Ամերիկահայեր Դատ Բացած Են Թուրքիոյ Դէմ` Իրենց Հայրենի Երկիրը Առանց Անձնագիր Այցելելու Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 29 մայիս 2019-ին երկու ամերիկահայեր Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ կեդրոնական շրջանի դաշնակցային դատարան դիմած են դատական եզակի խնդիրքով, որ հիմնուած չէր Հայոց ցեղասպանութեան վրայ: Անոնք դատ բացած են թրքական կառավարութեան դէմ: Դատական հայցը յարուցուած է 88 տարեկան Պարգեւ Ղազարեանի եւ անոր զաւկին` Կարօ Ղազարեանի կողմէ` պնդելով «տարեցներու նկատմամբ օրէնքով սահմանուած բռնութեան գործադրման, դիտաւորեալ...



















