Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջ

Փետրուար 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՎԱՀՐԻՃ ՎՐԴ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ

Տեառնընդառաջը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տէրունի եւ անշարժ տօներէն մին է, որ կը նշուի Քրիստոսի ծնունդէն 40 օրեր ետք: Տեառնընդառաջը ամէն տարի կը յիշատակենք փետրուար 13-ի երեկոյեան, իսկ եկեղեցական հասկացողութեամբ` փետրուար 14-ին, նկատի ունենալով այն, որ երբ ժամը երեկոյեան հինգ է, արդէն իսկ յաջորդ օրը կը համարուի: Տօնին տրուած անունէն սկսեալ` Տեառնընդառաջը իր վրայ կը կրէ համաքրիստոնէական բնոյթ ունեցող եւ աստուածային խորհուրդ մը փոխանցող տօն մը:

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին հանդիսաւորութեամբ սկսած է տօնել Տեառնընդառաջը դարեր առաջ, եւ այս մասին կը վկայեն Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս իր 40-րդ կանոնին մէջ եւ Մովսէս Խորենացի, իր գրած շարականներուն ընդմէջէն հետեւեալը ըսելով. «Նախայաւիտեան Բան, Դուն որ կոյսէն մարմնացար, հեթանոսներու փրկութեան համար այսօր տաճար եկար օրէնքը ամբողջացնելու»:

Տեառնընդառաջի տօնը իր իմաստը գտաւ Ղուկասու Աւետարանին մէջ (2.22-23), ուր կը կարդանք. «Երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ օրէնքին մէջ գրուած է` Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է»:

Ըստ օրէնքի, իւրաքանչիւր ծնող ողջակէզի համար պէտք էր մէկ տարեկան գառ մը ու մեղքի պատարագին համար աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը բերէր քահանային (Ղու 12.6): Քրիստոսի ծնողները հարուստ չէին: Նազարէթէն Երուսաղէմ գացած ժամանակ իրենց հետ զոյգ մը տատրակ տարին Աստուծոյ զոհ մատուցելու համար: Հոն էր, որ Սիմէոն ծերունին ընդառաջ եկաւ տէրը դիմաւորելու եւ այստեղ ծնունդ առաւ ելանել ընդ առաջ Տէրը արտայայտութիւնը, այսինքն` Տիրոջ առջեւ երթալու խորհուրդին առաջին բացայայտումը, որ բացարձակապէս քրիստոնէական է:

Այսօր, նոյն այս հասկացողութեամբ, ծնողներ 40 օրուան մանուկը կը բերեն եկեղեցի` Տիրոջ ընծայելու համար, հետեւելով Քրիստոսի տաճար ընծայման օրինակին:

Տեառնընդառաջի այս խորհուրդը մեզմէ իւրաքանչիւրին` իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդները,  կու գայ սորվեցնելու կեանքի նոր ընթացք մը Տիրոջ երթալու, Քրիստոսի ընդ առաջ երթալու ընթացք մը, լի հաւատքով, նուիրումով, սիրով, յոյսով եւ առաքինութիւններով:

Տեառնընդառաջի տօնը ժողովուրդը կը կոչէ նաեւ Տէրընտես: Եկեղեցական արարողութիւններէն դուրս ժողովրդական եւ աւանդական ծիսակատարութիւններ կան, որոնք դարերով պահուած են հայ ժողովուրդի կեաքին մէջ. այդ սովորութիւնները կը վերագրուին հայկական հին ժամանակներէն մնացած աւանդութիւններուն:

Գեղեցիկ աւանդութիւններէն մին խարոյկի շուրջ ժողովուրդի համախմբումն է: Կան կարծիքներ, որոնք այս արարքը հեթանոսական երեւոյթ մը կը համարեն, որ կը նշուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Կրակը չի կրնար միայն հեթանոսական կամ միայն քրիստոնէական ծէսին պատկանող սեփականութիւն մը ըլլալ, այն հասկացողութեամբ, որ կրակը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իրողութիւնն է, որ կը կիրարկուի բոլոր կրօններուն մէջ, որովհետեւ բոլոր կրօններն ալ կրակը գործածած են իրենց ծիսաարարողականութեան մէջ: Ուստի կրակը կրօնի մը սեփականութիւնը չէ: Օրինակ` եթէ քրիստոնեայ մը մոմ կը վառէ կամ` լապտերի ճրագ մը, չենք կրնար ըսել, որ այդ մէկը հեթանոսական սովորութիւն է:

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին կը մերժէ այն երեւոյթը, երբ կրակի շուրջ կը կատարուին գուշակութիւններ, որոնք սատանայական են:

Ղուկասու Աւետարանի համարներուն մէջ կը տեսնենք հետեւեալ բառերը` ծերունի Սիմէոնին կողմէ արտասանուած. «Որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս` հեթանոսները լուսաւորելու» (Ղկ. 2.30-32): Ահաւասիկ` երեւելի փաստ մը, թէ Յիսուս Քրիստոսն է փայլող այն լոյսը, որ պիտի լուսաւորէ մեր մութ հոգիները, մեր հեթանոս հաւատքը եւ մեր խաւար կեանքը:

Տեառնընդառաջի արարողութեան աւարտին հոգեւորականը կը մօտենայ եկեղեցւոյ սուրբ խորանին` աշտանակէն լոյսը առնելու, թափօրով առաջնորդուելու եւ նոյն լոյսով վառելու տեառնընդառաջեան խարոյկը: Հետեւաբար Տեառնընդառաջի տօնին կարեւորութիւնը եւ իմաստը կը դրուի եկեղեցիէն ճառագայթող Քրիստոսի լոյսին վրայ եւ ոչ` խարոյկի կրակին:

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ խարոյկավառութեան երեւոյթը, որ տեղի կ՛ունենայ եկեղեցւոյ բակին եւ կամ տուներու երդիքներուն վրայ, աստուածային լոյսի խորհուրդին արտացոլացումն է: Երբ մարդուն սիրտը, միտքը եւ հոգին լուսաւորուած են, այդ մարդը չի սայթաքիր եւ իր կեանքը կ՛առաջնորդուի Տիրոջ ընդ առաջ:

Տեառնընդառաջի տօնին առիթով ջանանք տեսնել Աստուծոյ լոյսը, որ ճառագայթող լոյս մըն է, լոյս մը, որ կրնայ բորբոքիլ մեր հոգիներէն ներս եւ զօրութեամբ ցոլացնել մեր հաւատքը, սէրն ու նուիրումը:

12-րդ դարուն ապրող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն` Սուրբ Ներսէս Շնորհալի իր «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքին մէջ Քրիստոսը կրակի նմանցնելով` կ՛ըսէ. «Դուն` կենդանի կրակ, Քրիստո՛ս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ քու սիրոյդ կրակը, որ այս աշխարհը ձգեցիր, որպէսզի այրէ հոգիիս աղտերը, սրբէ խղճմտանքս եւ մաքրէ մարմնիս մեղքերը, եւ սրտիս մէջ քու գիտութեանդ լոյսը վառէ եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի` բազմամեղիս»:

Արդարեւ, Տիրո՛ջ ընդառաջենք, որպէսզի Իր անհուն սիրոյ կրակին կայծը այս ժամանակաւոր կեանքին մէջ մեզ տոչորէ, այլապէս անժամանակ կրակը մեզ պիտի փոշիացնէ:

 

 

Նախորդը

Վեհանուշ Թեքեան` Սփիւռքագիր

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կ՛այցելէ Գերմանիա. Հանդիպում` Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?