Յօդուածներ

Աւելի՛ Վտանգաւոր Ժահր Մը

Փոխանցում- Խարխափում-Զում

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Ամիս մը առաջ ֆրանսական հեռատեսիլի TV5 կայանէն սփռուեցաւ հարցազրոյց մը ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի եւ երգիչ Տան Ղարիպեանի հետ: Իրենց աղջիկներն ալ կը մասնակցէին հարցազրոյցին: Երկուքն ալ ըսին որ շնորհիւ իրենց հայրերուն, հետաքրքրուած եղած էին իրենց ակունքով, այցելած ու վերայցելած էին Հայաստան եւ ուրա՛խ էին որ իրենց փոխանցուած էր ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:  «Հայերէն չենք խօսիր, բայց հայ կը...

Բաց Նամակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

Բաց Նամակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ԿԱՐԻՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Ճարտարապետ, տարածքային նախագծող Միացեալ Նահանգներ ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ճարտարապետ Պելճիքա Մեծայարգ պարո՛ն Փաշինեան, Ձեզի կը դիմենք՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ կառավարման թարմ եւ մասնագիտական նոր մշակոյթի մը հաստատման նախանձախնդիր քաղաքական գործիչներ։ Հայաստանի մէջ տարածքային նախագծման (քաղաքաշինութեան) ոլորտը, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ յետյեղափոխական շրջանին կ՛ընկղմի ներդրումային աղմկալի ծրագիրներու յորձանուտին մէջ։ Տարածքային նախագծման այս ոլորտը, երկար տարիներու վրայ կորսնցնելով իր դերը,...

Նկատումներ Ինքնամեկուսացնող Ժահրի Մասին

Շնորհաւորական, Սակայն Ոչ Ուրախառիթ Նամակ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազրպէյճանի անկախութեան տօնին առիթով այդ երկրին նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած է աւանդական շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ «Միացեալ Նահանգներ ուժեղ կերպով կը զօրակցին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան», եւ անմիջապէս կ՛աւելցնէ. «Միացեալ Նահանգներ եւ Ազրպէյճան մօտ 30 տարի գործակցած են` ամրապնդելու համար միջազգային անվտանգութիւնը եւ բազմազան դարձնելու եւրոպական ուժանիւթի ուղիներն ու...

Համահայկական Դերակատարութիւն`  Համահայկական Զօրակցութիւն

Համահայկական Դերակատարութիւն` Համահայկական Զօրակցութիւն

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած ճգնաժամը վերածուեցաւ համաշխարհային չարիքի` սպառնալով համայն մարդկութեան եւ անդամալուծելով մարդկային կեանքի բնականոն ընթացքն ու հունը: Ակներեւ է, որ համավարակի աւարտէն ետք նաեւ անոր ազդեցութիւնը երկար ժամանակ  պիտի խոչընդոտէ մեր կեանքը` անհատական ու հաւաքական մակարդակներու վրայ: Լիբանանի պարագային, սակայն, համավարակը եկաւ աւելիով ծանրացնելու այլապէս առկայ ընկերատնտեսական աննախընթաց տագնապը, որ արդէն իսկ երկիրը մատնած էր ամլութեան: Երկար...

Հրաժեշտ` Վերջին Անթոյեանին … Եւ Սեդայիկին

Հրաժեշտ` Վերջին Անթոյեանին … Եւ Սեդայիկին

ԽԱԺԱԿ Շատ կարօտցած էիր ձերիններուն, մանաւանդ` Վարդուկին: Դիմատետրի էջիդ վերջին տեղադրումները ա՛յդ ցոյց կու տային: Ու յանկարծ` հրաժեշտներու անհուն տարափ մը, յիշատակի նկարներ: Դիմատետրի էջդ կը մնայ: Դուն արդէն չկաս: Ընկերուհի Մարա՛լ, ինչպէ՞ս ձգեցիր «Գովալիզ»-ը` Անթոյեաններու խանութը: Ո՞վ քեզի նման պիտի գուրգուրայ անոր: Յաջորդ Լիբանան այցիս, ինչպէ՞ս պիտի անցնիմ այդ թաղէն եւ ալ չկարենամ մտնել քովդ բարեւ մը տալու: Հապա...

Մինչեւ Ե՞րբ

«Երազը Ունինք»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստանի մէջ վերջին շաբաթներուն արձանագրուած լարուած մթնոլորտը փաստօրէն պէտք է դիտել լաւրովեան ելոյթէն ետք տիրող զարգացման պրիսմակէն: Անցեալները ֆրանսական կայանի քաղաքական վերլուծող մը կ՛ըսէր, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մինչ աշխարհը սարսափի եւ իրարանցումի մէջ է, մեծ պետութիւնները սկսած են կարգ մը քաղաքական, շրջանային, միջինարեւելեան եւ տնտեսական հին ծրագիրներ գործադրել` այն յոյսով, որ աշխարհը զբաղած է այդ ժահրով, ուստի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հապշտապ Սատար` Լիբանանահայութեան

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հապշտապ Սատար` Լիբանանահայութեան

«Առանց բացառութեան, բոլորս գործենք նոյն ուղղութեամբ` հայրենիքին ու հողին մեր պատկանելիութիւնը պահպանելու...»: Վերոյիշեալ խօսքը կրնայ մոլորեցնել ընթերցողն ու հայորդին: Այդ խօսքը կը պատկանի դեռ քանի մը շաբաթ առաջ մահացած պատմաբան- հնագէտ Նինա Ճիտէճեանին (1925-2020), որ ծնած էր Միացեալ Նահանգներ (Պոսթըն - Մասաչուսէց)  եւ ապա երկար տարիներ ապրած ու գործած` Լիբանանի մէջ: Ան հպարտ էր իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ: Առ այդ,...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Նոր Գաղափարախօսութիւններ Պիտի Ծնի՞ն (Խորհրդածութիւն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Շուտափոյթ լծուիլ հանրային գիտակցութեան զարգացման աշխատանքին»: ՌԱՖԻՔ ՆԱՍՐԱԼԼԱՀ (ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ) Երբ տան «կալանաւորն» ես դարձեր, պատեհ առիթ չես փախցներ` օգտուելու ընձեռուած ազատ ժամանակէն: Հակառակ այն իրողութեան որ ինքնամեկուսացումը այս օրերուն բարիք մը ըլլալէ աւելի գիտակցական մակարդակ մըն է` դուն քեզ եւ շրջապատ մը ամբողջ զերծ պահելու աներեւոյթ թշնամիին հարուածէն: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրին, որ իր...

Ակնարկ.   Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Սահմանին Ուղղութեամբ

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Սահմանին Ուղղութեամբ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը  կը հաղորդէր, որ 13 մայիսին, ժամը 14:00-ին, ազրպէյճանական մարտական յենակէտերէ խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին ուղղութեամբ: Կրակոցներուն հետեւանքով տուժածներ չկան, վնասուած են բնակելի տուներ: Թշնամիի կրակակէտերուն ուղղութեամբ հայ սահմանապահներուն ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդը լռեցուած է: Առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան Հայաստանի հետ պետական սահմանին եւ սահմանամերձ շրջանին ուղղութեամբ ռազմական ոտնձգութիւն կը կատարէ:...

«Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ Բացի Այլ Ելք Չունի» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

«Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ Բացի Այլ Ելք Չունի» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հեռաձայնային եւ վիտէօ հաղորդակցութեամբ հարցազրոյցներ ունեցաւ «Արապիա» եւ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Նահար»-ի առցանց պատկերասփիւռին հետ: Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւալի յիշատակ է բոլոր հայերուն համար, ուր որ ալ ըլլան անոնք` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: «Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն համար սուգի օր ըլլալէ անկախ, Ցեղասպանութեան...

Անդրադարձ.  Հետեւանքներով Լեցուն Մեծ Յայտարարութիւն

Անդրադարձ. Հետեւանքներով Լեցուն Մեծ Յայտարարութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումէն ետք, առաջին հայեացքով այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, թէ «աներեւոյթ թշնամի»¬ին դիմաց բոլորն ալ հաւասար են: Պատրանք մը, որ շուտով չքացաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ անոր նախընտրած որսերը հասարակութեան խոցելի անդամներն են` տարեցները, առողջապահական խնդիրներ ունեցողները, ինչպէս նաեւ անոնց «պահապանները»` առողջապահութեան ու ընկերային մարզի աշխատակիցները, որոնք դարձան անոր աննուղղակի, սակայն նկատառելի թիւով զոհերը:...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Ծափենք… Ձեռնոցով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Շուարեր-մնացեր եմ: Չեմ գիտեր, թէ որո՞ւ խօսքին հետեւիմ... Գործի երթա՞մ, թէ՞ շարունակեմ տունը բանտարկուած մնալ,- հարց տուաւ բարեկամս, հեռաձայնին միւս ծայրէն: Արդէն աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր բարեկամ-ծանօթ-հարազատի հետ հաղորդակցութեան միակ ձեւը մնացեր է հեռաձայնը: Վստահ եմ, ամէն մարդ ալ ինծի պէս ամէն օր կ՛օրհնէ յիշատակը Կրահամ Պէլի եւ իր գիւտը զարգացնողներուն... - Ինչո՞ւ շուարեր ես:...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

«Քորոնա» Ժահրի Մարտահրաւէրի Դիմակայում. Յառաջդիմականներու Եւ Պահպանողականներու Մօտեցումներու Բաղդատական

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Այսօր մարդկային ընկերութիւնը ամբողջովին տարբեր հոգեվիճակի մէջ է, քան նախորդ ժամանակաշրջաններուն: Ամէն մէկ ճգնաժամային իրավիճակ մարդ անհատին մօտ կը ստեղծէ տարբեր հոգեվիճակներ. հոգեվիճակներ, որոնք կը բխին մարդկային ընկերութեան վրայ ճգնաժամին պատճառած առարկայական թէ ենթակայական ազդեցութիւններէն: Այսօր աւելի քան երբեւէ մարդկային հասարակութեան խիղճին մէջ դրոշմուած է ընկերային արդարութեան համամարդկային արժէքը: Տարբեր ընկերային դասակարգերու, սերունդներու, գոյներու, ցեղային խումբերու, սեռային պատկանելիութիւններու...

Հպա՛րտ Եմ Քեզմով Ո՜վ Լիբանանահայութիւն

Հպա՛րտ Եմ Քեզմով Ո՜վ Լիբանանահայութիւն

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի վերջին հաղորդագրութիւնը ծայրէ ծայր կարդալով, ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ կատարուած աշխատանքներուն անդրադառնալու միտող «Վանայ ձայն»-ի հարցազրոյցները դիտելով, ինչպէս նաեւ ընկերներուս հետ զրուցելով, նորէն հպարտ զգացի իբրեւ հայ: Հպա՛րտ եմ, որ առանց պետական համապատասխան գերատեսչութեանց ու հաստատութեանց կրցաք այդքան արագ կազմակերպուիլ եւ գործի լծուիլ: Հպա՛րտ եմ, որ այդպիսի պատասխանատու կեցուածք եւ առողջ գիտակցութիւն...

Երեւանի Քաղաքապետարանը Դէմ Է Արամ Մանուկեանի Կենսագրական Տուեալներով Ցուցանակի Տեղադրման

Ակնարկ. Հրապարակե՛լ Պետական Ծրագիրը` Մայիս 28-ի Համահայկական Տօնակատարութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսութեան ընթացքին մեր երկրի վարչապետը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը բնութագրեց իբրեւ մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալը: Առաքելատիպ կենսագործունէութիւն ամրագրած ըլլալու փաստերու ընդգծումով նման բարձր գնահատականներ հնչեցին նաեւ Սարդարապատի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին պաշտօնական ուղերձներուն ընդմէջէն: Կը գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին: Ներկայ պայմանները կը յուշեն, որ տօնակատարութիւնները արտակարգ դրութեան...

Չարաբաստիկ Նորացուած Մատրիտեան Սկզբունքները

Փաշինեանի Ուշագրաւ Խոստովանութիւնը` «Այսօր Մեր Եւ Իմ Մեծագոյն Պարտութեան Օրն Է», Կամ` Պատգամաւորներու «Մանտադ»-ները…

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ     Այո՛, իրաւացի է պրն. Փաշինեանը, երբ իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, թէ` «այսօր մեր եւ իմ մեծագոյն պարտութեան օրն է», որովհետեւ իրապէս 8 մայիսի բռնութեանց միջադէպը ներկայ վարչակազմի քաղաքական եւ բարոյական մեծագոյն պարտութիւնն է, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան եւ միջազգային հեղինակութեան պարտութիւնն է, որմէ անյետաձգելիօրէն պրն. Փաշինեանը պարտաւոր է եզրակացութիւններու յանգիլ: Արդեօք ինք եւ իր քաղաքական խումբը տակաւին ի վիճակի՞...

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Առիթով Հայկական Մշակութային Գոհարներու Ներկայացում` Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» Պատկերասփիւռի «Միուզիքըլ» Յայտագիրէն

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Առիթով Հայկական Մշակութային Գոհարներու Ներկայացում` Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» Պատկերասփիւռի «Միուզիքըլ» Յայտագիրէն

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ կը սնուցանէ ոգին ի՛ր իսկ ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին»: ԿՈՄԻՏԱՍ Ազգերու պատմութեան մէջ մեծերը սոսկ երեւոյթ չեն, այլ նոյնինքն ազգին ինքնութիւնը կը կերտեն: Հայոց պատմութեան մէջ Մեսրոպ Մաշտոց մեր ինքնութեան հիմնադիրը եղաւ եւ մեր գոյատեւումը գիրով ու բանով դարբնողը: Կոմիտաս եկաւ ամբողջացնելու Մեսրոպ Մաշտոցի աշխատանքը, որովհետեւ հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն .  Անկախութեան Պահպանումը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Քորոնա» Ժահրին Ժխտական Եւ Դրական Կողմերը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Այսօր մարդկութիւնը ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի «Քորոնա» ժահրի ունեցած բազմապիսի վնասներուն պատճառով: Մարդկային եւ տնտեսական վնասներու կողքին, մարդիկ կ՛ունենան հոգեբանական եւ հոգեկան վերիվայրումներ, որոնք հետեւանք են անսահման մտահոգութեան, եւ որոնք մարդ արարածը դէպի անորոշութեան կ՚առաջնորդեն: Այս դարու մարդը ընդհանրապէս պարպուած է հոգեւոր սնունդէ, եւ անոր կեանքին կիզակէտն ու նպատակը միմիայն նիւթը դարձած է. նիւթական եւ մարդկային վնասները աւելի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  6 Մայիսին՝ Արաբ Եւ Հայ Նահատակներուն Հոգիները Շաղկապուեցան

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. 6 Մայիսին՝ Արաբ Եւ Հայ Նահատակներուն Հոգիները Շաղկապուեցան

Այլ ազգերու քաղաքակրթութեանց, հարստութեանց եւ հողերուն բռնագրաւումով ընդլայնած Օսմանեան կայսրութիւնը համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն իր անկումը կ’ապրէր: Այդ անկումը հետեւանք էր նախ օսմանեան պետութեան ներկայացուցիչներուն փտածութեան, ապա նաեւ ոչ-թուրք տարրերուն նկտամամբ ցուցաբերուած անվերջ կեղեքումներուն եւ բռնի թրքացման քաղաքականութեան, որուն իբրեւ արդիւնք ժողովուրդները իրենց ազատ ապրելու արդար իրաւունքը կը պահանջէին: Բռնութիւնն ու սպանդն էր օսմանեան ղեկավարներուն միակ պատասխանը: Կայսրութեան ենթակայ ժողովուրդները...

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական.  Միշտ Ալ Մերն Է Բարձունքը…

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Միշտ Ալ Մերն Է Բարձունքը…

«Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան, Տղերքն աւելի բարձրում մնացին: Շահեցի՞ր երկիր, թէ՞ կորցրեցիր. Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան․․․» Խաչիկ Մանուկեան (հայրենի բանաստեղծ) Այդ օր ․․․ Մայիս 9, 1992-ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերը դեռ չէին  ղօղանջեր, բայց շուտով, շատ շուտով․․․ միայն ժամեր ետք պիտի ղօղանջէին։ Այդ օր այդպէս որոշած էին տղերքը՝ վճռակամ ու խիզախ ազատամարտիկները։ Անոնք որոշած էին շարունակել...

Page 504 of 1112 1 … 503 504 505 … 1,112

Արխիւներ