Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալեց 10-ամեայ Ռոմիկ Արշակեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալեց Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքին մէջ բնակող Արշակեաններու ընտանիքը եւ անոնց 10-ամեայ որդին` Ռոմիկը, որ արեան ու ոսկորներու քաղցկեղէ կը տառապի եւ ներկայիս կը գտնուի ապաքինման փուլին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան զրուցեց փոքրիկ Ռոմիկին եւ անոր ծնողներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ երեխային բուժման գործընթացով` շեշտելով, որ շատ կարեւոր է չընկճուիլ եւ յոյսով ու հաւատքով մօտենալ բուժման բոլոր փուլերուն:
Ռոմիկը պատմեց, որ 6 մարտին 11 տարեկան պիտի ըլլայ: Դպրոց կը յաճախէ, ընկերներ ունի եւ` նախասիրութիւններ: Հանրապետութեան նախագահը քաջալերեց զայն եւ պատմեց, որ անձնապէս ինք եւս անցած է ծանր ու դժուար ուղի. «Դու միակը չես աշխարհում եւ պէտք է դիմանաս, ուժեղ լինես: Հետագայում, Աստուած գիտի, գուցէ 20 տարի յետոյ դու եւս նախագահ դառնաս», ըսաւ ան:
Հանդիպման ներկայ, երեխան բուժող բժիշկը տեղեկացուց, որ Ռոմիկը տակաւին պահպանողական բուժման մէջ է, որ տարի մը եւս պիտի շարունակուի: Այս պահուն երեխային հիմնական հիւանդութիւնը նահանջած է: «Դու կը լաւանաս, յետոյ տարին անգամ մը հիւրս կ՛ըլլաս, քեզի կը սորվեցնեմ, որ մեծնաս, դու դառնաս նախագահ: Պէտք է ժպտիս, ցոյց տաս, որ դուն ուժեղ ես, որ` դուն պիտի յաղթահարես քու հիւանդութիւնդ», յորդորեց ան:
«Դուն քու առաջին բժիշկդ ես, որքան ալ ծնողներդ ու բժիշկները բոլոր ջանքերն ու միջոցները ներդնեն, որովհետեւ նախ դուն անձնապէս պիտի չդադարիս հաւատալէ, որ պիտի յաղթահարես այս բոլորը, որովհետեւ կեանքը գեղեցիկ է եւ գեղեցիկ է առաջին հերթին ինքնին քեզի նման երեխաներով», փոքրիկ Ռոմիկին ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Հայաստան Այցելած Են 1 Միլիոն 894 Հազար 377 Զբօսաշրջիկներ` 14 Տոկոսի Աճ Արձանագրելով
2019-ին Հայաստան այցելած են 1 միլիոն 894 հազար 377 զբօսաշրջիկներ, նախորդ տարուան հետ համեմատած` աւելնալով 14,7 տոկոսով: Այս մասին «Դիմատետր»-ի էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ անոր, այս թիւը 2018-ին հետ բաղդատած` աւելի է 242 հազար 595-ով կամ 14,7 տոկոսով, իսկ 2017-ին հետ բաղդատած` 399 հազար 598-ով կամ 26,7 տոկոսով:
Ան կը յիշեցնէ, որ Համաշխարհային զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան կողմէ կատարուած արժեւորման համաձայն, Հայաստան 2019-ին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ամէնէն արագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին 12-րդ դիրքին վրայ է աշխարհի մէջ: Այսպիսով, ան շրջանցած է Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, իսկ Վրաստան ընդհանրապէս զբօսաշրջութեան առումով զարգացող երկիրներու առաջին 20-ին մէջ չէ:
ԵԱՏՄ-ի երկիրներու շարքին եւս Հայաստան առաջատար է: ԵԱՏՄ երկիրներէն ցանկին մէջ է միայն Ղազախստանը, որ սակայն նոյնպէս, ըստ վարչապետին, կը զիջի Հայաստանին` արձանագրելով 10 տոկոսի աճ (20-րդ հորիզոնական):
105-ամեայ Իտալահայը Կը Փափաքի Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալ
Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեանը:
Նուրհանը ծնած է 1915-ին, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 105 տարեկան է եւ Իտալիոյ քաղաքացի: Ան փափաք յայտնած է ստանալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ պատուով կրել Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրը: «Ի հարկէ մենք բացառութեան կարգով սահմանուած փաստաթղթերը դիմումի հետ միասին ընդունեցինք բնակարանում` առանց վարչութիւն հրաւիրելու: Երկարակեցութիւն եւ առողջութիւն ենք մաղթում նրան», ըսաւ Բիչախչեան:
Հայաստան Աշխարհի Ամէնէն Արագ Աճող Զբօսաշրջութեան Ուղղութիւններէն Է. UNWTO
UNWTO զբօսաշրջութեան չափորոշիչի տուեալներու գրասենեակը հրապարակած է ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալները, ըստ որոնց, աշխարհի ամէնէն արագ զարգացող երկիրներու շարքին 12-րդ դիրքը կը գրաւէ Հայաստան` 14,4 տոկոս աճով: Այսպիսով, անիկա կը նկատուի աշխարհի ամէնէն արագ աճող զբօսաշրջութեան ուղղութիւններէն մէկը:
Ըստ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին, մեծագոյն աճը արձանագրած է Միանմար` 40,2 տոկոս: Դրացի պետութիւններէն միայն Իրանը գերազանցած է Հայաստանը` գրաւելով երրորդ տեղը` 27,9 տոկոս աճով: ԵԱՏՄ պետութիւններու կարգին Հայաստան անվիճելի կերպով առաջատար է, անոր կը յաջորդէ միայն Ղազախստանը (20-րդ դիրք` 10 տոկոս աճով):
Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Հայաստանէն աւելի վարի դիրքերուն վրայ են` համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը, 14 եւ 11,4 տոկոս աճով:
Երեւանի Ճատրակի Մարզադպրոցներուն Նիւթական Օժանդակութիւնը Կ՛աւելնայ
Երեւանի ճատրակի մարզադպրոցներուն 2020-ին տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնը աւելցած է: Այս մասին «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը:
2020-ին Երեւանի մէջ մօտաւորապէս 60 առ հարիւրով բարձրացած է ճատրակի մարզադպրոցներու մարզիչներու աշխատավարձը, մօտաւորապէս 25 առ հարիւրով բարձրացած է ճատրակի մարզադպրոցներու վարչական աշխատողներու աշխատավարձը: Այս ձեւով, Երեւանի կողմէ ճատրակի մարզադպրոցներուն տրամադրուող գումարը աւելցած է մօտաւորապէս 37 առ հարիւրով` կազմելով մօտաւոր 285 միլիոն դրամ:
Արցախի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Գիրքի Տօն
Փետրուար 19-ին եւ 20-ին Արցախի մէջ պիտի կազմակերպուի Գիրքի տօն:
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Ռոզա Գրիգորեան: Ըստ անոր, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը կազմակերպուող Գիրք նուիրելու օրը առաջին անգամ ըլլալով պիտի նշուի նաեւ Արցախի մէջ:
«Փետրուար 19-ը` հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ Գիրք նուիրելու օր: «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ պիտի իրականացուի գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք: Իրադարձութեան շրջանակին մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել գիրքերու շնորհահանդէսներ, հանդիպումներ գրողի, հրատարակիչի, թարգմանիչի հետ, ինչպէս նաեւ` հեքիաթի ժամ: Տօնավաճառի շրջանակին մէջ հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ պիտի ներկայացուին շարք մը նոր հրատարակութիւններ: «Լաւագոյնը` հայ ընթերցողներուն» խորագիրի տակ պիտի ներկայացուին հանրայայտ գրողներ Անթուան տը Սենթ-Էքզիւփերիի, Էրիխ Մարիա Ռեմարքի, Ճոն Կրինի, Սթիւըն Քովիի, Սփենսըր Ճոնսընի, Քեն Փլանչարտի եւ այլ հեղինակներու գործեր: Գիրքեր պիտի ներկայացուին տարիքային տարբեր խումբերու համար», նշած է Ռ. Գրիգորեան:
Ըստ անոր, փետրուար 19-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնավաճառին պաշտօնական բացումը, ապա հանդիպում` ժամանակակից հեղինակ Դաւիթ Սամուէլեանի հետ: Այս հանդիպման ընթացքին պիտի կայանայ անոր «հակաքաղաքական» գիրքին շնորհահանդէսը: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում` փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, շարք մը միջազգային գիտութիւններու ակադեմիաներու անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Կարէն Օհանջի (Օհանջանեանի) հետ:
Իսկ փետրուար 20-ին տեղի պիտի ունենայ հանդիպում «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան հիմնադիր նախագահ Մկրտիչ Կարապետեանին հետ, որուն ընթացքին ան պիտի անդրադառնայ հրատարակչական ոլորտի առանձնայատկութիւններուն: Հետագային պիտի կայանայ «Հեքիաթի ժամ» ձեռնարկ, որուն ընթացքին «Հայ ժողովրդական հեքիաթներ» գիրքը կազմող Նազելի Կարապետեանը պիտի կարդայ արցախեան հեքիաթներ: Պիտի կազմակերպուի նաեւ թումանեանական գիրքերու շնորհահանդէս:
Նշենք, որ բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է:
«Wizz Air»-ը Երեւան-Լառնաքա-Երեւան Թռիչքներ Պիտի Կատարէ
«Wizz Air» օդանաւային ընկերութիւնը թռիչքներ պիտի կատարէ Երեւան-Լառնաքա-Երեւան ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Զուարթնոց» օդակայանի պաշտօնական էջը:
1 յուլիս 2020-էն պիտի սկսին թռիչքները, որոնք պիտի կատարուին շաբաթական երկու անգամ յաճախականութեամբ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ապրիլ 2020-էն ընկերութիւնը պիտի սկսի Երեւան-Վիլնիւս-Երեւան եւ Երեւան-Վիեննա-Երեւան թռիչքները, որոնք նոյնպէս պիտի իրականացուին շաբաթական երկու թռիչք յաճախականութեամբ:
Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարանին Հրաւէրը` Մինասնաբար Նշելու Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին Ծննդեան 151-ամեակը
Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 151-ամեակին առիթով բանաստեղծին թանգարանը պատրաստած է քանի մը ձեռնարկներ: Փետրուար 19-ին թանգարանին մէջ ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի տրուի գիրքերու տօնավաճառով: Թանգարանին մէջ պիտի իրականացուի կենացներու մրցոյթ, ինչպէս նաեւ պիտի կայանայ «Ընտանեկան փոստարկղ» կրթական ծրագիրին շնորհահանդէսը, «Ռոտոնդա» ներառական թատերախումբին ներկայացումը, «Սիրունի՜կ, սիրունի՜կ» եւ «Ձեր ծանօթները» մանկական բանաստեղծութիւններու գունազարդ գիրքին շնորհահանդէսը:
Այնուհետեւ Երեւանի էսդրատային եւ ճազային պետական քոլեճի սաները հանդէս պիտի գան «Կիկոսի մահը» եւ «Սուտլիկ որսկանը» ներկայացումներով, հետագային պիտի իրականացուի «Տիեզերք» խումբին մենահամերգը:
Կենսաթոշակառուներու Եւ Հաշմանդամութիւն Ունեցողներուն Թատրոններ Եւ Թանգարաններ Այցելելու Անվճար Տոմսեր Պիտի Տրամադրուին
Կենսաթոշակառուներու եւ հաշմանդամութիւն ունեցողներուն անվճար տոմսեր պիտի տրամադրուին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող թատերական կազմակերպութիւններու կողմէ պետական աջակցութեամբ իրականացուող մշակութային ձեռնարկներուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ թանգարաններ այցելելու համար: Այս մասին յուշագիր ստորագրուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն միջեւ:
Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարութենէն կը յայտնեն, որ ստորագրուած կարգին համաձայն, իւրաքանչիւր կենսաթոշակառու կրնայ անվճար այցելել իւրաքանչիւր թատերական կազմակերպութիւն` տարեկան 3 անգամ, իսկ թանգարաններ` ամիսը 2 անգամ: Անվճար տոմսեր կեսաթոշակառուներուն պիտի տրամադրուին մինչեւ ձեռնարկին սկսիլը` առ նուազն 24 ժամ առաջ, իսկ թանգարաններու պարագային` կենսաթոշակառուի այցելութեան պահին:
Կարգին համաձայն, իւրաքանչիւր թատերական կազմակերպութիւն իւրաքանչիւր ձեռնարկի համար ինքը կ՛որոշէ անվճար տրամադրուող տոմսերուն քանակը, որ կրնայ տրամադրուիլ դահլիճի տեղերուն` 2,5-5 առ հարիւրի սահմաններուն մէջ:
Տոմսերը պիտի տրամադրուին անձանապէս կենսաթոշակառուին` կենսաթոշակառու ըլլալու հանգամանքը հաւաստող փաստաթուղթի եւ անձնագիրի առկայութեան պարագային: Տոմսեր պիտի տրամադրուին նաեւ տարեցներուն ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութեան կամ տարեցներուն միաւորումներուն, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն` ըստ անոնց կողմէ ներկայացուած ցուցակին, որուն մէջ նշուած պէտք է ըլլան կազմակեպութեան անուանումը, կենսաթոշակառուներուն անուն-մականունները եւ ծննդեան թուականը: Խումբին մէջ ընդգրկուած կենսաթոշակառուներուն թիւը պէտք չէ գերազանցէ 20-ը:
Յայտնենք, որ խումբին կրնայ ընկերակցիլ մէկ ուղեկցող ` ընկերային աշխատող կամ տուեալ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը, որ նոյնպէս պիտի ստանայ անվճար տոմս: Այս պարագային, տոմս ունենալու համար պէտք է դիմել ձեռնարկի սկսելէն առ նուազն 5 օր առաջ:
Անվճար տրամադրուող տոմսերուն վրայ պէտք է դրուի դրոշմակնիք «անվճար» նշումով` անշուշտ առկայութեան պարագային, կամ պիտի տրամադրուին հրաւիրատոմսեր:
Տրամադրուած անվճար տոմսը այլ անձի փոխանցելը չի թոյլատրուիր: