ԹԱԼԻՆ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Որքան որ յիշողութիւնս ետ կրնայ երթալ, յատուկ ձեւով կը յիշեմ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան շաբաթը: Զատիկը իւրայատուկ իմաստ ունեցած է միշտ իմ մօտս, եւ անկարելի է Աւագ շաբթուան ընթացքին մտքով քանի մը անգամ Լիբանան, ծննդավայրս, չփոխադրուիմ: Կաթողիկէ դպրոց յաճախած ըլլալով, քրիստոնէական արժէքներն ու դաստիարակութիւնը յատուկ տեղ ունեցած են դասացուցակիս եւ կեանքի ցուցակիս մէջ: Իսկ հօրս անուանակոչութիւնը ըլլալը՝ կու գար եւ տակաւին կը շարունակէ այդ յատուկ իմաստը քաղցրացնել: Տարիներ առաջ կը համախմբուէինք անմիջական եւ քիչ մըն ալ հեռաւոր ընտանիքով, ընտանիքի բարեկամներով, գաթայ, չորեկ, արաբական «Մաամուլ» կը պատրաստէինք եւ կ’ուտէինք: Կը յիշեմ մեծ մօրս՝ Շնորհիկին պատրաստած քեխքէները՝ համեմներով, արմաւով, ընկոյզով եւ պիստակով: Անոնց համն ու հոտը կը յիշեմ: Կը յիշեմ, ինչպէս հաւկիթները կը ներկէր սոխի կեղեւով եւ կը զարդարէր ազատքեղի տերեւներով: Չեմ կրնար չյիշել Հերմին մօրքուրին շինած քեխքէներուն բոյրը. չէ՞ որ իր եւ մեծ մօրս խոհանոցի պատուհանները իրարու մէջ կը բացուէին: Հոնկէ իրարու հետ կը խօսին, զիրար սուրճի կը կանչէին, կը վիճէին եւ հաշտութեան «դաշինքներ» կը կնքէին:
Կը յիշեմ պապենական տունս, ուր՝ տաքուկ նստած, ծնողքիս եւ քոյրերուս հետ այս շրջանին մօրս «կ’օգնէինք» չէօրեկներու պատրաստութեան՝ եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջով եւ բարձրախօսով Ս. պատարագի ուղղակի սփռումը կամայ թէ ակամայ լսելով: Յիշողութեանս մէջ թարմ են Ծաղկազարդի եւ Աւագ Ուրբաթ օրերու թափօրները, Յիսուս Քրիստոսի խաչելութիւնը, դագաղին տակէն անցնիլը, շաբաթ առաւօտեան հաղորդուիլը եւ ուրիշ ինչե՜ր կը յիշեմ… Եթէ բոլորը նշեմ, ձեզ վստահ կը ձանձրացնեմ եւ ձեր ուշադրութիւնը կը շեղեմ:
Մոնթրէալ հաստատուելով եւ անձնական տունս ունենալով, փորձեցի ես ալ իմ կարքիս աւանդութիւններու սկսիլ՝ հայկական աւանդութիւնները պահելու նպատակով: Աւանդութեան վերածեցի ամէն տարի գաթայ պատրաստելը: Բայց ոչ թէ որեւէ գաթայ, այլ բազմութեամբ պատրաստուած գաթայ: Տարբերութիւնը մեծ է:
Գրեթէ տասը տարի պիտի ըլլայ, որ Սուրբ Զատկուան տօնը հոս՝ Մոնթրէալի մէջ կը նշեմ, տեղւոյն հարազատներուս հետ է, որ կը պատրաստեմ գաթան, լեցնելու համար ծնողքիս բացակայութիւնը, փոքր քրոջս հեռաւորութիւնը եւ միջավայրի ջերմութեան պակասը: Տունս կը հրաւիրէի մեծ քոյրս իր աղջիկներով, հօրաքոյրներս եւ անոնց զաւակները, ընկերներս, որպէսզի տունս շէն դառնայ, ճոխութիւն տիրէ եւ գաթան անոնց ներկայութեամբ «համ ու հոտ» ունենայ: Չէ՞ որ այդ է գաթային գաղտնիքը՝ միասին պատրաստելն ու յետոյ բաժնուիլը, ինչպէս որ Սօսէ Պէրպէրեանը կ’ըսէ իր «Գաթային գաղտնիքը» մանկական գիրքին մէջ:
Եւ կարծես հազիւ այս ձեւին վարժուեցանք եւ մեր կարգին աւանդութեան վերածեցինք Զատիկին հաւաքուիլն ու գաթայ շինելը, ահա վրայ հասաւ թագաժահրը: Մեզ բաժնեց, հեռացուց, բացութիւն ստեղծեց (թէկուզ ժամանակաւոր), խախտեց մեր աւանդութիւնները՝ մտահոգութիւնն ու ճնշուածութիւնը անկոչ հիւր բերելով մեր տունը…
Փափաքս էր այս տարի մէկուկէս տարեկան մանչուկիս հետ այս խորհրդաւոր ժամանակաշրջանին ծննդավայրս այցելել, տղեկս ներկայացնել մեծ հայրիկներուս եւ մեծ մայրիկիս, կ՛ուզէի հետը երթամ այն եկեղեցին, ուր ամբողջ կեանքիս ընթացքին ամէն եկեղեցական- կրօնական տօներուն գտնուած եմ, Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին: Ուր նաեւ ծնած եմ: Նկատի ունենալով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ ստեղծուած ապահովական կացութիւնը, մայրս հիւանդանոց հասցնելու անկարելիութեան դիմաց գտնուելով, զայն փոխադրած են այդ նոյն եկեղեցւոյ սրահը, որ հայահոծ թաղերու պաշտպանութիւնը ապահովող տղոց շտապ օգնութեան կեդրոն եղած էր:
Բայց թագաժահրը այդ երազի իրականացման ալ արգելք դարձաւ…
Գլխուն թագով ներկայացուող այս ժահրը համայն աշխարհին պարտադրեց ապահովական-առողջապահական միջոցառումներ, որոնց մէջէն եւս առաւելութիւններ գտանք…: Ընկերային մեկուսացումը առիթ ընծայեց ինծի նման շատ մը երիտասարդ մայրերու, վստահ եմ, տան մէջ զաւակները վայելելու, սիրելու, անոնց հետ խաղալու, հեւքոտ կեանքէն դադար մը առնելու: (Հակառակ անոր որ այլ կերպի հեւք ստեղծուեցաւ, տունէն աշխատիլը, միեւնոյն ատեն մանուկներուն հետ զբաղիլ, զանոնք ուրախ պահել, անմիջական ընտանիքին ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան եւ ապահովութեան տէր կանգնիլ… այդ մէկը՝ իր կարգին…):
Վերադարձանք դէպի բջիջը, սեղմ եւ անմիջական ընտանիքը… Այս տարի գաթան պիտի պատրաստենք այդ փոքր բջիջով, շատ փոքր… Քանի մը օր առաջ, երբ պզտիկները «բանտէն» արձակածի պէս օդափոխութեան մեր արշաւին ելած էինք , ամուսինիս նայելով՝ ըսի. «Վահէ՛, այս տարի դուն հետս գաթայ պիտի պատրաստես»: Հարցում չէր: Գաթայի պատրաստութիւնը ներկայութիւն կ’ուզէ, շունչ կ’ուզէ եւ ձեռքերը վեր սոթտել կ’ուզէ…
Այս տողերը կը գրեմ, փառք տալու այսօրուան համար եւս՝ մտածելով անոնց մասին, որոնք մեզի պէս ժամանակաւորապէս մեկուսացած չեն, այլ մնայուն… Կը մտածեմ առանձին մնացած մեր երէցներուն մասին, միշտ միտքս է Լիբանանի ծերանոցը գտնուող մեծ հայրիկս, որ անհամբեր կը սպասէ զաւակներուն այցելութիւնը՝ առաջինը, անդրանիկ զաւակին Յարութին, որ անուանակոչութիւնը շնորհաւորէ: Մօրս կողմէն մեծ մայրիկս ու մեծ հայրիկս, որոնք սիրոյ թռչուններու պէս իրենց վաղեմի բոյնին մէջ նստած կը սպասեն, որ իրենց զաւակները այցի գան եւ իրենց սնունդ բերեն: Միտքս կու գան Մոնթրէալի մէջ տեղական հանգստեան տուներուն մէջ ապրող պապիկները եւ մամիկները, որոնք հարազատ այցելութեան կարօտ են, համով հոտով գաթայի կարօտ են:
Բոլորս անհամբեր կը սպասենք այս անիծեալ ժահրի աւարտին, մեկուսացման աւարտին: Հիմնական հարցը, որ զիս կ’անհանգստացնէ՝ ի՞նչ կը սպասէ մեզի ժահրէն ետք: Խօսքս տնտեսական, կամ նիւթական իրողութեան մասին չէ, այլ մեկուսացման հոգեբանական եւ ընկերային ազդեցութիւններուն մասին է: Արդեօք մե՞նք ալ պաղարիւն եւ հեռաւորութիւնները պահել սիրող մարդիկ պիտի դառնանք: Մե՞նք ալ «մենք-մեզի մնալ» պիտի նախընտրենք: Յոյսս է, որ հոն չհասնինք եւ մեր տաքուկութիւնը պահենք, զիրար սիրենք, ընդունինք եւ հանդուրժենք, հիմա հեռուէն, յետոյ մօտէն եւ ջերմօրէն:
Բա՛րի Զատիկ:
Մոնթրէալ, 08 ապրիլ 2020