Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաշուեյարդա՞ր»

Մայիս 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»

 ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Ապրիլ 1975: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբ: Այդ օրերուն չէինք կրնար պատկերացնել, թէ պիտի սկսինք ապրիլ նոր փուլ մը` բոլորովին տարբեր, քան ինչ որ ունէինք Լիբանանի մէջ: Չէ՞ որ Պէյրութը աշխարհի ամէնէն հմայիչ քաղաքներէն մէկն էր: Այսպէս ըսած` աշխարհը քով-քովի բերող հմայիչ քաղաքը: Այդ օրերուն կարծեցինք, թէ քաղաքացիական կռիւները  երեւի շուտով կը վերջանան ու կ’անցնին: Բայց այդ «շուտով»-ը եկաւ մեզ բոլորս դնելու նոր իրավիճակի մը մէջ:

Եւ կեանքը սկսաւ իր ընթացքը առնել: Ռմբակոծում, քանդում, մահ եւ գաղթ, ներառեալ` հայկական իրականութեան համար: Գաղութի թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ: Երկրորդական վարժարանը հազիւ աւարտած էի, երբ արդէն բոլոր դասընկերներս մեկնեցան Լիբանանէն: Մեծ քոյրս, որ արդէն Լոս Անճելըս հաստատուած էր, «ալ խեր չմնաց Լիբանանէն» կրկնուող յանկերգով քաջալերեց զիս, որ ես ալ Միացեալ Նահանգներ հաստատուիմ եւ հոն շարունակեմ համալսարանական ուսումս:

Ուրախութիւնս անսահման էր` այդ օրերու երիտասարդական տրամադրութեամբ եւ խանդավառութեամբ, վերջապէս պիտի իրագործուէր իմ ալ «ամերիկեան երազս»: Բայց այդ օրերուն նաեւ պիտի սկսէի սորվիլ, թէ կեանքն ալ ունի իր ընթացքը, որ անպայմանօրէն չի համընկնիր երազածիդ հետ:

Այդ օրերուն Պէյրութի մէջ ամերիկեան դեսպանատուն չկար: Պէտք էր Դամասկոս երթայինք` կատարելու համար բոլոր գործողութիւնները: Նկատի ունենալով, որ պատերազմական օրեր էին, Սուրիա հասնելու համար պէտք էր լեռնային ճանապարհները գործածել` իրենց ոլոր-մոլոր դարձուածքներով:

Դէպի Սուրիա ճամբորդութեան ընթացքին հայրս սրտի կաթուածով մահացաւ, ուստի պէտք է վերադառնայինք Պէյրութ: Յուղարկաւորութիւնը կատարեցինք շատ քիչ թիւով հարազատներու ներկայութեան` յար եւ նման ներկայ օրերու յուղարկաւորութիւններուն: Չէ՞ որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Բայց տակաւին որոշած էի իրականացնել «ամերիկեան երազս»: Ու դարձեալ Դամասկոս` ամերիկեան դեսպանատուն, ձեռքս խճողուած համալսարանական ընդունման եւ ֆինանսական ապահովութեան օրինական փաստաթուղթերով: Հիւպատոսին դէմքը խոժոռ էր, այնքան մը, որ մինչեւ այսօր տակաւին չեմ մոռցած զայն: Չուշացաւ իր  նոյնքան անհաճոյ որոշումը. «Կարելի չէ քեզի ամերիկեան մուտքի արտօնութիւն տալ»:

Յուսախա՞բ` անպայման: Բայց նաեւ այդ օրերու երիտասարդական տրամադրութեամբս, Լիբանանի պատերազմական եւ անորոշ վիճակներուն դէմ յանդիման զգացի, թէ բոլոր երազներս չքացան: Ինչո՞ւ ես:

Պիտի վերադառնայի Պէյրութ եւ կեանքս  շարունակէի այս վտանգաւոր ու անորոշ երկրին մէջ: Լիբանանի այդ բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ պիտի տեսնէի, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր կեանքս շարունակէի, բայց մանաւանդ` կերտէի: Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածին կողքին կային նաեւ միջինարեւելեան տակնուվրայութիւնները: Տարածաշրջանը դարձած էր պայթուցիկ, իսկ աշխարհը կարծես կը դիտէր մեզ, մինչ մենք կը պայքարէինք կեանքի համար ու մահուան դէմ: Այս միջոցին էր, որ մայրս ալ մեկնեցաւ այս աշխարհէն` անակնկալ եւ անժամանակ մահով մը:

Լիբանանէն ետք աշխատանքային տարածաշրջանս դարձան Արաբական Ծոցի երկիրները: Հոս սկսայ տեսնել, թէ ի՛նչ կը  նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ ոչ քրիստոնէական երկիրներու մէջ, եւ քրիստոնէական գործ ընել, այսպէս ըսած, «գոց» տարածաշրջանի մը մէջ: Եթէ մէկ կողմէ կար կրօններու միջեւ տարբերութիւն եւ զիրար հասկնալու անհրաժեշտութիւն, բայց նաեւ` տարբեր ազգութիւններու հետ ապրելու գրաւական: Պիտի սորվէի, թէ հայկականութենէ եւ լիբանանցիութենէ դուրս կայ ուրիշը, որ տարբեր լեզու, մշակոյթ եւ կենցաղ ունի: Պիտի սորվէի, թէ ուրիշը նոյնքան մարդ է եւ արժէք, զոր պէտք է յարգել, հասկնալ, բայց նաեւ` ընդունիլ:

Բայց այն, ինծի համար կեանքի մեծ դպրոց հանդիսացաւ մեծ թիւով ասիացի եւ ափրիկեցի բանուորներու ներկայութիւնը: Անոնք, որոնք կ’ապրին ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ` փոքր աշխատավարձք, խճողուած ու խղճալի բնակարաններ, եւ տակաւին ֆիզիքական ու հոգեկան բռնաբարում եւ ճնշուածութիւն: Անոնք կ’ուզեն պատմել իրենց պատմութիւնը: Իւրաքանչիւրը ունի իր կեանքի փորձառութիւնն ու անոր ծանր լուծը, զորս իրեն հետ բերած է մինչեւ Արաբական ծոցի երկիրներ` երեւի թեթեւցնելու եւ ձերբազատուելու համար այդ բոլորէն: Բայց հոս կը տեսնեն, թէ աւելի կը բազմանան իրենց հարցերը եւ կը փնտռեն կարեկցութիւն: Ինձմէ՞: Աշխարհէ՞ն:

Այսօր նստած եմ տունը` Քուէյթ, եւ միայն պատուհանէն կը վայելեմ կապոյտ ծովը: Գարնանային պայծառ եւ արեւոտ օր մըն է: Կը դիտեմ ծովը եւ կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն գեղեցիկ է եղեր: Վերջապէս Աստուծոյ ստեղծագործութիւններէն մէկն է, որ ԲԱՐԻ է: Կ’ուզեմ դուրս գալ շէնքէն եւ հասնիլ ծով: Բայց կարելի չէ, որովհետեւ կան երկաթեայ արգելքները մեր ամբողջ թաղամասի երկայնքին եւ լայնքին` խոչընդոտելով ոեւէ բնակիչին ելումուտը:

Իսկ պատճա՞ռը` «Քորոնա» ժահրը, որուն պատճառով ալ մեր օրերու լոզունգը դարձած է «Տունը մնա՛, ապահով մնա՛»: Այս ժահրն ալ երեւի 1975-էն սկսեալ իմ-մեր կեանքերու շարունակուող պատերազմ-անորոշութիւն-անապահովութիւն վիճակն է: Միայն մէկ տարբերութեամբ` այս անգամ ամբողջ աշխարհը կ’ապրի միեւնոյն տագնապը: Չկայ դիտող: Բոլորս նոյն վիճակին մէջ ենք:

Պատմութեան ու անոր իրադարձութիւններուն սլաքը ետեւ տանելով` կ’երթամ մինչեւ 1975, երբ Լիբանանի պատերազմը սկսաւ: Եւ մէկ-մէկ սկսայ ապրիլ իւրաքանչիւր անորոշ եւ բախտորոշ իրավիճակներ` հասնելով մինչեւ ներկայ` ժահրին հետ մեր հանդիպումը: Այս բաւական երկար ճամբուն նայելով` սկսայ մտածել: «Շատ չէ՞ այսքան  պատուհաս մէկ կեանքի ժամանակահատուածի մը համար»:

Ծանրաբեռնուածութենէս դուրս կու գամ եւ կը մտածեմ այս երկիրներուն մէջ ապրող բանուորներուն` բարեկամներուս մասին: Այս օրերուն եւ Արաբական ծոցի տարածաշրջանին մէջ մեծ մտահոգութիւն է բանուորներուն վիճակը: Երբ պետութիւններ կը քաջալերեն ժողովուրդը, որ իրարմէ հեռու մնան ապահով մնալու համար, անոնք` բանուորները, իրենց խճողուած սենեակներուն մէջ, մէկը միւսին ետեւէն կը վարակուին  ժահրով: Ո՞վ պիտի ազատէ զիրենք, եւ ո՞վ պիտի հոգայ ու խնամէ զանոնք:

Դարձեալ ծովն է, որուն կապոյտ ջուրերուն նայելով դարձեալ կ’ապրիմ անոր գեղեցկութիւնը: Ծովը, տիեզերքը եւ այդ բոլորը կազմող մեր կեանքը, իսկ գեղեցիկ կեանք ապրելու համար պէտք է նոյն այս կեանքը լիցքաւորել: Աշխարհը այսօր այս ժահրին դէմ յանդիման կը գտնուի, այդ պատճառով ալ կանգնած է կարեւոր փուլի մը դէմ յանդիման: Ինչպէ՞ս պէտք է լիցքաւորել այսօրուան աշխարհն ու մեր կեանքը այս փորձառութենէն ետք, ի՞նչ արժէքներով ու պիտակով:

1975-էն ետք առիթ ունեցայ բազմիցս Ամերիկա այցելելու: Այն երկիրը, որ այդ օրերուն մերժեց զիս ընդունիլ: Բայց ես շարունակեցի կեանքս Միջին Արեւելքի մէջ` անոր բոլոր անորոշութիւններուն եւ տակնուվրայութիւններուն մէջ: Այսօր, երբ աշխարհին հետ բոլորս ալ կ’ապրինք տակնուվրայ օրեր, երբ այլեւս չկան աշխարհագրական գործօնն ու անոր ապահովութիւնը եւ առանձնաշնորհումները, բոլորս միասին ենք`  նոյն պարունակին մէջ ու անոր դէմ յանդիման:

Եւ կայ կարեւոր պարտականութիւն-գիտակցութիւն մը` բոլորիս կեանքերը լիցքաւորելու հրամայականը: Ի՞նչ, ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս…

Ու դարձեալ անհասանելի այս գեղեցիկ ծովը: Տեսայ նոյն ծովուն մէջէն, թէ կեանքը գեղեցիկ է: Նաեւ իմ կեանքս` անկախ իր բոլոր դժուարութիւններէն: Եթէ փարեցայ եւ սիրեցի կեանքս իր ամբողջութեան մէջ` Լիբանան, Արաբական ծոցի երկիրներ թէ այլուր, այդ ալ որովհետեւ տեսայ, թէ Աստուած զայն ստեղծեց գեղեցիկ եւ կոչեց` ԲԱՐԻ:

Իսկ մա՞րդը: Ի՞նչ ըրաւ նոյն այս գեղեցիկ եւ բարի կեանքին հետ:

Քուէյթի  տանս մէջ կալանաւորուած, ծովը  դիտելով հաշուեյարդար կը կատարեմ կարծես: 1975-էն մինչեւ այսօր: Եւ այդ կեանքին բոլոր ելեւէջներուն մէջէն բանաստեղծին հետ ես ալ կ’ըսեմ. «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց»: Բանաստեղծին պատասխանը դիպուկ է. «Ինչ որ տուի ուրիշին»:

Ի՞նչ բանն է, որ պիտի տանք ուրիշին: Բարին:

Ի՞նչ կեանքեր պիտի կերտենք այս ժահրէն ետք: Բարին:

Հաշուեյարդա՞ր: Այսօր` իմ, քու եւ մեր բոլորին:

Եթէ իւրաքանչիւրս ունի իր կեանքը, որ կ’ունենայ ուղղութիւն, կը ստանայ ընթացք եւ կը կազմաւորուի հոս թէ հոն: Եւ իւրաքանչիւրիս  կազմաւորուող կեանքին մէջ  կայ մէկ միացնող եւ հասարակ յայտարար մը, որ կը դառնայ մարտահրաւէր, այդ ալ մեր կեանքերը ինչպէս լիցքաւորել է` անկախ աշխարհագրական տուեալներէ եւ պայմաններէ:

Եւ լիցքաւորումի գրաւակա՞նը` «Այն որ կու տանք ուրիշին»: Եւ ուրիշին պիտի տանք կեանք մը, որ ԲԱՐԻ է: Ուրիշին տալն է: Իսկ տալը` լիցքաւորելը, անպայմանօրէն ԲԱՐԻՆ:

 

 

 

 

Նախորդը

Երկարատեւ Դադարէ Ետք Ուհանի Մէջ Վարակման Նոր Դէպք Թրամփի Կարծիքով` «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Անհետանայ Առանց Պատուաստանիւթի

Յաջորդը

Ուշագրաւ Մատնանշումներ

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?