Յօդուածներ

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ  Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Պէտք Է Շարունակել Պահանջել Ու Վերականգնել Վստահութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ նորակազմ կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումը` ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի կացութեան մէջ, պէտք է նոր էջ մը բանայ եւ որոշ յոյս ներշնչէ լիբանանցի քաղաքացիին: 17 հոկտեմբերին ժայթքած ժողովրդային պոռթկումը, որ ի միջի այլոց կը պահանջէր նախկին կառավարութեան հրաժարականը եւ թեքնոքրատ կառավարութեան  մը կազմութիւնը, իրագործեց իր նպատակներէն մէկը: Պոռթկումը` արդար պահանջներով, եւ խուլիկանութիւնը մերժող զանգուածները...

Նարեկ Դուրեան Կը Ներկայացնէ «Սիրոյ Մենիւ»

Նարեկ Դուրեան Կը Ներկայացնէ «Սիրոյ Մենիւ»

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով կիրակի, 16 եւ երկուշաբթի, 17 փետրուարին բեմադրիչ եւ դերասան Նարեկ Դուրեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ իր նոր` «Սիրոյ մենիւ» մենակատակերգութիւնը, որուն արտադրողն է Քրիստինէ Յովհաննիսեան: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց անոր հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Սիրոյ մենիւ» մենաներկայացման նիւթին ու նպատակին մասին` անդրադառնալով այն բանին, թէ այս մենաներկայացումը ի՛նչ ձեւով կ՛առնչուի...

Հայկական PR Մրցանակ` «Ազդակ»-ին

Հայկական PR Մրցանակ` «Ազդակ»-ին

Հայկական PR մրցանակաբաշխութեան հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, «Սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներ» անուանակարգին մէջ «Ազդակ» օրաթերթը 2018- 2019 թուականներուն ընդգրկուած եղած է լաւագոյն եռեակին մէջ: 13 փետրուար 2020-ին Armenian PR Association-ի նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին յանձնեց հաւաստագիրները:

Ծառայասէր Եւ Վաստակաշատ  Բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

Ծառայասէր Եւ Վաստակաշատ Բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ դաժան մահը վերջ դրաւ մեզի շատ սիրելի անձի մը` տոքթ. Ժոզեֆ Կիտանեանին կեանքին, խոր վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն: Ծնած է Հալէպ, 22 հոկտեմբեր 1943-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Լազար Նաճարեան վարժարանին մէջ, ապա բժշկութեան հետեւած է Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ: Հոգեբանութեան մասնագիտութիւնը շարունակած է Սկովտիոյ «Ռոյըլ հոսփիթըլ աֆ Էտինպըրկ»-ի մէջ: Ջղաբանութեան մասնագիտութիւնը ստացած է...

Նամականի

Նամականի

Ա. ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մեծայա՛րգ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի, Թերթիդ երէկուան  (5-2-20) թիւով  եւ «50 տարի առաջ»-ին տակ բերուած  էր թղթակցութիւնը  դասախօսութեան մը, որ օրին տուած է Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան` արեւմտահայ  մամուլի վաստակին մասին: Այստեղ մասնաւորաբար կը կարդանք. «19-րդ դարու մեր մամուլին մէջ ամենակարեւոր դերը կատարած է «Մասիս» (1890), որ եղած է նախ ամսաթերթ` խմբագրապետ ունենալով Գրիգոր Զոհրապը: Այս թերթը կը փոխէ իր խմբագիրը...

Տեառնընդառաջ

Տեառնընդառաջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն ՎԱՀՐԻՃ ՎՐԴ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ Տեառնընդառաջը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տէրունի եւ անշարժ տօներէն մին է, որ կը նշուի Քրիստոսի ծնունդէն 40 օրեր ետք: Տեառնընդառաջը ամէն տարի կը յիշատակենք փետրուար 13-ի երեկոյեան, իսկ եկեղեցական հասկացողութեամբ` փետրուար 14-ին, նկատի ունենալով այն, որ երբ ժամը երեկոյեան հինգ է, արդէն իսկ յաջորդ օրը կը համարուի: Տօնին տրուած անունէն սկսեալ` Տեառնընդառաջը իր վրայ...

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

Վեհանուշ Թեքեան` Սփիւռքագիր

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Բանաստեղծութեան թէ արձակի մէջ բնականաբար միշտ ալ սփիւռքեան փորձառութիւնը եղած է կիզակէտը Վեհանուշ Թեքեանի գրականութեան, որ աւելի քան հինգ տասնամեակի վրայ կ՛երկարի: Քաղաքական թէ տնտեսական պատճառներով սփիւռքահայութեան կացութիւնը փոխուեցաւ նշեալ կէս դարու ժամանակաշրջանին, եւ արեւելեան սփիւռքի հայախօս աշխուժ գաղութները սկսան նօսրանալ, եւ մեծածաւալ նոր գաղթականութեան շարժում մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք, յա՛տկապէս` Հիւսիսային Ամերիկա, ուր գաղութները աճեցան, սակայն` տարբեր...

Թոմ Եւ Ճերի. 80 Տարի Կատուն Ընդդէմ` Մկնիկին

Թոմ Եւ Ճերի. 80 Տարի Կատուն Ընդդէմ` Մկնիկին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Շարժուն գծանկարներու ստեղծումէն, մանաւանդ շարժապատկերի եւ ապա պատկերասփիւռի միջոցով տարածումէն ի վեր բոլոր տարիքի «երեխաներ» մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոնց` հաճելի եւ օգտակար  ժամանց մը վայելելով: Կարգ մը շարժուն գծանկարներ կարճատեւ գոյութիւն մը ունեցած են եւ` անհետացած, մինչ ուրիշներ մարդոց ընկերակցած են գրեթէ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին: Այդ վերջիններէն է Թոմ եւ Ճերի շարժուն գծանկարը, որ այս...

Բաբգէն Արք. Չարեան Հոգեւոր Առաքելութեան 35-ամեակ Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանի Տուչութիւն Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանին

Բաբգէն Արք. Չարեան Հոգեւոր Առաքելութեան 35-ամեակ Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանի Տուչութիւն Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանին

Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին ի նպաստ` «Առաջնորդի ընթրիք»-ը տեղի ունեցաւ 26 յունուար 2020-ին, թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի հովանաւորութեամբ ու տէր եւ տիկին Ղուկաս եւ Գարէն Տէր Ղուկասեան ամոլին նախագահութեամբ: Յանուն Ազգային վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ Համբիկ Գարայեանը, որ նշեց, թէ առաջնորդ սրբազանին 35-ամեակին առթիւ Ազգային առաջնորդարաին մէջ հիմք կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան» բարեսիրական հիմնադրամին:...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Հայաստան Կը Ներգաղթեն

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Միջինարեւելեան երկիրներու տագնապալի կացութեան ի տես` Հայաստան ներգաղթողներու թիւը կարծէք աճ կ՛արձանագրէ: Ձեւով մը ապահով մթնոլորտի մը ստեղծումը դուռը բացաւ նորանոր ձեռքբերումներու: Վիճելի թիւերէն անդին` վարկանիշի բարձրացման եւ ժողովրդային, ազատ, անկախ, եւրոպական ու միջազգային կազմակերպութիւններու վկայութեամբ, նոր ոստումի մը առջեւ կը գտնուի: Այո՛, Հայաստանի մէջ կազմակերպուող խորհրդաժողովները, իշխանափոխութիւնը, տնտեսական աճը, եկամուտներու յաւելումը, առողջապահական եւ մարզերու մէջ հեռակայ ծրագիրները,...

Միացեալ Նահանգներ Պարտաւոր Են Պահպանելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Իրենց Կապերուն Հաւասարակշռութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Պարտաւոր Են Պահպանելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Իրենց Կապերուն Հաւասարակշռութիւնը

Ա. Ա. Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններուն` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի կատարուած զինուորական օժանդակութեան գումարներուն պատկերը բաւական է, որպէսզի կարգ մը հետեւութիւններ կատարուին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան անդամ Միացեալ Նահանգներու վարած խտրական քաղաքականութեան ծալքերուն եւ հետապնդած նպատակներուն մասին: Armenian Center for American Studies ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը ներկայացուցած է նախորդ երկու տարիներուն` 2018-ին եւ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի, Վրաստանի...

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ  Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Նշմար. Կանխահաս Մեծ Մարտահրաւէր Եւ Սպասուող Դժուար Որոշում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանեան խորհրդարանը չորեքշաբթի, 12 փետրուարին գումարեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն աւարտին չքացաւ 29 հոկտեմբերէն` նախորդ գործադիր իշխանութեան հրաժարականէն ի վեր, երկրին մէջ ստեղծուած վնասաբեր քաղաքական բացը: Արդարեւ, կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէարկութեան նիստին ներկայ 84 երեսփոխաններէն 63-ը կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան հարցով «այո՛» քուէարկեցին, 20-ը` «ո՛չ», իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ: Լիբանանին ազգային միասնականութեան կառավարութիւնները բնականաբար...

«Մենք Պէտք Է Ունենանք Ընկերային Արդարութիւն, Հզօր Տնտեսութիւն, Եւ Մեր Հայկական Աւանդական Արժէքները Պէտք Է Սրբութեամբ Պահպանուեն Եւ Զարգացուեն». Իշխան Սաղաթելեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ «Ասպարէզ»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ այցելող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարել է, որ արմատական ընդդիմութիւն է: Ի՞նչ ծրագրերով էք առաջնորդւում, ի՞նչ է ձեր  օրակարգը: ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ.- Հայաստանում խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնների արդիւնքում ձեւաւորուեց խորհրդարան` կազմուած երեք քաղաքական ուժերից, որոնցից մէկը ձեւաւորեց ՀՀ իշխանութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի 90-ամեակի Նշում Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 31 յունուարին «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի 90-ամեակը: Օրուան հանդիսավարներ Սարգիս սրկ. Սիմոնեան եւ Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան հրաւիրեցին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն եւ վախճանեալ դպրեվանեցիներուն:...

Յովհաննէս Քաջազնունու Գործունէութիւնն Արտասահմանում

Յովհաննէս Քաջազնունու Գործունէութիւնն Արտասահմանում

ՀԱՅԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ասիստենտ Միաժամանակ Յ. Քաջազնունու գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելում է Սպիտակ տուն եւ հանդիպում նախագահի անձնական քարտուղար Թումիլթիի հետ: Յաջորդ օրը` հոկտեմբերի 12-ին, Յ. Քաջազնունու պատուիրակութիւնը հանդիպումներ է ունենում ծերակուտականներ Ուիլեամսի եւ Լոճի, ապա արտաքին քարտուղար Լենսինկի եւ փոխնախագահ Մարշալի հետ (46): Հոկտեմբերի 15-ին Յ. Քաջազնունու գլխաւորած պատուիրակութիւնը մի շարք բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաների հետ հանդիպումից յետոյ վերադառնում...

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Պօղոս Շահմելիքեանի Յիշատակին

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Պօղոս Շահմելիքեանի Յիշատակին

ՎԱՐՈՒԺ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է դէպի նոր մտածողութիւն, դէպի նոր աշխարհաընկալում, դէպի կեանքի նոր եւ յաճախ իւրայատուկ փիլիսոփայութիւն: Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է, որով կը բացուի մեր առջեւ կեանքը, մարդկութիւնը, աշխարհը նորովի տեսնելու, զայն ընկալելու եւ զգալու միջոցը: Մեր այսօրուան նիւթականացուած աշխարհի վրայ ապրող մարդը որքա՜ն բախտաւոր պիտի ըլլայ, երբ պիտի կարենայ ձերբազատիլ նիւթական չափանիշներու բարդոյթէն, գերմակերեսային արժէքներէն...

«Այ Ֆոն»` Ամենագէտ-Բանգէտը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Քանի մը տարի առաջ էր, երբ տղաս իր մանչուկին ծննդեան տարեդարձին, իբրեւ լաւագոյն նուէր, «Այ ֆոն» կոչուած հեռաձայն մը գնած էր եւ այդ ձեւով ալ` մեր թոռնիկին օրը շէնցուցած: Անսահման ուրախութիւն: Բայց անկեղծ ըսելով, իբրեւ մտահոգ հայր եւ մեծ հայր, նոյն պահուն տղաս մէկ կողմ քաշելով` ըսած էի, թէ իմ կարծիքով այս նուէրը քիչ մը «կանուխ» էր եւ...

Յովհաննէս Քաջազնունու Գործունէութիւնն Արտասահմանում

Յովհաննէս Քաջազնունու Գործունէութիւնն Արտասահմանում

ՀԱՅԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան ամբիոնի ասիստենտ Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտից յետոյ յաղթանակած Անտանտայի դաշինքի մեծ տէրութիւնները պատերազմի արդիւնքները ամփոփելու համար 1919թ. Փարիզում հրաւիրեցին խաղաղութեան վեհաժողով: Այդ վեհաժողովին որպէս Անտանտայի փոքր դաշնակից` հրաւիրուած էր նաեւ Հայաստանը: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որը գլխաւորում էր Աւ. Ահարոնեանը, հայ-վրացական պատերազմի պատճառով չկարողացաւ ժամանակին հասնել Փարիզ, եւ միայն յունուարի 4-ից յետոյ Աւ. Ահարոնեանին յաջողուեց հասնել Փարիզ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալեց 10-ամեայ Ռոմիկ Արշակեանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալեց Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքին մէջ բնակող Արշակեաններու ընտանիքը եւ անոնց 10-ամեայ որդին` Ռոմիկը, որ արեան ու ոսկորներու քաղցկեղէ կը տառապի եւ ներկայիս կը գտնուի ապաքինման փուլին մէջ: Նախագահ Սարգսեան զրուցեց փոքրիկ Ռոմիկին եւ անոր ծնողներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ երեխային բուժման գործընթացով` շեշտելով, որ...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Սուրբ Էջմիածնի Գանձարանի Հարստութիւններուն Պետական Պաշտօնական Կողոպուտը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Էջմիածին Իշխան Նակաշիձէի եւ ընդունող յանձնախումբին կողմէ Սուրբ Էջմիածնի Գանձարանին դուռը կնքուելէն եւ մայրավանքէն անոնց հեռացումէն ետք (15 սեպտեմբեր 1903-ին), Հայրիկ հոգեկան ծանր տագնապի մատնուեցաւ: Վեհափառը անվերջ կը ծխէր եւ ման կու գար դահլիճին մէջ: Կաթողիկոսը առանձին չձգելու համար Կորիւն, Կոմիտաս եւ Խորէն վարդապետները եւ վեհափառին եղբօրորդի Խորէն Խրիմեան հերթով...

Page 527 of 1112 1 … 526 527 528 … 1,112

Արխիւներ