Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Շաբթուան Մեկնարկ. Աւագ Շաբաթը՝ Հոգիներու Լուացման Առիթ

April 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն
իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս. Ամէն»
։

Յարութեան շրջանի ժամամուտ 

Քրիստոնեայ եկեղեցին առհասարակ եւ ի մասնաւորի հայ եկեղեցին չորս օրեր առաջ՝ Մեծ պահքի շրջանի աւարտին, Ծաղկազարդի տօնէն ետք թեւակոխեց քրիստոնէական կեանքի ամէնէն խորհրդաւոր եւ սուրբ շաբաթը, զոր մեր եկեղեցւոյ հայրերը զայն կոչած են Աւագ Շաբաթ: Արդ, այս շաբթուան ընթացքին եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին դէպքերը, ինչպէս՝ Աւագ երկուշաբթի օր յիշատակ արարչագործութեան  եւ անպտուղ թզենիի առակին միջոցով Քրիստոս կը սորվեցնէ անպտուղ չըլլալ եւ ճիշդ ժամանակին մեր կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնել: Աւագ երեքշաբթի՝ յիշատակ տասը կուսանաց, որով Քրիստոս կը թելադրէ մեր հաւատքի ճրագները վառ պահել, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ գալուստի օրը կամ ժամը: Աւագ չորեքշաբթի՝ յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ Մարիամի կողմէ Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն օծման, որ կը յորդորէ բոլորին չնմանելու Յուդային եւ չմատնելու մեր եղբայրը դրամի փոխարէն, այլ Մարիամի նման մեր վարքով ու օրինակով եւ հաւատքի իւղով անուշցնելու մեր նմաններուն կեանքերը: Աւագ հինգշաբթին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ շաբթուան մէջ, որովհետեւ այդ օր կը կատարուին Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին դէպքերը՝ Ս. Հաղորդութեան հաստատումը, Ոտնլուան, Խաւարման կամ Լացի գիշեր (մատնութիւն եւ ձերբակալութիւն): Ս. Հաղորդութեան խորհուրդով Քրիստոս նոր ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, Ոտնլուայի արարողութեամբ Քրիստոս սիրոյ ու խոնարհութեան գերագոյն օրինակը տուաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, իսկ խաւարման կամ «Լացի գիշեր»-ը Քրիստոսի հետ Գողգոթա բարձրանալու յանձնառութիւն է, որ Քրիստոս յանձն առաւ սիրով կրելու մեր մեղքերը քաւելու համար: Աւագ ուրբաթը սուրբ օր է եւ իր մէջ կ’ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Այս օրուան խորհուրդը կը թելադրէ քրիստոնեաներուս ապրելու այնպէս, որ մեր գործած մեղքերով չխոցենք արդէն խոցուա­ծ Քրիստոսի սիրտը: Աւագ շաբաթ ճրագալոյց է Քրիստոսի յարութեան: Հոգեւոր ցնծութիւնը կը պատէ բոլորին հոգիները եւ յոյսի ու յարութեան աւետիս կու տայ եկեղեցին, որովհետեւ Յիսուս խորտակած է դժոխքի դռները, իր մահով մահուան յաղթած  է եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւած: Կիրակի օր Յիսուսի յարութեան յիշատակի տօնը Տէրունի տօներուն գլխաւորագոյնն է: Քրիստոնեաներուն հաւատքը հիմնուած է Քրիստոսի յարութեան ճշմարտացիութեան վրայ: Տօնին առիթով կազմակերպուած հաւկթախաղերը նոր կեանքի եւ տօնական իմաստ ունին: Գրիգոր Տաթեւացի հաւկիթը կարմիր ներկելու  մասին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Հաւկիթը կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհը, դուրսի կեղեւը կը ներկայացնէ երկինքը, մէջի բարակ թափանցիկ մաշկը՝ օդը, ճերմկուցը՝ ջուրը, իսկ դեղինը մեր երկիրը: Հաւկիթը կարմիր ներկելը կը նշանակէ, թէ ամբողջ աշխարհը գնուած է Քրիստոսի սրբարար արիւնով: Երբ մենք կարմիր հաւկիթ կ’առնենք մեր ձեռքը կը նշանակէ, որ մենք Քրիստոսով կը հռչակենք մեր փրկութիւնը»:

Թող Ս. Յարութեան եւ Զատկուան տօները իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգին կերպարանափոխէ եւ իր կեանքը զարդարէ խոնարհութեամբ, ողորմածութեամբ, ներողամտութեամբ եւ իրերօգնութեամբ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Նախորդը

Շաբթուան Խոկում. Եկեղեցին` Ժողովուրդին Ընդառաջ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Պոլսոյ Պատրիարքին Եւ Պետրոս Շիրինօղլուին Հետ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.