Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Արդի Ողբերգութիւն

Օգոստոս 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Պատկերասփիւռի գերմանական կայան մը ուրբաթ, 23 օգոստոսի իր լուրերուն շարքին հաղորդեց, որ Պոլիվիոյ մէջ մանուկներու վճարովի աշխատանքը արտօնուած է օրէնքով. 10 տարեկան կամ աւելի փոքր մանուկներ կրնան աշխատիլ եւ դրամ շահիլ:

Հպանցիկ պրպտում մը ձեզի ցոյց պիտի տայ, որ օրէնքը խորհրդարանին մէջ որդեգրուած է 2014-ին: Այս ու նման արդի ողբերգութիւններու մասին ահագին նիւթ կարելի է գտնել. մամուլը ընդհանրապէս քողարկուած կը պահէ նման իրականութիւններ, որպէսզի փափկասիրտ մարդոց խնայէ յաւելեալ յուզում: Չէ՞ որ Եմէնի ու նմանօրինակ ծանրակշիռ ողբերգութիւննե՛ր անգամ հազուադէպօրէն ուշադրութեան կ՛արժանանան…

Տեղեկագրողը ցուցադրեց ժապաւէններ, ուր 5-6 տարեկանէն սկսեալ մանուկներ ու մինչեւ 15 տարեկան պատանիներ զանազան աշխատանքներ կը կատարեն` օրապահիկ, կրթաթոշակ, հիւանդ ծնողներու դեղ ապահովելու, մէկ խօսքով, ապրուստի տարրական միջոցներ ձեռք բերելու համար: Ոմանք աղբանոցներու մէջէն «պիտանի իրեր» կը հաւաքեն ու կը ծախեն, ուրիշներ ծխախոտ կը վաճառեն, շինարարութիւն, երկրագործութիւն, ձեռային աշխատանքներ եւ հանքագործութիւն կ՛ընեն, կօշիկ կը ներկեն… Աշխատող մանուկներուն թիւը կը հասնի հարիւր հազարներու:

21-րդ դարու քաղաքակիրթ մարդուն համար նման երեւոյթ կրնայ աներեւակայելի թուիլ, որովհետեւ մօտաւորապէս 150-200 տարի առաջ ծայր տուած աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպաններու առաջնահերթ նպատակներէն եղած է անչափահաս մանուկը զերծ պահել նման կացութենէ. այսուամենայնիւ, նման «ստրկատիրութիւն» կը բանի մինչեւ այսօր ալ, եւ` ո՛չ միայն Պոլիվիոյ մէջ:

***

Ամէնէն ուշագրաւ գործը, որ վիճակուած է անչափահասներու, երգեցողութիւնն է: Չէ՛, չկարծէք, որ մանուկները վճարովի բեմ կը հանեն ժողովրդային հանդէսներու կամ հրապարակային փառատօներու պահուն, այլ զանոնք կը տանին… գերեզմանատուն, որպէսզի շարականներ երգեն յուղարկաւորութեան պահուն: Սա ամէնէն շահաբեր «ասպարէզներէն» մէկն է յայտնապէս, որովհետեւ սգաւորներ երբեմն ճշդուած սակէն շատ աւելի կը վճարեն` խղճալով մանուկներուն վրայ: Դպրոցի ժամերէն ետք, կամ` դպրոցէ զուրկ, մանուկներ կը հաւաքուին գերեզմանատան մէջ` պատրաստ ըլլալու համար սգաւոր «յաճախորդներու»: Մանուկ մը գանգատած է, որ գերեզմանատուներուն մէջ խածան շուներ ալ կան: Անշուշտ 6-8 տարեկան մանուկներու մեղմ կամ բաղաձայնութիւն մատնող երգերուն մէջ հազիւ թէ… հրեշտակային բան կարելի է լսել:

***

…Դարեր առաջ մեր Հայաստանի մէջ ալ կային վարձով աշխատող եղերամայրեր, որոնց գործը աւելի դաժան էր. անոնք պէտք էր ողբային ու ի հարկին` իրենց մազերը փետէին:

Երբ մանուկ էի, կը նախանձէի եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամ ընկերներուս, երբ յուղարկաւորութեան մը պահուն, բոլորակաձեւ կամ խաչաձեւ ծաղկեպսակներ շալկած, կը քալէին եկեղեցի տարուող դագաղի մը առջեւէն: Անոնք 10-25 դահեկան պիտի շահէին այդ ձեւով: Այդ օրերուն նման աւանդութիւն կար. ատիկա յարգանքի արտայայտութիւն էր, եւ ո՛չ թէ` մնայուն «արհեստ», ինչպէս որ է պարագան պոլիվիացի մանուկներուն, որոնք օր մը, երբ մեծնան, հպարտութեամբ կամ թախիծով պիտի պատմեն իրենց զաւակներուն, թէ ինչպիսի՛ միջոցներու  ստիպուած էին դիմել օրապահիկ շահելու համար:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1969)

Յաջորդը

Անուրջների Էրկրի Կենարար Ջուրը, Արեւմտահայաստանն Այդպէս Էլ Չի Դարձել Թուրքական

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?