Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլատիս Պերեճիքլեան Յոյսով Է` Աւստրալիան Մօտ Ապագային Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Օգոստոս 3, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Արմէնփրես»-ի Հարցազրոյցը Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանի Հետ

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը չորրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի Հայաստան: Այս անգամ այցը անձնական է, սակայն հանդիպումներ կայացած են Հայաստանի վարչապետին եւ նախագահին հետ: Armenpress.am-ը Կլատիս Պերեճիքլեանին հետ զրուցած է յառաջիկայ ծրագիրներուն, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի հայ համայնքին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ նիւթերու մասին: Հարցազրոյցը կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած.

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Տիկի՛ն Պերեճիքլեան, 2019 մարտ 23-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք` դարձաք նահանգի առաջին հայ եւ կին վարչապետը: Նիւ Սաութ Ուէյլզը իր մեծութեամբ եւ բնակչութեան քանակով քանի մը անգամ կը գերազանցէ Հայաստանը, իր տնտեսութեամբ կը գերազանցէ նաեւ շարք մը առաջատար երկիրներ: Համագործակցութեան ինչպիսի՞ հեռանկարներ կը տեսնէք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Փոխգործակցութեան ծրագիրներ ունի՞ք, որոնք այս ընթացքին արդէն քննարկած էք Հայաստանի վարչապետին կամ նախագահին հետ:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Ծրագիրները շատ են, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային պիտի կարենանք պաշտօնական մակարդակով հզօր կապեր ստեղծել, որովհետեւ ոչ պաշտօնական մակարդակով մեր սրտերը շատ մօտ են: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի հայ համայնքը շատ հզօր է: Հայ համայնքի անդամները միշտ կ՛ուզեն ոչ միայն այցելել Հայաստան, այլ նաեւ` օգտակար ըլլալ երկրին: Պաշտօնական մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու հարցը շատ լուրջ քննարկեցինք թէ՛ վարչապետին, թէ՛ նախագահին հետ, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային պիտի կրնանք մեր յարաբերութիւններուն պաշտօնական կարգավիճակ տալ:

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստան այցելած էք նաեւ 2013-ին` աւստրալիական քաղաքական գործիչներու պատուիրակութեան կազմով: Այդ այցէն անցած է 6 տարի, ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նկատէք այսօր Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Ասիկա առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելեմ իբրեւ վարչապետ, բայց, ընդհանուր առմամբ, չորրորդ այցն է: Այստեղ ազգականներ ունիմ, եւ միշտ կը փորձեմ գալ Հայաստան: Հայաստանի մէջ նկատած եմ շատ փոփոխութիւններ: Կը կարծեմ` ժողովուրդը աւելի լաւատես է, ապագայի նկատմամբ աւելի յոյսով լեցուած է, շինարարութիւնը բաւական կը զարգանայ, սակայն որոշ հարցեր կան, որոնք ապագային պէտք է լուծուին: Բայց ես լաւատես եմ Հայաստանի նկատմամբ եւ կը զգամ, որ սփիւռքի հայութիւնը միշտ Հայաստանի կողքին կանգնած է:

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ ի՞նչը ձեզ առաւել գրաւած է, եւ ի՞նչը կրնայ գրաւել Նիւ Սաութ Ուէյլզի զբօսաշրջիկները, որպէսզի անոնք ալ այցելեն Հայաստան:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ կը գրաւեն անուշ պատմութիւնը, տեսարժան վայրերը: Հայաստանը աւելի լաւ ձեւով պէտք է մատուցէ իր հարստութիւնները, մանաւանդ` պատմական արժէք ներկայացնող կոթողները: Օրինակ` արեւմտեան աշխարհը, եթէ տեղեկանայ, որ այստեղ գոյութիւն ունին 4-5 դարերու եկեղեցիներ, անոնց մէջ մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջանայ:

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Նախորդ անգամ նաեւ Արցախ այցելած էիք, այս անգամ այդպիսի այց կը նախատեսէ՞ք:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Դժբախտաբար, ո՛չ: Այս անգամ այցը շատ կարճ է, միայն մէկ շաբաթով ժամանած եմ ընտանեկան հարցերով, պէտք է մասնակցիմ հարսանեկան արարողութեան: Բայց ապագային դարձեալ պիտի այցելեմ Արցախ, երկու անգամ այցելած եմ եւ միշտ ընկերներս կը յորդորեմ, որ իրենք ալ երթան: Մօտ ապագային Աւստրալիայէն պատգամաւորական այլ խումբ մը պիտի ժամանէ, յոյսով եմ, որ անոնք պիտի երթան Արցախ:

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հպարտօրէն կը նշէք, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքի թոռնուհի էք, ձեր գործունէութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած էք ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ըստ ձեզի, Աւստրալիան ե՞րբ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան ատոր համար, եւ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէք այդ ուղղութեամբ:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Մեր նահանգը արդէն 20 տարի է` ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, Արցախի անկախութիւնը` նոյնպէս: Մենք յոյսով ենք, որ Աւստրալիան նոյնպէս պիտի ճանչնայ, եթէ Գերմանիան եւ կարգ մը երկիրներ կրնան ճանչնալ, եւ ես միշտ իմ խորհրդարանական ընկերներուն մօտ այդ հարցը կը բարձրացնեմ: Կը յուսամ, որ մօտ ժամանակներս Աւստրալիան նոյնպէս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստանէն դուրս բարձր պաշտօններու շատ քիչ թիւով հայեր կրնան հասնիլ: Ի՞նչ խորհուրդ պիտի տաք սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, որոնք դեռ նոր կը պատրաստուին զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Երկու բան միշտ օգնած է ինծի` հաւատքն ու աշխատասիրութիւնը: Եթէ անընդհատ աշխատիս, ամէն ինչ կրնաս ընել: Ինծի միշտ կը հարցնեն, թէ ի՞նչն է գաղտնիքը, կ՛ըսեմ` գաղտնիք չկայ: Գիշեր-ցերեկ պէտք է աշխատիս եւ պէտք է միշտ լաւատես ըլլաս. այդ երկու բաները շատ կարեւոր են:

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Ապագային աւելի բարձր պաշտօններ զբաղցնելու ծրագիրներ ու նպատակներ ունի՞ք:

ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Ո՛չ, իմ վարչապետի պաշտօնը բաւական է: Սակայն 17 տարի առաջ, երբ խորհրդարանի անդամ դարձայ, բնաւ չէի պատկերացներ, որ օր մը վարչապետ պիտի ըլլամ: Բայց կամաց-կամաց, երբ մէկ յաջողութիւն արձանագրես, կը հասկնաս, որ միւսին եւս կրնաս հասնիլ: Այդպէս հասայ այս պաշտօնին:

Վարեց` ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ
Լուսանկարները` ՏԱԹԵՒ ԴՈՒՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Թրքական Ժխտողականութեան Պատին Վրայ Լուրջ Ճեղք Մը

Յաջորդը

«Ժողովուրդ»-ի Հարցազրոյցը Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան Ղեկավար Արմէն Սարգսեանի Հետ

RelatedPosts

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան
Հարցազրոյց

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?