«Որբացած» Գիրքեր Ընթերցող Կը Փնտռեն
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ցաւալին այն է, որ կօշիկներ ցուցափեղկերու ետին կը ծախուին, իսկ գիրքեր` մայթերու վրայ: ՈՒԻԱՄ ՈՒԱՀԱՊ (Լիբանանցի նախկին նախարար) «Թուիթըր»-եան, այսպէս ըսած, ճռուողիւն մըն է վերեւ յիշատակուածը, որ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց: Լրագրողի մը այն հարցումին, ուղղուած նախարարին, թէ ինչո՞ւ նման գրառում կատարած է, լիբանանցի նախարարը անսեթեւեթ խօսքով կը պատասխանէ. «Միթէ մեր իրականութեան պարզած վիճակը այս չէ՞»: Զանց առնելով թեր...



















