Յօդուածներ

Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա, Միացեալ Նահանգներ-Իրան. Կա՞ն Արդեօք Նմանութիւններ

Կը Յաջողի՞ Արդեօք Դիւանագիտութիւնը

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի անակնկալ ուղեւորութիւնը Պիարից, ամբողջովին ստուերեց ֆրանսական այս գողտրիկ բնակավայրում ընթացող G7-ի գագաթնաժողովի երկրորդ օրուայ քննարկումներն` ապացուցելով, որ Իրանը եւ Իրանի հետ կապուած իրադարձութիւնները «Մեծ եօթնեակ»-ի քննարկումների առանցքն են կազմում: Զարիֆի այցը Պիարից, անշուշտ վկայում էր այն մասին, որ նախորդ 24 ժամուայ ընթացքում լուրջ քննարկումներ եւ իրադարձութիւններ էին տեղի ունեցել G7-ի գագաթնաժողովում, որոնց...

Սեբաստիոյ «Հրամանատարի Եկեղեցի»-ն Պիտի Նորոգուի

Սեբաստիոյ «Հրամանատարի Եկեղեցի»-ն Պիտի Նորոգուի

«ԱԿՕՍ».- Սեբաստիոյ հինգերորդ Ուսման զինանոցի սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին շուտով պիտի նորոգուի: Երկար ժամանակէ ի վեր այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուէին: 20 օգոստոսին, Սեբաստիոյ կուսակալ Սալիհ Այհանը, եւ զինանոցի հրամանատար Էրթուղրուլ Էրպաքանը այցելեցին եկեղեցի: Կուսակալը այստեղ յայտնեց, որ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը փոխանցուած է քաղաքի վարչութեան, եւ սկսած է վերանորոգման ծրագիրի մշակումը: Արդէն նախագիծ մը պատրաստուած ու վաւերացուած էր յուշարձաններու պահպանման...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Նշում Սուրիա  Գարատուրան Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եզրափակուեցաւ երեքշաբթի, 19 օգոստոս 2019-ին, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,  Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած ս. պատարագով: Օրուան պատարագիչն էր Նարեկ քհնյ. Զերենցեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեանը: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեանը եւ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Արդէն աւելի քան 60 տարի անցեր է Շահան Պէրպէրեանի մահուան թուականէն: 9 հոկտեմբեր 1956-ին, մինչ Պէյրութէն Փարիզ գացեր էր` ամառնային իր արձակուրդն անցընելու ընտանիքին մօտ, սրտի սուր տագնապի մը զոհ կ՛երթար Անթիլիասի դպրեվանքի իմաստասիրութեան անկրկնելի ուսուցիչը` հոգեբան, արուեստաբան ու կրթական երկարամեայ մշակ Շահան Պէրպէրեան, որդին` պոլսահայ մեծանուն դաստիարակ ու Պէրպէրեան համբաւաւոր վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն Ռեթէոս Պէրպէրեանի: Աւելի քան...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Յուշատետր. Դարձեալ Հայկական Առածներու Հետ (10) Օգուտ Չունի Վերջուան Լացը

Ռ. Հ. Իմաստութիւնը երկերես չէ. միայն թէ ան մեզի շարունակ կ՛ըսէ, որ իրմէ դուրս ամէն բան երկու երես ունի: Մարդուն խելքն է, որ իրեն պիտի օգնէ, որպէսզի հասկնայ, թէ սա կամ նա պահուն երկու հակադիր խրատականներէն ո՛ր մէկը պէտք է ընտրէ: Ժամանակը եւ կեանքի առօրեայ պարագաները շատ բան կրնան փոխել սկզբունքներու մէջ: Երէկ պատահեցաւ դէպք մը, եւ ես ընտրեցի զգուշ...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի տեսակապի միջոցով հայրենի «Թերթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ սփիւռքի մէջ կ՛ողջունեն համահայկական օրակարգ ստեղծելու գաղափարը, սակայն ասիկա նոր բան չէ. նախապէս ալ թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այս հարցը եղած է օրակարգային: Մեր նախորդ թիւերով հրատարակեցինք հարցազրոյցին ամփոփումը, ստորեւ` ամբողջութիւնը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Բագրատունի, լիբանանահայ համայնքը հայկական սփիւռքի ողնաշարն է: Մօտաւոր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Աւաններու Հայութիւնը

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցած ուխտագնացութիւնները` դէպի Քեսապ եւ Արամօ, առիթ են լուսարձակի տակ առնելու յիշեալ գիւղերու եւ մերձակայ աւաններու հայութեան պարզած պատկերն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Քեսապի հայութեան թիւին նուազումը արգելք չէ դարձած երբեք գիւղի ազատագրումէն ետք վերականգնումի աշխատանքներու ծաւալումին: Ազգային կեդրոններ, եկեղեցիներ վերանորոգուած ու վերագտած են իրենց նախկին կենսունակութիւնը: Տօներ, միութենական եւ դպրոցական ձեռնարկներ յաճախ կը կազմակերպուին`...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Կրթութիւն, Դպրոց Եւ Ուսուցում Մասնագիտութիւն Են, Պէտք Է Ըլլան, Ըլլային

Կը մտածեմ սփիւռք(ներ)ի հայկական դպրոցի մասին, որպէսզի ան յաջողի ազգային կենդանի լեզու եւ ինքնութեան ազգային մշակոյթ փոխանցել` առանց անոնց մանրուքով գոհանալու: Հայաստանը պետութիւն է, ունի մանկավարժական համալսարան, ուսանողներ կը պատրաստուին ուսուցչութեան: Կրթութիւնը բոլոր պետութիւններուն համար առաջնահերթ քաղաքական օրակարգ է` իր շատ կարեւոր ամավարկով, պետական եկամուտներու կարեւոր տոկոսը այդ ուղղութեամբ կը ծախսուի:Մասնագիտական խումբեր կը զբաղին ուսումնասիրութիւններով, ծրագիրներու եւ մեթոտներու մշակումով, անոնց...

Մեկենասներ` Ծանօթ, Անծանօթ

Նորգիւղեան Յուշեր. Փոքր Հայաստան Մը

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Իսկապէ՛ս որ Նոր Գիւղը մեզի համար փոքր Հայաստան մըն էր: Մեր թաղերուն մէջ ապրող երկու արաբ ընտանիքներուն երեխաները մեզի պէս հայերէն կը խօսէին, եւ մենք ուշ իմացանք, որ անոնք հայ չէին: Այն աստիճան մեր սեփականութիւնը կը նկատէինք այս թաղամասը, որ մանկական չարութեամբ, երբեմն մեր թաղէն անցնող այլազգի դպրոցականներուն արգելք կը հանդիսանայինք եւ իրենցմէ «ազատ անցումի տուրք» կը պահանջէինք`...

Լուսաստուեր Տողեր (1)  (Պատմուածք)

Լուսաստուեր Տողեր (1) (Պատմուածք)

ՑՕՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Երեւանեան տօթը կիզիչ է, նոյնիսկ` առաւօտեան ժամերուն: Հանրակառքի երկար պտոյտէն ետք, վերջապէս հասած էի Էրեբունիէն Կասկատ, գոգնոցս կապած էի եւ անտրտունջ սկսած էի գործիս: Սրճարանին սեղանները կը սրբէի, անուշադիր` անցնող-դարձողներուն նկատմամբ, որոնք մեծ մասամբ ամառուան շրջանի զբօսաշրջիկներ էին: Կը մտածէի, թէ որքա՛ն բախտաւոր էի, որ այսքան լաւ գործ կրցած էի գտնել եւ ամառուան արձակուրդս լաւապէս օգտագործած էի` հաւաքելու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հինգ Հայրենադարձ Ընտանիքներու` Հինգ Տարուան Տան Վարձքը Թորոնթոյէն Հրաչ Ճապրայեան, որ 2011-2016 վարած է Կապանի ոսկիի հանքի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ այժմ աշխատանքային այլ նախաձեռնութիւններու դիմած է Հայաստանի մէջ, հիմը դրած է «Նարէ, Մանէ եւ Մոնթէ-Դրօ Ճապրայեաններ» հիմնադրամին, որուն ղեկավարութիւնը վստահած է Հայրենադարձութեան խորհրդատուութեան գրասենեակին: Այս ֆոնտին նպատակն է հայրենադարձ հինգ ընտանիքներու, որոնք որոշած են հաստատուիլ Շուշի, տրամադրել...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.   Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Հայրիկ Երուսաղէմի Վանքի Նոր Յարկաբաժինին Մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Պապիկ Եւ Թոռնիկ Խրիմեան Հայրիկ աքսորական Երուսաղէմի մէջ Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքին մէջ աքսորական Խրիմեան Հայրիկ նուիրուեցաւ գրական եւ ստեղծագործական աշխատանքի: Հայրիկի սիրելի, մտերիմ, սրտակից ու աջակից Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան, որ հետը Պոլիսէն Երուսաղէմ փոխադրուած էր, վախճանեցաւ 1891 մայիսին: Ան Վարագայ վանքի միաբան էր եւ ժառանգաւորաց վարժարանի առաջին ուսուցիչներէն: Բանասէր...

Սօս Սարգսեանի Ծննդեան 90-ամեակին Առիթով

Սօս Սարգսեանի Ծննդեան 90-ամեակին Առիթով

Անծանօթ դէմք մը չէ Սօս Սարգսեան: Տարբեր առիթներով անդրադարձած ենք անոր ստեղծագործական կեանքին, յատկապէս` իր դերասանական փառահեղ վաստակին: Պատահական չէ, որ ան կը համարուի հայրենի թատերական արուեստի ՆԱՀԱՊԵՏԸ: Անձնապէս բախտաւոր եղած եմ ո՛չ միայն  անոր հետ կապ ունենալուս համար, այլեւ վայելած եմ նաեւ անոր ընկերութիւնն ու նոյնիսկ մտերմութիւնը: Ան եղած է նաեւ գործընկերս, այն առումով, որ «Բագին» ամսագիրը (երբեմն նաեւ`...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  «Նէօ-Լիպերալիզմ»-ի Անգութ Զոհը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Նէօ-Լիպերալիզմ»-ի Անգութ Զոհը

«Մեծ սխալներէն մէկն է կիրարկուած քաղաքականութիւնն ու ծրագիրները դատել ըստ անոնց նպատակներուն ու ո՛չ թէ` արդիւնքներուն» («One of the great mistakes is to judge policies and programs by their intentions rather than their results») Միլթըն Ֆրիտման (1912-2006, Նոպէլեան մրցանակակիր ամերիկացի տնտեսագէտ) Վտանգաւոր է «նէօ-լիպերալ» (նոր-ազատական) շարժումին մասին խօսիլ, քննադատել, մութ ծալքեր ու սխալներ մերկացնել... մէջբերելով խօսք մը` այդ բնագաւառէն ներս...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Չինաստանը Էրտողանին Օգնութեան Կը Հասնի, Սակայն Նաեւ Կը Զգուշացնէ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Այս տարի, հակառակ անոր որ արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ պետութիւնները քննադատեցին Չինաստանի վերաբերմունքը թուրք ույղուր ժողովուրդին նկատմամբ, Էրտողան լուռ մնաց: Իսկ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ չքուէարկեց ի նպաստ օրինագիծի մը, որ կը քննադատէր Չինաստանի քաղաքականութիւնը ույղուրներուն նկատմամբ, բան մը, որ զայրացուց իր ազգայնական դաշնակիցները եւ ապշեցուց աշխարհը: Իբրեւ փոխադարձ վերաբերմունք` չին կառավարութիւնը...

Վախճանման 20-ամեակին առիթով. Գարեգին Ա. Ամենայն Կաթողիկոսի Կեանքն Ու Գործը

Գարեգին Կաթողիկոսի Ծննդեան Տարեդարձի Առիթով

ԱՇՈՏ ՎԱՎԵԱՆ Օգոստոսի 27-ը Գարեգին Առաջին ամենայն հայոց կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է, ով նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալն էր նախքան Էջմիածնում իր ընտրութիւնը: Նա կարող էր լինել 87 տարեկան: Մեծ է ու պատմական Գարեգին կաթողիկոսի ներդրումը մեր ժողովրդի ազգային եւ եկեղեցական կեանքում: Նա հիմնեց տասնեակ ազգային-եկեղեցական հաստատութիւններ, կառուցեց ու վերանորոգեց բազմաթիւ եկեղեցիներ, հրատարակեց հարիւրաւոր գրքեր: Վերականգնեց ու զարգացրեց ինչպէս հայոց երկու կաթողիկոսութիւնների,...

Անուրջների Էրկրի Կենարար Ջուրը, Արեւմտահայաստանն Այդպէս Էլ Չի Դարձել Թուրքական

Անուրջների Էրկրի Կենարար Ջուրը, Արեւմտահայաստանն Այդպէս Էլ Չի Դարձել Թուրքական

ՏՄԻԹՐԻ ՓԻՍԱՐԵՆՔՕ Օսմանեան կայսրութեան իրականացրած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Sputnik Արմենիայի սիւնակագիր Տմիթրի Փիսարենքոն ներկայացնում է իր առաջին ուղեւորութիւնը դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ պատմում, թէ ի՛նչ ապրումներ է ունեցել այդ ճամբորդութեան ընթացքում: ... Վանի օդակայանը (պատմական Արեւմտեան Հայաստան, այժմ` Թուրքիայի տարածք) գտնւում է ծովափին: Մինչ ինքնաթիռը վայրէջք կատարելուց յետոյ կանգ էր առնում, այն սկսեցին շրջապատել զրահամեքենաները` պտտուող աշտարակներով եւ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար. Արդի Ողբերգութիւն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պատկերասփիւռի գերմանական կայան մը ուրբաթ, 23 օգոստոսի իր լուրերուն շարքին հաղորդեց, որ Պոլիվիոյ մէջ մանուկներու վճարովի աշխատանքը արտօնուած է օրէնքով. 10 տարեկան կամ աւելի փոքր մանուկներ կրնան աշխատիլ եւ դրամ շահիլ: Հպանցիկ պրպտում մը ձեզի ցոյց պիտի տայ, որ օրէնքը խորհրդարանին մէջ որդեգրուած է 2014-ին: Այս ու նման արդի ողբերգութիւններու մասին ահագին նիւթ կարելի է գտնել. մամուլը ընդհանրապէս...

Խաչօ՞, Թէ՞ Չալօ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ձեզ Կը Ծախեն Տարիներ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ձկնորսն այսօր կը պոռայ, Լեցուն սակառ ուսէն կախ, Կ՛ուզէ ծախել քալելով, Վերադառնալ տուն շուտով: Հաւաքուած են դիտողներ, Մեծ ու պզտիկ կը զննեն, Կը չարչարեն խեղճ ձուկեր, Կ՛առնեն միայն կարծիքներ: Աջէն, ձախէն բիրտ խօսքեր` Ձկնորսը, բայց կամքի տէր, Կատակներ կը հանդուրժէ, Կ՛ուզէ ծախել իր ձուկերն: Յանկարծ կու գան գնորդներ, Մէկ նայուածքով կը գնեն, Կը վճարեն ժպտադէմ, Կը հեռանան ձկնորսէն:...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Հայրապետական Պատգամը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Հայրապետական Պատգամը

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի «Ուխտի օր»-ուան առիթով Արամ Ա. վեհափառ  հայրապետին տուած պատգամին` ուղղուած Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան, շաբաթ գիշեր, 17 օգոստոս 2019: Դէպի Առողջ Հայ Ընտանիք Ու Յանձնառու Հայ Դպրոց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, այս հոգեպարար մթնոլորտին մէջ, մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ ներկայութեան, ինչպէս գիտէք, կ՛անդրադառնանք մեր ժողովուրդն ու հայրենիքին...

Page 551 of 1112 1 … 550 551 552 … 1,112

Արխիւներ