Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամբողջական Յաղթանակի Օրը Մօտեցնելու Համար (Շուշիի Ազատագրման Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծման 28-Ամեակին Առիթով)

May 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Համաշխարհային տագնապալի պայմաններու մէջ հայութիւնը այսօր կը նշէ Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման 28-ամեակը:

«Քորոնա»-ն, տնտեսական տագնապն ու Հայաստանի ներքաղաքական անհանգիստ վիճակը արգելք չեն հանդիսանար, որ հայ մարդը այսօր, առօրեայ հոգերէն անդին, յիշէ Շուշիի սխրագործութիւնը, յարգանքի իր տուրքը ընծայէ Արցախի հերոսական բանակին եւ պարծենայ 28 տարի առաջ կատարուած պատմական իրագործումով:

Յիշատակման եւ յարգանքի տուրքին հետ միասին, սակայն, բնական է, որ հայ մարդը նաեւ հարց տայ, թէ 28 տարի ետք, իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ, ի՞նչ կ’ընենք 9 մայիսի զինուորական յաղթանակը քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յաղթանակով ամրապնդելու համար, Շուշին բարգաւաճ ու անառիկ պահելու համար, Արցախի բանակը հզօր ու անպարտելի դարձնելու համար:

Հարցումին պատասխանը պարտաւոր է տալ Արցախեան պայքարի նուաճումներով հպարտացող իւրաքանչիւր հայ, նախ ինքնիրեն, ապա` իր ժողովուրդին եւ պատմութեան, անկախ այն իրողութենէն, թէ ի՞նչ հանգամանք կը վայելէ եւ կամ քաղաքական թէ գաղափարական ի՞նչ հոսանքի կը պատկանի ան:

Արցախեան պայքարը համահայկական խնդիր է եւ համահայկական ճիգերով իրագործուած նուաճում մըն է: 1988-ին ծայր տուած այդ պայքարը յեղաշրջեց մեր կեանքը: Հայ մարդուն տուաւ յաղթանակի հպարտութիւն եւ սեփական ուժին ապաւինելու իմաստութիւն:

Արցախեան շարժումը վերականգնեց հայ մարդուն ազգային արժանապատուութիւնը եւ վերահաստատեց պայքարի միջոցով ազատ ու ապահով ապրելու իր անսակարկելի իրաւունքը: Հայ մարդը համոզուեցաւ, որ հայրենազրկուած ժողովուրդը պէտք է ձգտի հայրենատիրութեան: Ուրիշ ելք չկա՛յ:

Արցախեան պահանջատիրութիւնը անջատողական շարժում մը չեղաւ, ո՛չ ալ կտոր մը հողի համար կռիւ եղաւ, այլ` ամէնէն առաջ, ան եղաւ մարդ անհատի ազա՛տ ապրելու տարրական իրաւունքին համար պայքար: Ան ունեցաւ համամարդկային հնչեղութիւն եւ, առ այդ, ունեցաւ միջազգային զօրակցութիւն: Ու պէտք է հաստատել, որ Արցախեան պահանջատիրութիւնը ընթացաւ միջազգային օրէնքի եւ ազգերու ազատ ինքնորոշման սկզբունքներով: Հետեւաբար, ան ունեցաւ նաեւ իրաւական եւ օրինական ամուր հիմքեր:

Շրջանային նպաստաւոր պայմաններու զուգորդութեամբ, Արցախեան պահանջատիրութիւնը ուղի հարթեց հայկական պետականութեան վերականգնումին: Պետականութիւն, որ կարելիութիւն տուաւ հայ ժողովուրդին ապրելու, յարատեւելու եւ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Արցախեան պահանջատիրութիւնը ձախողութեան մատնեց փանթրքական երազներուն իրականացումը` Արցախը Հայաստանէն բաժնող Քաշաթաղի ամբողջ տարածքը ազատագրելով թուրք-ազերիներէ, որոնք իբրեւ սեպ խրուած էին հայութեան երկու հատուածին միջեւ:

Մեր ժողովուրդը բիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ տուաւ Ստալինեան պատմական անարդարութեան սրբագրութեան համար: Շատեր անհետ կորսուեցան, ուրիշներ գերի ինկան, իսկ տասնեակ հազարաւորներ իրենց հայրենի գիւղերէն եւ քաղաքներէն գաղթական դարձան:

Մեր ժողովուրդը ունեցաւ անդառնալի կորուստներ` հայրենիքի պաշտպանութեան գործին նուիրաբերելով իր զաւակներէն ամէնէն ընտիրները եւ հերոսները:

Պատերազմի դաժան տարիներուն Արցախի սահմանները գծուեցան նահատակներու արեամբ: Ու այդ գիծերը պահելն ու պահպանելը դարձաւ բոլորին պարտականութիւնը:

Այսօր, ծաղկած Շուշիով եւ հերոսական բանակով կանգուն Արցախը հայ ժողովուրդի 32-ամեայ անկախ զաւակն է: Այդ զաւակին մեծացման եւ հզօրացման մէջ բոլորը ունին նշանակալից դեր: Արցախը տնտեսութիւն է, Արցախը մշակոյթ է, Արցախը կրթութիւն է, գիտութիւն է, սահման է, պաշտպանութիւն է եւ քիչ մը ամէն բան է: Իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր համայնք, իր կարողութեան եւ կարելիութեան համաձայն, կրնայ օգտակար ըլլալ` կայուն եւ համաչափ զարգացող երկիրի մը կառուցման գործին, որովհետեւ միայն անոր մէջ կը կայանայ գաղտնիքը Արցախի երկարատեւ խաղաղութեան:

Այնքան ատեն որ Արցախի հարցը չէ լուծուած, կը նշանակէ, թէ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն չկայ, վտա՛նգ կայ եւ, հետեւաբար, համահայկական աջակցութեան անհրաժեշտութիւն կայ: Չմոռնանք, որ 1994-ի զինադադարի հաստատումէն ետք, թշնամիի գնդակով ինկած են աւելի քան 400 հայորդիներ:

Չմոռնանք, որ 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ունեցանք 106 նահատակներ:

Չմոռնանք, որ միայն վերջին երկու տարին, այսինքն` Հայաստանի մէջ իշխանափոխութենէն ասդին ունեցած ենք քանի մը տասնեակ նահատակներ:

Հայութեան պարտադրուած պատերազմը չէ աւարտած: Ճիշդ է, մեծ տարողութեամբ ճակատումներ տեղի չեն ունենար, սակայն սահմանային ընդհարումները կը շարունակուին եւ մեր երկրի դարպասները ամուր պահելու մարտահրաւէրը միշտ կայ ու կը մնայ: Դաշտային Ղարաբաղը տակաւին կը տքայ թշնամիին լուծին տակ:

Պատերազմը չէ աւարտած, որովհետեւ զինուորական յաղթանակը քաղաքական յաղթանակով չէ նուիրագործուած բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Արցախ իր գերիշխանութեան իրաւական ճանաչումը չէ ապահոված ազատագրեալ պատմական իր տարածքներուն վրայ, իրականացնելու համար Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի տարածքային իր ամբողջականութիւնը:

Պատերազմը չէ աւարտած տակաւին: Դադրած է ան զինուորական լայն իմաստով, բայց քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական ու տեղեկատուական միջոցներով կը շարունակուի` առանց դադար ճանչնալու: Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը, նորակերտ պետութեան հզօրացումը, Շուշիի վերաբնակեցումը եւ Արցախի բանակին մարտունակութեան բարձրացումը, այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կը մնան անյետաձգելի պահանջներ, որոնց համար Արցախը կարիքը ունի աշխարհասփիւռ հայութեան ներդրումին եւ անսակարկ օժանդակութեան: Այս պարագային, չկան մեծ ու փոքր գործեր: Կա՛յ աջակցութիւն, ուշադրութիւն, հաւատք, գործ ու նուիրում:

Կայ միայն ու միայն անդուլ աշխատանք, որպէսզի ամբողջական յաղթանակի ցանկալի օրը մօտենայ եւ ցանկութիւնը դառնայ իրականութիւն:

 

Նախորդը

Շուշին Մերն Է Մնալու

Յաջորդը

Էրտողան Եւ Քաթարի Իշխանը Քննարկած Են Շրջանային Ու Միջազգային Հարցեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.