Ակնարկ. Բուն Մարտահրաւէրը` Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Վստահութեան Քուէէն Անդին
Լիբանան անցեալ հոկտեմբերի կէսերէն ի վեր կ՛ապրի իր բազմամեայ տագնապին ամէնէն վտանգաւոր ու ողբերգական փուլերէն մէկը. վտանգաւոր այն իմաստով, որ տնտեսական-ընկերային կացութեան անկումը դարձած է շա՛տ աւելի ճնշող ու համատարածօրէն քայքայող, քան ինչ որ էր վիճակը 15-ամեայ աւերիչ պատերազմի տարիներուն, երբ ռումբերն ու հրթիռները, ականուած ինքնաշարժները մահ ու աւեր կը սփռէին ամէն տեղ, երկիրը մատնած էին մասնատումի: Արդար ընդվզումէ ծնած...




















