Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մտաւորականութեան Խօսքը

Յունիս 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենի լրատուադաշտը, նոյնիսկ քաղաքական դաշտը ողողած անպատշաճ որակումները, հայհոյանքներն ու բարոյական արժէքներու դէմ ուղղորդուած արշաւը որակազրկելու սկսած են ոչ միայն լրատուադաշտը, այլեւ թափանցելով հասարակութեան մէջ` փոխադարձ մերժողականութեան անկառավարելի ալիք մը սկսած են բարձրացնելու:

Այս դատապարտելի երեւոյթը պահ մը մտածել կու տայ, թէ ո՞վ կը շահի այս խեղկատակութենէն: Ինչո՞ւ մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմաց ցցուող իսկական հարցերէն, մարտահրաւէրներէն ու անոնց լուծումներուն ուղղուած գործընթացներէն կը շեղի հասարակութեան ուշադրութիւնը: Ինչո՞ւ հասարակութիւնը կը ներքաշուի խելակորոյս յորձանուտի մը մէջ, որ ոչ մէկ կապ ունի խօսքի ազատութեան, կառուցողական քննադատութեան հետ, ուղղուած չէ, բնականաբար, սրբագրելու այս կամ այն երեւոյթը, շինիչ առաջարկներ ներկայացնելու եւ հարցեր լուծելու: Ընդհակառա՛կն, անվստահութեան այս մթնոլորտը կը ստեղծէ այնպիսի պայթիւնավտանգ իրավիճակ, որ ինքնաբերաբար կը դանդաղեցնէ երկրի յառաջընթացին ու անվտանգութեան պահպանման ուղղուած լուրջ ջանքերը:

Մտահոգիչ այս երեւոյթին դիմաց, սակայն, ինչո՞ւ լուռ կամ զգուշաւոր կը մնայ մտաւորականութեան նկատառելի մէկ տոկոսը: Ինչո՞ւ վերջին տարիներուն մամուլը, յատկապէս` ոչ աւանդական, վերածուած է սոսկ լրատուամիջոցի, քաղաքական պայքարի գործիքի, ու զգալի համեմատութեամբ նուազելու սկսած են առաջնորդող յօդուածները, գաղափարական քննարկումները, պատկերասփիւռային առողջ բանավէճերն ու մտային այն ճիգը, որով կը փորձենք խօսիլ գործի մը խորքին, արժանիքներուն եւ թերութիւններուն մասին:

Արդիական միջոցներու կիրարկումը չի պայմանաւորուիր խօսքի որակական անկումով: Երբե՛ք: Ընդհակառա՛կն, համացանցն ու հաղորդակցութեան տարբեր միջոցները խօսքի բեմը դառնալու են նաեւ մտաւորական այն խաւին, որ անկախ իր քաղաքական ուղղուածութենէն` ճշգրիտ մատնանշումներով կ՛ակնարկէ թերութիւններուն, կառուցողական քննադատութեամբ նոր ուղիներ կը բանայ եւ խորքային վերլուծումներով բնականաբար զերծ կը պահէ մամուլն ու հասարակութիւնը անվստահութեան ալիքներէ ու կեանք կու տայ մեր հաւաքականութեան:

Ո՞ւր պէտք է որոնել, ուրեմն, մտաւորականութեան նկատառելի մէկ համեմատութեան լռութեան պատճառը… Ազատ խօսքի կաշկանդումներո՞ւն մէջ, ամէն երեւոյթ քաղաքականացնելու ընդհանրացած ախտի՞ն մէջ, մտաւորականութեան անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չընծայելու նեղմտութեա՞ն մէջ:

Ինչ ալ ըլլան պատճառները, սակայն, ներկայ պայմանները կը թելադրեն լայն տեղ տալ մտաւորականութեան, վերականգնել հայկական լրատուադաշտին առաջնորդող դերը, որպէսզի պահպանուին փոխադարձ հանդուրժողութիւնը, ընդդիմութիւն-իշխանութիւն առողջ երկխօսութիւնը, եւ մենք բարի նախանձով չդիտենք յառաջացած երկիրներու մէջ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու զրոյցներն ու հասարակութեան մը հաղորդակցութեան որակը բնորոշող զուսպ քննարկումները:

Նախորդը

Սարդարապատում Քո Շունչն Ինչի՞ց Է Կտրւում

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?