Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Դուրեան Կը Ներկայացնէ «Սիրոյ Մենիւ»

Փետրուար 14, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով կիրակի, 16 եւ երկուշաբթի, 17 փետրուարին բեմադրիչ եւ դերասան Նարեկ Դուրեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ իր նոր` «Սիրոյ մենիւ» մենակատակերգութիւնը, որուն արտադրողն է Քրիստինէ Յովհաննիսեան: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց անոր հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Սիրոյ մենիւ» մենաներկայացման նիւթին ու նպատակին մասին` անդրադառնալով այն բանին, թէ այս մենաներկայացումը ի՛նչ ձեւով կ՛առնչուի ձեր 60-ամեայ տարեդարձին հետ:

ՆԱՐԵԿ ԴՈՒՐԵԱՆ.- Ընդհանրապէս, երբ սէր կ՛ըսենք, միշտ սրտաճմլիկ սիրոյ մասին կը մտածենք: Բայց եթէ խորունկ նայինք հարցին, սիրոյ շատ տարբեր տեսակներ կան: Իսկ եթէ «մենիւ»-ով մօտենանք, տեսականիներ կան. օրինակ` կայ սէր աշխատանքի հանդէպ, կայ սէր միշտ ժխտական ըլլալու հանդէպ, երբ մարդիկ կը սիրեն միշտ վատ տրամադրութեան մէջ ըլլալ: Կայ սէր չար ըլլալու հանդէպ, կայ սէր բարիներու հանդէպ: Եւ որովհետեւ այս մենաներկայացումը նուիրուած է իմ 60-ամեայ տարեդարձիս, այդ իսկ պատճառով հիմնուեցայ այսպիսի նիւթի մը վրայ` սէր նարսիսականութեան` անձդ սիրելու հանդէպ: Իսկութեան մէջ մենք բոլորս ալ բաւական տոկոսով ունինք այս սէրը, այդ պատճառով ալ որոշեցի այսպիսի նիւթի մը վրայ հիմնուիլ, որպէսզի աւելի շատ սիրոյ մասին խօսիմ.  բայց ըսեմ, որ խօսքը Ռոմէոյի եւ Ժիւլիեթի սիրոյ մասին չէ, այլ` տարբեր երեւոյթներու հանդէպ մեր ունեցած սիրոյ մասին:

«Ա.».- 60 տարի ետք Նարեկ Դուրեան գոհունակ կը զգա՞յ իր աշխատանքէն եւ թատերական բեղուն գործունէութենէն:

Ն. Դ.- Այն օրը, երբ որեւէ մասնագիտութեան տէր մարդ գոհ ըլլայ իր աշխատանքէն, այդ պահուն ինծի համար ան վերջացած անձ կը դառնայ:

Անշուշտ գոհ չեմ իմ թատերական աշխատանքէն, որովհետեւ շատ աւելին կրնայի ընել, բայց ժամանակ չունեցանք, քիչ մը անարդար է: Ժամանակը կարճ է:

«Ա.».- Յաճախ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ ներկայացումներով հանդէս եկած էք, յատկապէս լիբանանահայ գաղութը ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի:

Ն. Դ.- Լիբանանահայ գաղութը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի ինծի համար, նաեւ` հայապահպանման առումով: Այսօր փոքր թիւ ունեցող ազգերը վտանգուած են, եթէ ուշադիր նայիք աշխարհին, կը տեսնէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Այսօր կրօն, ընտանիք, լեզու շատ վտանգուած են, եւ փա՛ռք այն մարդոց, խումբերուն, միութիւններուն, կուսակցութիւններուն, կառավարութիւններուն, որոնք կարողութիւն ունինք իրենց ինքնութիւնը պահպանելու: Ինծի համար այս բոլորին լաւագոյն օրինակը լիբանանահայ գաղութն է, որ եղած է, կայ եւ կը մնայ:

«Ա.».- Նոր ծրագիրներու մտայղացումներ կա՞ն:

Ն. Դ.- Բոլոր դերասանները սնահաւատ են, չե՛մ ըսեր ձեզի իմ նոր ծրագիրներուս մասին, որովհետեւ հազիւ ըսեմ, կրնայ չյաջողիլ: Անկեղծօրէն, այժմ նոր բեմագրութեան մը վրայ կ՛աշխատինք, այսքա՛ն:

Նախորդը

Հայկական PR Մրցանակ` «Ազդակ»-ին

Յաջորդը

Պէտք Է Շարունակել Պահանջել Ու Վերականգնել Վստահութիւնը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?