Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութեան Շնորհքը

Ապրիլ 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք.
հոս չէ Ան, հապա յարութիւն առած է»:

Ղուկ. 24. 5-6

Աշխարհը մահուան ահազանգ կը հնչեցնէ այսօր, մինչ մենք` քրիստոնեաներս, դարձեալ կը հասնինք տօնելու կեանքը:  Կեանք, որ մահէն ալ անդին կը նայի:

Մահուան ահազանգը իրական է. մահը` իրական:  Համաճարակի վտանգը եւ անով մահանալու վախը ամէն բան խառնեցին:  Անոնց ազդեցութեան տակ` կարգ-կանոն չմնաց, որ չխանգարուի. նոյնացան հարուստ-աղքատ, ուսեալ-անուս, իշխանաւոր-պարզ քաղաքացի, այր-կին, ծեր-երիտասարդ… Ինչ որ կը խորհէինք, թէ լաւապէս յօրինուած եւ հաստատուած դրոյթ էր, յանկարծ` անկարող դուրս եկաւ ստեղծուած նոր վիճակի մը դէմ, զոր կոչեցին «Քովիտ-19»-ի ժամանակ:

Խառնաշփոթը իրական է, սակայն ոմանք տակաւին կը յամառին իրենց հին ձեւերուն մէջ շարունակել իրենց ընթացքները. այս կացութեան մէջ իսկ յաւելեալ անարդար շահու ետեւէ են. կը շարունակեն ամբաստանել իրենց քաղաքական հակառակորդները. կ’այպանեն իրենցմէ զատ ոեւէ մէկը` կացութիւններու իբրեւ պատճառ կամ պատասխանատու. կը յերիւրեն սուտեր եւ կը հրահրեն հաւաքականութիւններ` իրենք-զիրենք հաստատելու նպատակով:  Ուրիշներ, կեղծ կամ` ինչու չէ նաեւ անկեղծ «բարեսիրութեան» առիթ գտած, կ’աշխատին անուն եւ վարկ շահիլ` քաղաքական ապագայ ընտրութիւններու պատրաստ ըլլալու համար, կամ` նուիրեալ ծառայութիւններով` իրապէս կը փորձեն թեթեւցնել մարդոց ծանր վիճակները:

Մահը իրական է. մահուան ահազանգը` իրական. սակայն, չէ՞ որ մահը նաեւ բնական է:  Ինչո՞ւ վախնալ բնական մահէն` առիթ եւ ասպարէզ տալով չարաշահողներուն, որ աւելիով կեղեքեն իրենց նմանները այս վիճակներուն մէջ:  Ինչո՞ւ վախնալ այնքան, որ մեր կեանքէն կորսուի, կորզուի հաւասարակշռութիւնը մեր ընթացքին:

Մահը բնական է, այո՛, սակայն կեանքը եւս բնական է:  Բնական այս կեանքը, զոր կը փափաքինք եւ կը փորձենք իրական դարձնել մեր ապրելու ժամանակին մէջ, իր լաւագոյն վիճակին մէջ անգամ փխրուն է, դիւրաբեկ է եւ անկայուն. գիտե՛նք:  Գիտենք, թէ կարելի է, որ շուտով կորսնցնենք զայն. այս գիտակցութիւնը աւելի եւս տիրական կը դառնայ, երբ կը կորսնցնենք մեր կեանքը ապահով պահելու միջոցները եւ կարողութիւնը:  Բնական կեանքը կորսնցնելու վախով` կը խանգարուի մեր խաղաղութիւնը, կը կորսուի մեր ուրախութիւնը եւ կը չքանայ մեր յոյսը:  Բնական կեանքը անզօր է բնական մահուան դիմաց. վերջին յաղթողը միշտ մահն է, ըստ մեր տեսածին:

Մեր տրամաբանութիւնը կը թելադրէ մեզի, որ ընդունինք մահը իբրեւ  վերջնական իրականութիւն եւ հաշտուինք անոր հետ:  Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն եւ անոնց ընկերացող կիներուն համար ալ այդպէս էր. այս վերջինները, Յիսուսի մահը ընդունած ըլլալով` մոռցած էին, թէ Ան յայտնած էր Իր աշակերտներուն թէ, Ինք յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը:  «Իշխանութիւն ունիմ զայն (կեանքը) դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զայն նորէն առնելու. այս պատուէրը Հօրմէս առի», ըսած էր անոնց (Յովհ. 10. 18):  «Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն բոլորը, որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան Անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ես ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը», սորվեցուցած էր անոնց (Յովհ. 6. 40):  Ասոնք մոռցած` կիները կ’երթային Տէր Յիսուսի գերեզմանը, Անոր մահուան հետ հաշտուած, Անոր մահուան «մարմինը» օծելու:

Կեանքն ու մահը բնական սեպելով` մենք զանոնք կը խառնենք իրար. մինչդեռ` կեանքը բնականէն անդին իրականութիւն մը ունի, զոր կրնանք տեսնել միայն Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ:  «Ողջ»-ը կը փնտռենք «մեռելներուն հետ». մինչդեռ` հոն չէ Ան:  Ան Իր Անձով պարտութեան մատնեց մահը, անոր ամբողջ զօրութեամբ, որպէսզի մենք կեանքի յոյսը, կեանքի յաղթանակին «անսահման» իրականութիւնը չպակսեցնենք մեր «բնական» կեանքէն` զայն դարձնելով մահուան պատմութիւն:

Մահն չէր կարող բռնել Յիսուս Փրկիչն իմ,
Կոտրեց անոր նիգերն, Յիսուս Տէրն իմ:

Տէր Յիսուս Իր հրաշափառ յարութեամբ մեզի կը շնորհէ յաւիտենական կեանքի որակ` մեր այսօրուան կեանքին մէջ:  Անոր յարութեան զօրութիւնը ձրի պարգեւ է մեզի, իբրեւ երաշխիքը այն ձրի փրկութեան, զոր պատրաստեց Իրեն հաւատացողներուն, մեծ գին վճարելով Իր Անձով` խաչին վրայ:  Ուրեմն, մահուան պատմութիւն չգրենք` «բնական»-ին մէջ սահմանափակելով մեր կեանքը մահուան դիմաց. «Ողջ»-ը մեռելներուն մէջ չփնտռենք, այլ` ընդունելով Անոր յարութեան շնորհքը, Անոր յարուցեալ կեանքին զօրութեան նայինք, «բնական» կեանքէն եւ մահէն ալ անդին:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան
Նախագահ  Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

12 ապրիլ, 2020

Նախորդը

«Վերցուցած Են Յիսուսի Մարմինը Իր Գերեզմանէն Եւ Չենք Գիտեր Ուր Դրած Են Զայն»

Յաջորդը

Տագնապի Մէջ Միայն Աստուծոյ Ներկայութիւնը Կրնայ Խաղաղեցնել Մեզ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?