Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորգիւղեան Յուշեր. Փոքր Հայաստան Մը

Օգոստոս 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Իսկապէ՛ս որ Նոր Գիւղը մեզի համար փոքր Հայաստան մըն էր: Մեր թաղերուն մէջ ապրող երկու արաբ ընտանիքներուն երեխաները մեզի պէս հայերէն կը խօսէին, եւ մենք ուշ իմացանք, որ անոնք հայ չէին: Այն աստիճան մեր սեփականութիւնը կը նկատէինք այս թաղամասը, որ մանկական չարութեամբ, երբեմն մեր թաղէն անցնող այլազգի դպրոցականներուն արգելք կը հանդիսանայինք եւ իրենցմէ «ազատ անցումի տուրք» կը պահանջէինք` ստիպելով, որ իրենց գրպանին մէջի եղածներէն մեզի բաժին հանեն: Թութի շրջանին, էշը առջեւ ձգած, թաղէ թաղ դեգերող իշապանը բարձրաձայն «Եալլա թութ, եալլա թութ, աղուոր չէ՜, աղուոր չէ՜» կը կանչէր. Թաղի երեխաները անոր խնդրանքին որպէս պատասխան` չարաճճիութեամբ այդպէս թարգմանած էին եւ մարդը տարիներով նոյն կանչով կը պտտէր` առանց ականջ կախելու սրբագրողներուն, եւ հաւատացէք, այդ ձեւով աւելի գնորդ կ’ունենար:

Ինչպէ՞ս Հայաստան չէր Նորգիւղը, երբ հայկական էր ամէն ինչ` շատ քիչ բացառութեամբ իր արաբ բնակիչներով, հայապատկան խանութներով եւ գործատեղիներով, փուռերով եւ սրճարաններով: Երբ Նոր Գիւղի մէջ էին Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Զաւարեան, Սահակեան, Մեսրոպեան, Վարդանանց եւ Նոր Գիւղի Կիլիկեան վարժարանները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Գէորգ, Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եւ Յիսուսեաններու եկեղեցիները, «Կիւլպէնկեան» մայրանոցը, «Վասպուրական» ակումբը, զէյթունցիներու ակումբը, «Նաւասարդ» մարզադաշտը, ՍՕԽ-ի դարմանատունը, «Վարանդեան» գրադարանը, քիչ անդին` «Ովասիս» լողաւազանը, «Պոսթան Փաշայի» Հայ ծերանոցը…

Կրնա՞ք պատկերացնել թուրքի եաթաղանէն հազիւ ճողոպրած հայու խլեակներ, որոնք Մեծ Եղեռնէն հազիւ քանի մը տասնամեակ ետք, իրենց սեփական ուժերով յաջողեցան ստեղծել այս բոլորը:

Մենք կը մեծնայինք այդ գիտակցութեամբ: Անշուշտ զիրար յաջորդող Սուրիոյ իշխանութիւնները բարի աչքով կը նայէին մեզի եւ սուրիական անձնագիրներ շնորհելէ ետք, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ, բանակին եւ խորհրդարանին մէջ ալ ունեցանք մեր ներկայացուցիչները, որոնք ծառայելով սուրիական հայրենիքին, հայու պատիւը բարձր պահեցին եւ արժանացան բոլորին բարձր գնահատանքին:

Քիչ բացառութիւններով աղքատիկ Նոր Գիւղը այնպիսի մտաւորական, որակաւոր մարդիկ հանեց իր ծոցէն, որոնք աշխարհով մէկ տարածուեցան եւ ազգային, եկեղեցական, կրթական, մարզական, արուեստի ու գրականութեան բնագաւառներուն մէջ փայլեցան:

Մեծ է թիւը անոնց, չեմ ուզեր փորձութեան մէջ իյնալ եւ յիշել անուններ` յանկարծ կարեւոր անուն մը մոռնալու յանցանքին մէջ չիյնալու համար: Վստահ եմ` տարեց նորգիւղցիներ անմիջապէս պիտի մտաբերեն իրենց ծանօթ անունները:

Յարգա՛նք` այդ հոյլի մահացածներուն յիշատակին եւ ցարդ ապրողներուն:

Անուններ ըսի եւ յիշեցի, որ Նոր Գիւղի մէջ շատեր, իրենց իսկական անուններուն կողքին, «շահած» էին նաեւ կեղծանուններ ալ, որոնցմով կը ճանչցուէին, աւելի քան` իրենց իսկական անուն-մականուններով, ինչպէս` բոլորին ծանօթ «Լանղըր Եախուպը», թաղապետ «Փարթըխ Միսաքը», նշանաւոր վաճառատան «Թիք-Թաք Հայկազը», նման ուրիշ վաճառատան մը հիմնադիրներ «Շաշոները», մրգավաճառ, «Չոլախ Անդրանիկը», մսավաճառ «Ղասսապ Յակոբը», հնահաւաք եւ դերասան, թատրոնի երկրպագու «Պախխալ Խորէնը», որուն խանութը փոքր ակումբ մըն էր ազգային եւ թատերական հարցերու քննարկման վայր, ապա` «Փաչաճի Տիգրանը», «Թախթաճի Պետրոսը», պաղպաղակավաճառ «Հայաստանցին»… ո՞ր մէկը յիշեմ:

Պաղպաղակավաճառ ըսի, անպայման յիշելու եմ ոչ հայ նշանաւոր պաղպաղակ եւ անուշեղէնի տեսակներ պատրաստող «Կիւզալ Ահմատը»… որուն այդ անունով կնքած էին հայ կանայք, որովհետեւ այդ գիրուկ, հսկայամարմին մարդը կարմրաթուշ էր եւ գեղադէմ:

Նորգիւղի պատմութիւնները հատորներ կրնան լեցնել: Հանգուցեալ Յակոբ Ադամեանը բաւական պատմուածքներ ունի Նոր Գիւղի մասին, որոնք հրատարակուած են Ծառուկեանի «Նայիրի»-ին մէջ, ապա ամփոփուած` երկու գիրքերու մէջ: Ես ալ, իմ կարգիս, շարք մը պատմուածքներով փորձած եմ վերակենդանացնել Նոր Գիւղը, որ անսպառ շտեմարան է յիշատակներու:

 

 

 

Նախորդը

Լուսաստուեր Տողեր (1) (Պատմուածք)

Յաջորդը

Կրթութիւն, Դպրոց Եւ Ուսուցում Մասնագիտութիւն Են, Պէտք Է Ըլլան, Ըլլային

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?