Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Պարտաւոր Են Պահպանելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Իրենց Կապերուն Հաւասարակշռութիւնը

Փետրուար 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններուն` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի կատարուած զինուորական օժանդակութեան գումարներուն պատկերը բաւական է, որպէսզի կարգ մը հետեւութիւններ կատարուին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան անդամ Միացեալ Նահանգներու վարած խտրական քաղաքականութեան ծալքերուն եւ հետապնդած նպատակներուն մասին:

Armenian Center for American Studies ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը ներկայացուցած է նախորդ երկու տարիներուն` 2018-ին եւ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի կատարուած զինուորական ամերիկեան օժանդակութեան մանրամասնութիւնները, ուր ի յայտ կու գայ, որ նշեալ տարիներուն Վրաստանի կատարուած է շուրջ հարիւր միլիոն տոլարի, Ազրպէյճանի` շուրջ իննսուն հինգ միլիոն տոլարի, իսկ Հայաստանի` միայն չորս միլիոն տոլարի զինուորական բնոյթի օժանդակութիւն:

Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Քելլի Տեկնըն, իր կարգին, յայտարարեց, որ անցեալ քանի մը տարիներուն ընթացքին Վրաստանին յատկացուած են մօտաւորապէս վեց հարիւր միլիոն տոլար, որպէսզի Թիֆլիսի իշխանութիւնները երկրին սահմանապահ ուժերը վերազինեն: Պէտք է նշել, որ 2008-ի ռուսեւվրացական պատերազմէն ետք Վրաստանի իշխանութիւնները մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են ծովային եւ ցամաքային պաշտպանութեան վրայ եւ կը ջանան ամրապնդել երկրին սահմաններուն հսկողութիւնը:

Հարաւային Կովկասը ռազմավարական եւ մարտավարական չափազանց կարեւոր աշխարհագրատարածք մըն է, ուր շահերու սուր բախումները շատ յաճախ քաղաքական- ապահովական-տնտեսական բնոյթ կը կրեն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք կազատարներու եւ քարիւղատարներու կարեւոր տարանցիկ կէտ մը ըլլալու անոր հանգամանքը: Հոս է, որ ամէնէն աւելի ակնյայտ կը դառնայ այն իրողութիւնը, թէ քաղաքականէն երբեք կարելի չէ անջատել ապահովականն ու տնտեսականը` առաւել շեշտադրելով անոնց միջեւ յարաբերակցութիւնը եւ փոխադարձ շահագրգռութիւնները:

Մինչ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան կարեւոր ազդակներէն մին է հաւասարակշռուած ուժերու միջեւ փոխկապակցութեան անխախտ պահպանումը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ հակամարտ կողմերուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տրուած զինուորական օժանդակութեան քանակին միջեւ յստակ տարբերութիւնը որոշ հարցականներ կը գծէ` շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութեան կապակցաբար, որովհետեւ եթէ հաշուի առնենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան անդամ ըլլալու Միացեալ Նահանգներու հանգամանքը, ապա միանշանակ պէտք է հաստատենք, որ Ուաշինկթըն տրամաբանականօրէն պիտի ընտրէր շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու միտող քաղաքականութիւն մը:

Մինչդեռ հարաւկովկասեան բարդ խճանկարին բաղկացուցիչներուն նկատմամբ նման խտրական քաղաքականութեան ժխտական հետեւանքները ոչ միայն տնտեսական, այլեւ գլխաւորաբար ապահովական են, որովհետեւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ ախորժակները ծածուկ չեն, եւ Պաքուի իշխանութիւնները ոչ մէկ ատեն կը թաքցնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը բնաջնջելու իրենց մտադրութիւնը: Նման հայատեաց քաղաքականութիւն հետապնդող պետութեան մը հարիւր միլիոն տոլարի շուրջ զինուորական օժանդակութեան դիմաց, խաղաղ լուծումներու ջատագով պետութեան` Հայաստանի միայն չորս միլիոն տոլարի զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու Միացեալ Նահանգներու այս քաղաքականութիւնը միայն կարելի է բացատրել տնտեսական ախորժակները ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւոր տուեալէն գերիվեր համարելու շահադիտական մօտեցում մը, որ բնաւ յարիր չէ միջնորդ պետութեան մը իշխանութիւններուն:

Հայաստան հարաւկովկասեան այն միակ պետութիւնն է, որ համահաւասար եւ հորիզոնական հարթութեան մը վրայ կապեր ու յարաբերութիւններ ունի թէ՛ ռազմավարական դաշնակիցին` Ռուսիոյ, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ: Նման հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն, մանաւանդ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ, չափազանց բարդ երանգներ ունի, եւ որ կարելի է հայկական դիւանագիտութեան իրագործումներէն մին համարել: Բայց հարցը այն է, որ առնչակից կողմ մը, այս պարագային` Միացեալ Նահանգները, յատկապէս պէտք է որդեգրեն հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններուն նկատմամբ` առանց մէկը միւսէն աւելի նախընտրելու: Այս պարագային, Ազրպէյճանն է առանձնաշնորհեալը, որովհետեւ Վրաստանի պարագան այլ խնդիր է եւ իսկապէս կը տեղաւորուի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա խուլ մրցակցութեան մը մէջ: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պարագան` ամերիկացիներուն համար պէտք է ըլլայ միջնորդ պետութեան մը եւ տագնապին երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու հաւասարակշռութեան պահպանման օրինակ մը: Եւ ոչ թէ` հակառակը:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Հայաստան Կը Ներգաղթեն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?