Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկները Կ՛առկախուին

April 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային մարմինը կը հաղորդէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած շրջագայութեան արգելքին պատճարով, Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները առկախուած են:

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համագաղութային մարմինին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը, Միացեալ հայ երիտասարդները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը։

Նախատեսուած էր այցելութիւն Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան, քայլարշաւ՝ Հալիվուտի «Փոքրիկ Հայաստան» թաղամասին մէջ եւ բողոքի ցոյց՝ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց:

Ցեղասպանութեան համագաղութային մարմինը կը նշէ, որ որոշում տրուած է Լոս Անճելըսի եւ ամբողջ աշխարհի քաղաքացիներուն կողքի կանգնելու, որուն լաւագոյն միջոցն է տեղական իշխանութիւններուն կողմէ կիրառուած առողջապահական հրահանգներուն հերեւիլը:

Կը շեշտուի նաեւ, որ աշխատանքը կը շարունակուի Հայ Դատը պաշտպանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրին արդարացի լուծման ուղղութեամբ՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը:

«Թէեւ այս տարի, Ապրիլ 24ին մենք պիտի չկարենանք հաւաքուիլ եւ արդարութիւն պահանջել, բայց կը գիտակցինք, որ պէտք է գործադրենք մեր հաւաքական ջանքերը ամէն տարի: Մեր աշխատանքը կը շարունակուի: Մենք միասնական պիտի ըլլանք եւ մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք՝ իբրեւ յարգանք 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարենք մեր այլընտրանքային ոգեկոչման ծրագիրներուն մասին՝ մեր աւանդական հանրային հաւաքներուն փոխարէն», կը նշուի մարմինին յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քոնկրեսի քայլերուն համար։

asbarez.com

 

Նախորդը

«Ես Եմ…»

Յաջորդը

Աւելի՛ Վտանգաւոր Ժահր Մը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.