ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Յարգելի բարեկամներ,
Երէկ , այցելեցինք Պէյրութի կեդրոնական հրապարակը եւ յարգեցինք 6 Մայիսի Լիբանանի նահատակաց օրը։
Դժբախտաբար, այս առիթը, անցնող տարիներուն, պետական եւ յատկապէ՛ս կառավարական մակարդակի վրայ՝ փորձուեցաւ այլափոխել իբրեւ էութիւն։ Այս առումով նաեւ Լեռնալիբանանի մէջ Թուրքիոյ ի գործ դրած սովի եւ վայրագութեան վարքագիծը փորձ կատարուեցաւ դուրս բերելու հաւաքական յիշողութեան պարունակէն։
Այս առիթով, յիշեցնենք, որ 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հանրապետութեան նախագահ՝ Միշէլ Աունի, Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկման առիթով։ Այս հանդիպումին, նախագահը հաստատեց, որ կարելի չէ անդրադառնալ Մեծն Լիբանանի հռչակման, առանց նշելու անոր նախօրեակին Լիբանանի մէջ տիրած պայմանները , յատկապէս Լիբանանի սովը , որ լիբանանցիներու դէմ գործուած սպանդ մըն էր ։ Նախագահը մէջբերեց նաեւ Էնվէր փաշայի կողմէ Ճեմալ փաշայի յղուած խօսքը «հայերը սուրով ջարդեցինք, իսկ լիբանանցիները սովի պիտի ենթարկենք»։ Պատուիրակութեան անունով Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով Օսմանեան Թուրքիոյ կիրարկած անմարդկային վարքագիծը հաստատող Լիբանանի նախագահին պատգամը՝ լիբանանեան խիղճէն բխած պատգամ էր եւ պատմական անհերքելի ճշարտութիւններ կը պարփակէր։
Հարկ է նշել նաեւ նախագահի պատգամը օրին, ժխտական հակազդեցութիւն ստացաւ քաղաքական կարգ մը կողմերէ։
Այսօր, դարձեալ , երեւելի եւ աներեւոյթ գործօններու հրահրումով ճիգ կը կատարուի Մայիս 6-ի խորհուրդը նսեմացնելու, այս անգամ ժողովրդային ընդվզումի պիտակին տակ թաքնուած կարգ մը կողմերու դերակատարութեամբ, որոնց հովանաւորները իրենց ներշնչանքը կը ստանան նաեւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ ներկայի իշխանաւորներու կողմէ։
Պատմութիւնը նենգափոխելու թրքավարի այս վարքագիծը միշտ ալ արժանացած է համայն հայութեան, այս պարագային Լիբանանի հայութեան, յախուռն դիմակայումին։ Աւելի՛ն, լիբանանահայութիւնը երէկ, այսօր եւ վաղը նաեւ՝ իբրեւ պահանջատէր հաւաքականութիւն , պիտի շարունակէ այս օրը պահել իր հարազատ պատուանդանին վրայ։
Թող ո՛չ ոք՝ բարեկամ թէ թշնամի՝ համարձակի այս իմաստով մեր համոզումն ու երթը մշուշապատել, ծուղակներ ստեղծել, գրգռութիւն սերմանել։
Մեր ծաղկեպսակին ու յարգանքին մի՛շտ պիտի արժանանան 6 մայիսի նահատակները եւ պիտի յիշեցնենք Լիբանանի գալիք սերունդներուն նաեւ, որ թուրքը անցած է նաեւ այստեղէն։ Այսօր ան դարձեալ հոս է. այս առումով զգաստութիւնն ու ողջմտութիւնը պէտք է դառնան գերակշռող Լիբանանի պետական, ժողովրդային, հանրային բոլոր շրջանակներուն մէջ։
ՄԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆՔ ՈՒ ՄԵՐ ԵՐԹԸ ԱՆՇԵՂ, ՀԱՍՏԱՏ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է։