Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Եմ…»

April 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը.
մէկը Հօրը քով չի գար` եթէ ոչ Ինծմով»:

 Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6

 

Արդէն եղաւ մօտաւորապէս ամիս մը, որ նստած եմ տուն` Քուէյթ, եւ չեմ ճամբորդեր: Երեւի իմ աւելի քան երեսուն երկար տարիներու ճամբորդական աշխատանքային կեանքիս մէջ ամէնէն երկար ժամանակն է ասիկա, որ տունը կը մնամ: Սկսայ տեսնել, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել «տան կալանաւորում», որուն դատարանները կը դատապարտեն երբեմն  կարգ մը մեղադրեալներ` իբրեւ պատիժ: Բայց առանձինս չեմ այս մեղադրեալներուն շարքին:

«Տո՛ւն մնա» կարգախօսը ամբողջ աշխարհ դրաւ տան կալանաւորումի վիճակի մէջ: Աշխարհն ամբողջ դէմ յանդիման է «Քորոնա» ժահրի, որ վերածուած է համավարակի եւ ստեղծած համաշխարհային տագնապ: Այս իմաստով տագնապը կ՛ընդգրկէ «Բոլորը(ս)`այսինքն բոլորը(ս)»: Եւ այս համավարակը ստեղծած է սպառնալիք, վախ եւ նոյնիսկ մահ, որ կը հնձէ կեանքեր` տարեց թէ երիտասարդ:

Շատ են ենթադրութիւնները ու դաւադրական վարկածները` քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներուն վրայ  «Քորոնա» ժահրին ազդեցութեան վերաբերող, ինչ որ աւելիով կը սրէ ճգնաժամային մթնոլորտը: Մարդիկ այսօր կը խօսին, որ ներկայ տագնապը աշխարհը կը տանի դէպի նոր համակարգ մը: Բայց ի՞նչ տեսակի նոր համակարգ, որ տարբեր պիտի ըլլայ ներկայէն: Արդեօք պիտի ստեղծուի՞ համակարգ մը, ուր մարդը եւ մարդկութիւնը աւելի ապահով պիտի զգան:

Այնպէս կը թուի, թէ այս տարի Յարութեան տօնին եկեղեցական պատարագներուն եւ պաշտամունքներուն պիտի հետեւինք մեր բնակարաններէն` համացանցին միջոցով: Համացանցի միջոցով թէ այլապէս, հիմնականը այսօր այն է, թէ Յարութեան պատգամը պէտք է դարձնել ապրող իրականութիւն մը, ուր մարդկութիւնը եւ աշխարհը կրնան գտնել իրենց փնտռած ապահովութիւնը:

Քրիստոս կու տա՛յ այդ ապահովութիւնը: Քրիստոս աշխարհ եկաւ յատուկ առաքելութեամբ մը, որպէսզի մարդուն եւ աշխարհին տայ ամբողջական կեանք մը, որ տարբեր է աշխարհէն: Աստուածաշունչին մէջ Քրիստոս եօթը անգամ տարբեր առիթներով ըսաւ. «Ե՛ս եմ»: Ասիկա եթէ մէկ կողմէ զօրաւոր եւ խիստ արտայայտութիւն էր` իր անձին նկատմամբ, բայց նոյնքան նաեւ նպատակասլաց է: Հոն, ուր Քրիստոս կը ձգտի իր անձը առնչել կեանքին եւ անոր մէջ որոշակի եւ հաստատ իրավիճակներու հետ:

Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»: Քրիստոսի այս ճշմարիտ ճամբան կը ստեղծէ կեանք մը, որ կը տանի զայն յաւիտենականութեան, որովհետեւ «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի` պիտի ապրի» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 11:25): Եւ կայ ապրելու եւ յաւիտենականութեան միացնող օղակը: Եւ Քրիստոս հաստատեց. «Մէկը Հօրը քով չի գար` եթէ ոչ Ինծմով» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6): Քրիստոսի ճշմարիտ կեանքի ճամբան կը միացնէ մարդուն ապրած երկրային կեանքը անոր երկնային իրականութեան հետ` իմմա` Հօր Աստուծոյ, որ կը տանի մարդը  յաւիտենականութեան: Այս ձեւով ֆիզիքականը հոգեւորին հետ միաձուլելով, Քրիստոս կը ստեղծէ մարդուն համար ամբողջական էութիւն մը, որուն միջոցով մարդուն կեանքը կ’իմաստաւորուի:

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան իւրայատկութիւնը կը կայանայ ճիշդ այս իրականութեան մէջ. «Ե՛ս եմ»: Չկայ ուրիշ իրականութիւն մը, որ յանդգնած է Քրիստոսի նման ճշմարիտ կեանքի ճամբան ամփոփել ինքն իր անձին մէջ եւ իր միջոցաւ: Այս իրական է եւ իւրայատուկ, որովհետեւ Քրիստոս կերտեց զայն իր անձնական կեանքով: Ան իր կեանքը տուաւ, եթէ մէկ կողմէն խաչին վրայ` իր մահուամբ, բայց նաեւ իր յարութեամբ, երբ ան պատերազմեցաւ մահուան դէմ եւ յաղթեց անոր:

Քրիստոս իր կեանքը շնորհեց, որպէսզի  մարդ արարածը առանձնաշնորհումը ունենայ իւրացնելու եւ ապրելու այս նոր կեանքը: Այս նորին մէջ մարդը պիտի վերագնտէ իր երբեմնի նկարագիրը` իմմա Ստեղծողին «պատկեր»-ը, որ ԲԱՐԻ է:

Աշխարհը եթէ նոր համակարգ կ՛ուզէ ստեղծել այսօր, կայ Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբան, որ կը տանի մեզ բոլորս կեանքի մը, որուն հիմքը ԲԱՐԻ է: Եւ այս բարին է եւ բարիին միջոցով է, որ մարդ դէմ կը կենայ չարին, որովհետեւ չարը` ներկայ օրերու տագնապը, աշխարհէն տակաւին վերացած չէ:

Տագնապ բառը չինարէնի մէջ երկու իմաստ ունի` վտանգ եւ պատեհութիւն: Այսօր ամբողջ աշխարհը` ե՛ս, դո՛ւն եւ բոլո՛րս, կ’ապրինք այս տագնապը եւ անոր ստեղծած վտանգի ահաւոր մթնոլորտը: Ոչ ոք բացառուած է այս անգամ: Իսկ վտանգը «Քորոնա» ժահրն է: Սարսափ, վախ եւ մահ` ամէն կողմ: Աշխարհը այսօր պատերազմ յայտարարած է անոր դէմ: Կայ նաեւ անոր ստեղծած պատեհութիւնը` երկրորդ իմաստը, թէ ի՞նչ զինամթերք պիտի գործածենք, որպէսզի դէմ դնենք այս ժահրին: Բայց մանաւանդ, ի՞նչ տեսակի համակարգ մը պիտի ստեղծենք, որպէսզի աշխարհը դառնայ աւելի խաղաղ, աւելի ԲԱՐԻ:

Ներկայ տագնապը կը տեսնենք որպէս վտա՞նգ, թէ՞ պատեհութիւն:

Քրիստոսի «Ես»-ը կը շնորհէ այս կեանքը` ԲԱՐԻն: Այս կեանքով կրնանք այսօր դէմ կենալ բոլոր տագնապներուն եւ կերտել նոր կեանքեր, ուր աշխարհը կրնայ տեսնել կեանքի իրական արժէքը: Հոն, ուր աշխարհը կը վերագտնէ մարդկայինը ինքն իր մէջ` այսինքն սարին, որմէ աշխարհը հեռացած է այսօր:

Ընտրանքը մերն է` վտա՞նգ, թէ՞ պատեհութիւն:

Երանի «տագնապ»ը տեսնենք որպէս պատեհութիւն, որովհետեւ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Անոր յարութիւնը մեզի դրաւ ճշմարիտ ճամբու մը մէջ, որ կը տանի դէպի նոր  կեանք:

Քրիստոսի յարութիւնը օրհնեալ է, որովհետեւ Նոր Կեանքով մարդը եւ աշխարհը կրնան կերտել բարին, որ օրհնեալ է:

Ընտրանքը մերն է` վտա՞նգ, թէ՞ պատեհութիւն:

Անպայմանօրէն պատեհութիւն, որովհետեւ Քրիստոս մեզի տուաւ ապահովութիւն եւ ըսաւ. «Ե՛ս եմ»: Եթէ աշխարհը ապահովութիւն պիտի ստեղծէ, կը նշանակէ պարտի կառչիլ Քրիստոսի «Ես»-ին, որ մեզ կը տանի ճշմարիտ կեանքին` բարիին եւ Քրիստոսի ստեղծած ճշմարիտ ճամբուն:

Քրիստոս յարեաւ ի  մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

Ապրիլ 2020

Նախորդը

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին Գործունէութիւնը «Քորոնա» Ժահրին Տարածման Դէմ Պայքարելու Եւ Ընկերային Օժանդակութիւններու Վերաբերող

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկները Կ՛առկախուին

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.