Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղօթք»` Հօրս Յիշատակին

Յունիս 15, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

Ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ ալ չկաս, ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ ձեռքդ ուսիս պիտի չըլլայ ա՛լ: Դուն գիտե՛ս, թէ որքան կը սիրեմ քեզ, խօսիլն իսկ աւելորդ է: Այսօր` քառասուն օր ետք, տակաւին դէմքդ եւ մանաւանդ ժպիտդ աւելի կը պայծառանայ մեր աչքերուն առջեւ, մեր սրտերուն մէջ:

Բայց գիտեմ, թէ ամէն ծնունդ ունի իր վախճանը, հետեւաբար կեանքին իմաստը պէտք է փնտռենք իր թողած մարդկային բարոյական կերպարին մէջ: Ի՞նչ էր անոր կեանքին իմաստը եւ անկէ բխած պատգամը:

Հայրս` Աւօ Տէր Ստեփանեան, ծնած էր Եթովպիա եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած Պէյրութ` անդամակցելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ հոն ոգի ու նկարագիր կազմած:

Գաղափարի եւ նուիրումի տէր անձ մը, որ ժրաջան աշխատող էր նաեւ: Իր գործին մէջ եղած էր յառաջադէմ եւ իր ազնիւ դրոշմը դրած հոն, ուր որ գտնուած է. համեստ, ծառայասէր եւ պարտաճանաչ: Լաւ ընկեր էր, գիտէր մարդոց ուրախութիւն պարգեւելու գաղտնիքը:

Ընթերցասէր էր եւ հաճելի զրուցակից: Վերջին տարիներուն, երբ տկարացած էր, առողջութիւնը դաւեց իրեն, սակայն մնաց միշտ դրական եւ քաջակորով խանդավառութեամբ: Հայասէր էր,  պողպատէ համոզումներով մինչեւ վերջին շունչ:

«Ազդակ»-ը իր ամէնօրեայ հացն էր, երբ քիչ մը ուշանար ցրուիչը, կ՛ըսէր եղբօրս, «Հեռաձայնէ՛, ինչո՞ւ ուշացաւ»: Կը կարդար թերթը ծայրէ-ծայր, յետոյ յատուկ յօդուածներ կը յանձնարարէր, որ կարդամ: Կ՛ըսէր.  «Կարդա՛…, շատ պիտի սիրես»: Կամ, «Այսօր ընկերուհիդ` Նորան շատ աղուոր յօդուած մը ունէր, ըսէ իրեն շատ սիրեցի»:

Սակայն` իր կեանքին մէջ շատ մեծ սէր մը ունէր եւ այդ ալ մարզանքն էր: Մարզասէր էր միշտ: Բոլոր մարզաձեւերուն կը հետեւէր մեծ հետաքրքրութեամբ:

Իր կեանքի բոլոր փուլերուն մարզանքը եղած էր անբաժան մասնիկ մը. տան մթնոլորտը եւ նիւթերը մարզանք կը բուրէին: Անշուշտ ՀՄԸՄ-ի մեծ համակիր էր: Թենիսն ալ իր կարեւոր տեղը ունէր մեր տան մէջ: Բոլոր մեծ սաղաւարտները կը գրաւէին մեր առօրեան: Մենք ալ կը հետեւէինք մեր հօր հետ: Յունուարէն սկսելով` Աւստրալիոյ բաց առաջնորդութեան, ապա Ռոլան Կարոսի, Ուիմպըլտըն մրցաշարքին եւ Միացեալ Նահանգներու բաց առաջնորդութեան:

Բայց ֆութպոլը ուրիշ բան էր, մանաւանդ` Անգլիոյ ազգային խումբը եւ ի մասնաւորի Անգլիոյ «Լիվըրփուլ» խումբը:

60 տարիներ շարունակ այս խումբին երկրպագուն ըլլալով` կը հետեւէր «Չեմփիընզ լիկ»-ին եւ անգլիական առաջին լիկային մե՜ծ, շա՛տ մեծ խանդավառութեամբ:

Սակայն այս տարի յատկանշական էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը: «Լիվըրփուլ»-ը պէտք էր «Պարսելոնա»-ի դարձի մրցումին յաղթէր 4- 0 արդիւնքով, որպէսզի հասնէր աւարտական փուլ, ինչ որ գրեթէ անկարելի էր. «ռեմոնթատա» պէտք էր ընէր «Լիվըրփուլ»-ը: Բայց հօրս մահուան նոյն օրն իսկ` մայիս 7-ին, «Լիվըրփուլ»-ը ըրաւ «ռեմոնթատան»` 4-0 յաղթանակով: Իսկ յունիս 1-ին, դարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան` 6-րդ անգամ ըլլալով յաղթելով «Թոթենհամ»-ին` 2-0 արդիւնքով:

Ցաւօք սրտի մեր հայրը չկրցաւ  տեսնել լիվըրփուլեան բացառիկ յաղթանակը:

Իբրեւ շօշափելի յիշեցում իր քաղցր ներկայութեան` հետեւեցանք բոլոր խաղերուն եւ պիտի շարունակենք հետեւիլ:

Սիրելի՛ հայր,

Բարի հոգիդ ու քաղցր յիշատակդ կը մնան մեր սրտին մէջ առյաւէտ:

Քեզ դիտելով` սորվեցանք, որ մարզանքը կ՛ազնուացնէ հոգին, դրական ազդեցութիւն կու տայ հասարակութեան: Մեծ տարբերութիւն կը բերէ փոխյարաբերութեան, դաստիարակութեան, եւ ամենակարեւորը այն է, որ խաղին եզրափակիչ արդիւնքը չէ հիմնականը, այլ ուղին է, որ դէպի յաղթանակ պիտի տանի: Առաւել` մարզական խաղերուն մէջ ամէն բան կարելի է: Արդեօք կեանքի մէջն ալ նոյնը չէ՞: Իւրաքանչիւր օր նոր առիթ մըն է եւ նոր սկիզբ մը…

Յաւերժ լոյս եւ խաղաղութիւն, մարզասէ՛ր հայր:

Խունկ ու աղօթք քու աճիւններուդ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արժանաւոր ՀՄԸՄ-ական, Ուսուցիչ Եւ Դաստիարակ Սամուէլ Պոյաճեանի Յիշատակին (Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արժանթինի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?