, բայց այդպէս չէ թուրքերուն համար, որոնք 1915-1918 թուականներուն քանդեցին Աստուծոյ աւելի քան 2000 տուներ (հայկական  եկեղեցիներ եւ վանքեր) խղճի ամենայն հանգստութեամբ:

Դեռ կայ աւելին. թրքական պետութիւնը իր նախագահ Էրտողանով կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ամբողջ աշխարհը գիտէ պատահածին մասին: 29 պետութիւններ ընդունած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց եկո՛ւր տես, որ Թուրքիոյ նախագահը անտեղեակ է եղածէն եւ կը շարունակէ պնդել, որ թուրքերը ցեղասպանութիւն չեն գործած:

Այս բոլորը անշուշտ  կարելի չէ ներել, եւ իրենք ստիպուած` օգնականներու պէտք պիտի ունենան իրենց սուտը տարածելու համար:

Համոզումս այն է, որ միայն իրենց ոճրագործ   նախահայրերը, որոնք դժոխքի կրակներուն մէջ կ՛այրին, կրնան իրենց օգնութեան հասնիլ դժոխքէն:

Թուրքիոյ նախագահը եթէ կ՛ուզէ յարգուած ըլլալ,  եւ մարդիկ լուրջի առնեն զինք, պէտք է օրինակ առնէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ ապրիլ 24-ը յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Վերջապէս, ո՞վ կրնայ «շողացող աստղին վարագոյր քաշել»:

Հասկցողին` շատ բարեւ:

Անշուշտ երբեք պէտք չէ մոռնալ ժողովրդային առածը `

«Խեւին խրատն ի՞նչ անի,

Սեւին սապոնն ի՞նչ անի»:

 

18 ապրիլ 2019,  Այնճար                                

Նախորդը

Մօրս Պատգամը

Յաջորդը

«Խենթեր»-ու Փնտռտուքով

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.