Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Դարձեալ Հայկական Առածներու Հետ (10) Օգուտ Չունի Վերջուան Լացը

Օգոստոս 29, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Իմաստութիւնը երկերես չէ. միայն թէ ան մեզի շարունակ կ՛ըսէ, որ իրմէ դուրս ամէն բան երկու երես ունի: Մարդուն խելքն է, որ իրեն պիտի օգնէ, որպէսզի հասկնայ, թէ սա կամ նա պահուն երկու հակադիր խրատականներէն ո՛ր մէկը պէտք է ընտրէ: Ժամանակը եւ կեանքի առօրեայ պարագաները շատ բան կրնան փոխել սկզբունքներու մէջ: Երէկ պատահեցաւ դէպք մը, եւ ես ընտրեցի զգուշ վերապահութեան սկզբունքը, այսօր պատահեցաւ դէպք մը, եւ ես ընտրեցի խիզախ նախաձեռնութեան սկզբունքը: Մէկը միւսին հակառակն էր. բայց երկուքն ալ հաւանաբար ճիշդ ընտրութիւն էին` օրուան փոփոխական պայմաններուն համաձայն:

Բայց, եթէ դարձեալ ականջ տանք մեր ժողովուրդին կողմէ հիւսուած առածներուն, պիտի տեսնենք, որ մեր պապերը միշտ նոյնը կը խրատեն մեզի: Նախ լաւ մտածել, լաւ հաշուել, անկէ վերջ միայն շարժման անցնիլ: Գեղեցիկ ու օգտակար, նշանակալից ու իմաստուն խրատականներ ահաւասիկ` պէտք ունեցողներուն համար ոսկիի արժէքով: Բայց այս խրատականներուն մէջ միայն իմաստութիւնը չէ, որ կը տիրապետէ, կը տիրապետէ նաեւ բանաստեղծութիւնը, գրական շունչ մը: Կարդանք սա մէկը:

«Օգուտ չ՛ըներ վերջի լաց. ժամանակին աչքդ բաց»:

Անողոք խրատական: Ո՞վ կրնայ համաձայն չըլլալ հոն ըսուածին հետ: Մենք արդէն հազար անգամ լսած ու ըսած ենք, որ վերջին զղջումը օգուտ չունի: Վերի առածը նոյնը կ՛ըսէ. բայց երաժշտական շունչ մըն ալ դրած է այդ խրատականին վրայ, հոգ չէ թէ զանց առած է լաց-ին ետին «ը» որոշիչ յօդը: Օգուտ չունի վերջուան լացը, առաջուց աչքդ բաց:

Մօտաւորապէս նոյն զուգահեռականին վրայ խրատական մըն ալ կայ աչքերուս տակ. ան ալ իմաստութեան վրայ աւելցուցած է հայոց լեզուի բանաստեղծական գեղեցկութիւնը: Կարդանք այս մէկն ալ տեղական գեղեցկութիւնը: Կարդա՛նք այդ մէկն ալ.

«Նախ քննէ անձը, յետոյ տուր գանձը»:

Այսքան պարզ, այսքան բնական է: Եւ աւելին կայ: Մարդիկ, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, պէտք չունին այս առածը կարդացած ըլլալու, որպէսզի լաւ քննեն դիմացի անձը, որպէսզի յետոյ սրտի հանգստութեամբ անոր յանձնեն իրենց գանձը: Դուք գողի մը կամ վատահամբաւի մը կրնա՞ք վստահիլ ձեր հարստութիւնը. դուք կրնա՞ք պարտք դրամ տալ մէկու մը, որ գիտէք, թէ վստահելի չէ, մէկը, որ առաւ փախաւ մըն է: Դուք կրնա՞ք ձեր հաշիւներուն համար հաշուակալ ընտրել մէկը, որ նշանաւոր է իր խարդախութեամբ. կրնա՞ք ձեր տան պահակ կարգել մէկը, որ նշանաւոր յափշտակիչ է, դուք կրնա՞ք ձեր որդիին կամ ձեր դստեր համար հարս մը կամ փեսայ մը ընդունիլ` առանց մէկ-երկու հոգիի հարցնելու, թէ ինչպիսի՛ մէկն է թեկնածուն: Եթէ այսպէս չընէք, եթէ բնաւ չքննէք այն անձը, որուն պիտի յանձնէք ձեր գանձը, վերջը անգամ մըն ալ չէք կրնար ետ առնել ձեր գանձը: Գանձը անգամ մը ձեռքէ չելլէ չար ձեռքերու մէջ մնալու համար, անկէ վերջ…

Անկէ վե՞րջ…

Դարձեալ բանաստեղծաշունչ առած մը կայ աչքերուս տակ, որ կրնայ պատասխանել վերի հարցումին: Եկէք` կարդա՛նք այդ մէկն ալ.

«Գետինը թափած եղը` չի լեցուիր նորէն տեղը»:

Հոգ չէ թէ հոս ալ «իւղ»-ին տեղ «եղ»-ը գործածուած է, որպէսզի յանգային նմանութիւն ստացուի, գաղափարը յստակ է եւ դարձեալ առածը կարդացած ըլլալու պէտք չունինք, որպէսզի գիտնանք, թէ գետին թափած ջուրը կամ իւղը ետ չի հաւաքուիր, տեղը չի դրուիր, կը կորսուի կ՛երթայ: Պէտք չունինք նաեւ այս առածը կարդացած ըլլալու, որպէսզի գիտնանք, թէ խօսքը միայն իւղի կամ ջուրի մասին չէ, թէ կեանքի մէջ իւղէն ու ջուրէն հարիւրապատիկ աւելի կարեւոր բաներ կան, որոնք պէտք է լաւ պահուին իրենց պահպանակներուն մէջ, պէտք է ուշադրութեամբ փոխադրուին դէպի հոս կամ հոն, որովհետեւ եթէ զանոնք անգամ մը գետին թափենք, ո՛չ միայն չենք  կրնար այլեւս զանոնք դարձեալ ետ հաւաքել, այլ նաեւ գիտենք, որ անոնք այլեւս լղրճուեցան գետնի կեղտով ու փոշիով:

Գետին թափած իւղը ետ չենք կրնար առնել. բայց ետ չենք կրնար առնել նաեւ այն խօսքը, զոր անգամ մը դուրս կը հանենք մեր բերնէն: Այս մասին ալ ունինք իմաստալից առած մը, որ, եթէ ուշադրութիւն ընենք, դարձեալ հիմնուած է բառերու նմանութեան վրայ: Իմաստութիւնը այս անգամ կ՛ըսէ.

«Խօսք ըսածդ կլոր է, խորհէ, ետքը գլորէ»:

Գիտենք, թէ ինչ ըսել կ՛ուզէ: Պարզ է: Մէկ անգամ: խօսելէ առաջ տասն անգամ մտածէ: Պարզ, բայց` իմաստալից պատգամ:

Մարդ պահ մը ինքն իրեն կրնայ հարցնել.

«Ո՞վ է, որ ստեղծած է սա կամ նա առածը»:

Այս առածներէն ո՛չ մէկուն տակ ստորագրութիւն կայ, ո՛չ մէկուն տակ անուն կայ: Բայց հոն, ուր անուն չկայ, կա՛յ այն մեծ ու անտեսանելի զանգուածը, որ ժողովուրդ կը կոչուի: Անանուն ժողովուրդը: Անանուն ու օրհնեալ ժողովուրդը, որ գիւղ ու քաղաք կը ձեւաւորէ, որ եկեղեցի կը լեցնէ, որ արտ կը հերկէ, որ սերունդ կը ստեղծէ, որ մէկ կողմէ իր ծխախոտն ու «ախ»-ը կը քաշէ, մէկ կողմէ ալ սրճարանին մէջ կը զրուցէ իր նմաններուն հետ եւ յանկարծ իմաստուն խօսք մը կ՛արտասանէ: Խօսքը կը բխի անոր ապրուած փորձառութենէն:

Եւ խօսքը միշտ ալ կլոր չէ, որպէսզի գլորի երթայ, անհետանայ: Երբեմն ալ ամուր ու հաստատուն է, կը մնայ: Կը մնայ, մանաւանդ եթէ մէկը զայն գիրի վերածէ:

Ի՞նչ լաւ:

rh@normarmara.com

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Նախադպրոցական Տարիքի Երեխային Հմտութիւնները

Յաջորդը

Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?