Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Ժխտողականութեան Պատին Վրայ Լուրջ Ճեղք Մը

Օգոստոս 3, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի տարածման եւ թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ լուրջ դերակատարութիւն վերցուցած են թուրք պատմաբաններն ու ակադեմականները: Անոնց թիւը հետզհետէ բազմացաւ անցած տարիներուն ընթացքին, երբ իրար յաջորդող գիրքերով, յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով, յանդգնեցան լոյս սփռել Թուրքիոյ մէջ ծանր թապու նկատուող թեմային շուրջ:

Անոնց մղում տուած է սեփական ժողովուրդը դաստիարակելու եւ երկիրը ժողովրդականացնելու ողջամիտ ձգտում մը, որ միաժամանակ Թուրքիոյ խեղաթիւրումներուն դէմ ահազդու զէնք մը դարձած է հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ` ամենածանր հարուածը հասցնելով թրքական ժխտողականութեան:

«Պատմաբանները թող վճռեն» թրքական պաշտօնական կեցուածքին դէմ, որ շատ անգամներ իր զոհը դարձուց նաեւ օտարազգի լրագրողներ ու քաղաքագէտներ, ազդու պատասխան տուին նոյնինքն թուրք ակադեմականներն ու պատմագէտները, որ թրքական արխիւները պրպտելով` ի յայտ բերին փաստեր, որքան ալ ճիգ տարուած ըլլար անոնք ոչնչացնելու կամ ծածկելու:

Յունական մամուլը վերջին օրերուն լայն տեղ տրամադրեց Թաներ Աքչամի նոր գիրքին մէջ բացայայտուած նամակներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած եւ լաւապէս ուսումնասիրուած ոճրագործութեան փաստը կու տան հանրութեան: Խօսքը կը վերաբերի Արամ Անտոնեանի 1921-ին հրատարակուած գիրքին, ուր տեղ գտած էին օսմանցի պաշտօնեայ Նայիմ էֆենտիի յուշերը: Ան իւրայատուկ ձեռագրով վերարտադրած էր հայերու բնաջնջնման մասին պաշտօնական հրամանագիրներ պարունակող շուրջ 52 օսմանեան փաստաթուղթեր: Անկէ զատ` Նայիմ էֆենտին Անտոնեանին յանձնած էր մօտ 26 փաստաթուղթերու բնօրինակները: Այդ նամակներու լուսանկարներն են, որ հրատարակուած են Անտոնեանի գիրքին մէջ, եւ անոնցմէ երկուքը կը պատկանին Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ կարեւոր դեր ունեցած Պեհաէտին Շաքիրին: Թուրքիոյ համար Հայոց ցեղասպանութիւնը «1915-ի տխուր պատահարներն» են, այսինքն` Ա. Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ հայերու «կորուստը»: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի թրքական գլխաւոր վարկածը կը կեդրոնանայ այն կէտին վրայ, որ տեղահանութեան հրամանէն զատ` ուրիշ հրաման չկայ, ուրեմն հայերը մահացած են պատերազմի բնական հետեւանքով®

Թաներ Աքչամի նոր բացայայտումներով, հիմնայատակ կը փլի թրքական վարկածը, որովհետեւ կը հրատարակուին բնագիր այն հրամանները, որ պետական պաշտօնեայ Պեհաէտտին Շաքիր ուղարկած է «հայերը բնաջնջելու աղտոտ գործը» ստանձնած ուժերուն:

Հելլէն հասարակութիւնը լրջօրէն կը հետաքրքրուի օսմանեան արխիւներու բացայայտման վերաբերող նման գրութիւններուն մասին, որովհետեւ նոյն ձեւով կը փաստուի յոյներուն դէմ կանխամտածուած ծրագիրի կրկնութիւնը: Հելլէն մամուլը` «Քաթիմերինի», «Պոնտոս Նիուզ» եւ այլն, թրքական ժխտողականութեան պատին վրայ մեծ բեկում կը նկատեն բացայայտումները, այնքան ատեն որ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել իր ոճիրը:

Շատ յստակ է: Թաներ Աքչամի բնորոշմամբ, փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի՛ յաջորդականութեամբ կատարուած են հայերու ոչնչացման աշխատանքները:

Պիտի ենթադրէինք, որ Թուրքիոյ ներկայ սերունդին համար աւելի դիւրին պիտի ըլլար ճանչնալ Ցեղասպանութեան փաստը ու առերեսուիլ սեփական պատմութեան մութ էջին հետ: Սակայն կը տեսնենք, թէ որքա՛ն ալ փոխուին սերունդները, որքան ալ Թուրքիոյ ժողովուրդին մեկուսացումը սահմանափակուի, եւ համացանցի դիւրութիւնները մարդոց հրամցնեն աշխարհը ցնցող նորութիւնները, որքան ալ թուրք հասարակութեան բազմակարծիք համակարգը լուրջ արգելքներ յարուցէ հին կարծրատիպերուն դէմ, այսուհանդերձ, մէկ բան անփոփոխ կը շարունակէ մնալ թրքական պետութեան մէջ: Այդ ալ թրքական ընկերութիւնը տառապեցնող թապուներն են, որոնցմէ լրջագոյնը` Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի ընդունումը եւ անոր հետեւանքներուն ստանձնումն է:

Թող ըլլան փորձեր «հասկնալու» համար ոճրագործ այդ միտքերուն յղացումները, թող փնտռուին «արդարացումներ» ոճրագործներուն համար:

Փաստը մէկ է, եւ թրքական պատմական արխիւներուն մէջէն է, որ կը բացայայտուի նոյնինքն թուրք պատմագէտներուն կողմէ:

 

 

 

Նախորդը

Հրանդ Տինք Եւ Մեսրոպ Պատրիարք

Յաջորդը

Կլատիս Պերեճիքլեան Յոյսով Է` Աւստրալիան Մօտ Ապագային Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?