Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանի Ուշագրաւ Խոստովանութիւնը` «Այսօր Մեր Եւ Իմ Մեծագոյն Պարտութեան Օրն Է», Կամ` Պատգամաւորներու «Մանտադ»-ները…

Մայիս 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ    

Այո՛, իրաւացի է պրն. Փաշինեանը, երբ իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, թէ` «այսօր մեր եւ իմ մեծագոյն պարտութեան օրն է», որովհետեւ իրապէս 8 մայիսի բռնութեանց միջադէպը ներկայ վարչակազմի քաղաքական եւ բարոյական մեծագոյն պարտութիւնն է, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան եւ միջազգային հեղինակութեան պարտութիւնն է, որմէ անյետաձգելիօրէն պրն. Փաշինեանը պարտաւոր է եզրակացութիւններու յանգիլ: Արդեօք ինք եւ իր քաղաքական խումբը տակաւին ի վիճակի՞ են այսօր երկիրը, հասարակութիւնը, Ազգային Ժողովը հաւաքելու, երկրին կայունութիւնը պահպանելու, պետական-քաղաքական գործը համադրելու, ներդաշնակելու եւ վերահսկելու. հիմնական հարցադրումներ, որոնք ըստ էութեան իրենք զիրենք կը պարտադրեն:

Արդարեւ, 8 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական տխրահռչակ  խայտառակութիւնը, լեզուակռիւը եւ ծեծուըռտուքը «Իմ քայլ»-ական պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի ու Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի միջեւ եւ բազմաթիւ այլ պատգամաւորներու բռնցքամարտը իրականութեան մէջ արտացոլացումն է 2018-էն ի վեր պրն. Փաշինեանի վարած ատելութեան, վրէժխնդրութեան եւ անհանդուրժողականութեան քաղաքական վարքագիծին:

Բազմիցս անդրադարձած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմի քաղաքական ոճին, փողոցային բառապաշարին եւ ամբոխավարական քաղաքականութեան վտանգաւոր հետեւանքներուն` կանխատեսելով, որ այդ բոլորը կրնան վերածուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական անկայունութեան հիմնական սպառնալիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այսօրուան թէ վաղուան իշխանութիւններու հեղինակազրկման, եւ վերջապէս` ըստ էութեան ամէնէն վտանգաւորը, առիթ կ՛ընձեռէ շրջանային թէ միջազգային ուժերուն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ճնշումներու քաղաքականութիւնը խորացնելու եւ զայն մեկուսացնելու:

Այդ իսկ պատճառով պայմանական է 8 մայիսին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններուն եւ ծեծուըռտուքի միջադէպին կապուած` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի յայտարարութիւնը կամ մօտեցումը, որ Սասուն Միքայէլեան վար կը դնէ իր պատգամաւորական «մանտադ»-ը, եթէ հրաժարի Լուսաւոր Հայաստանի խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան:

Արդարեւ, կը թուի, թէ «Իմ քայլ»-ականները պրն. Փաշինեանի եւ տիկին Մակունցի գլխաւորութեամբ դժուարութիւնը ունին ընկալելու, որ այսուհետեւ այնքան ալ նշանակութիւն չունի, թէ Էտմոն Մարուքեանի «մէջքէն խփող» պատգամաւորներու «մանտադ»-ները վար կը դրուին թէ ոչ, նոյնիսկ Սասուն Միքայէլեանի կամ Էտմոն Մարուքեանի «մանտադ»-ները, որովհետեւ խօսքը ըստ էութեան «յարգելի» պատգամաւորներու «մանտադ»-ներու մասին չէ, որքան որ ամբողջ Ազգային ժողովի վաւերականութեան, հեղինակութեան եւ  նշանակութեան, երկիրը անղեկավարելի դարձած ըլլալու երեւոյթին, ներկայ իշխանութիւններու ընդհանուր ներքին թէ արտաքին քաղաքական վարքագիծի անյապաղ վերանայման, ներիշխանական կռիւներուն եւ չյագեցող սուր ախորժակներուն, ամբողջ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի ըստ էութեան հեղինակազրկման եւ երկրի մանաւանդ այսօրուան բազմապիսի խնդիրներու` առողջապահական, ընկերային-տնտեսական, ռազմաքաղաքական եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու ներկայ իշխանութիւններու փաստացի անկարողութեան: Սա է բուն խնդիրը եւ ոչ թէ այս կամ այն պատգամաւորներու «մանտադ»-ները վար դնելու կամ չդնելու երկուստեք արհեստական մօտեցումները:

Իրականութեան մէջ 8 մայիսին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած բռնութեան եւ ծեծուըռտուքի միջադէպէն ետք Փաշինեանի` Ազգային ժողովին մէջ արտասանած ամբոխավարական խօսքին վերջին բաժնին մէջ վերջինս պահ մը անկեղծանալով յայտարարեց, որ «այսօր, ես ինքս եմ նաեւ դատապարտում (միջադէպը)»` հաւանաբար գիտակցելով, թէ ի՛նչ աւերներ գործած է 2018-էն ի վեր իր կիրարկած մենատիրական ոճը, գործածած բառապաշարը եւ այլոց հետ գործակցելու թէ յարաբերելու եղանակը:

Ան նաեւ աւելցուց, որ «այսօր ես համարում եմ մեր եւ իմ ամէնէն մեծ պարտութեան օրը». ասիկա ուշագրաւ խոստովանութիւն մը ըլլալով հանդերձ, պրն. Փաշինեան հաւանաբար կը գիտակցի, որ քաղաքական գործին մէջ պարտութիւնները գին ունին, հետեւանքներ ունին, որոնց պատասխանատուութիւնը վերջաւորութեան  մէկը պէտք է կրէ:

Այլապէս, այո՛, իրաւացի է պրն. Փաշինեանը. հաւանաբար կը գիտակցի, որ ինք եւ իր քաղաքական անպատասխանատու խումբը պատմական առիթ մը կորսնցուցին ազգովին երկիրը վերականգնելու, բարեկարգելու, հզօրացնելու, զարգացնելու եւ միաւորելու. հաւանաբար ինք կը գիտակցի, որ դժուար թէ վերականգնի «Իմ քայլ»-ականներու բարոյական իրաւունքը եւ հեղինակութիւնը պետական եւ հասարակական պատասխանատու գործը շարունակելու, հանրութեան կողմէ անհրաժեշտ վստահութիւնը ապահովուի երկիրը ղեկավարելու, ի խնդիր քաղաքացիներու ընկերային թէ անհատական անվտանգութիւնը ապահովելու եւ զոյգ հանրապետութեանց կայունութիւնը, անդորրութիւնը եւ անվտանգութիւնը պահպանելու:

Փաստօրէն, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առկայ է քաղաքական եւ օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեանց պարագային հաւասարապէս աննախադէպ լուրջ տագնապ, որուն թիւ մէկ պատասխանատուն բնականաբար պրն. Փաշինեանն է. հասկնալով հանդերձ, որ «իր շունչը» երկար է, «կամքը» հզօր է, «համբերատար» է եւ շատ մը այլ քաղաքական պարտութիւններ կրելէ ետք վերականգնած է, բայց այս պարագային խօսքը հայրենիքի մասին է եւ ոչ անհատական քաղաքական ասպարէզի մասին. ուստի արձանագրուած այս դէպքերը կարելի չէ անվերջ  արդարացնել կամ քաղաքացիներն ու երկիրը յուզող բուն խնդիրներէն խուսափիլ` պատրուակելով իրավիճակները եւ վերագրելով նախկիններու կազմակերպած սադրանքներու եւ մասամբ Լուսաւոր Հայաստանի պատգամաւորներու մեղսակցութեամբ դաւադրական գործողութիւններու կանխամտածուած բեմագրութեան:

Արդարեւ, քաղաքական խիստ լարուած այս մթնոլորտին եւ ընկերային-տնտեսական վերոնշեալ մտահոգիչ իրավիճակներու առկայութեան հրամայականը կը ստիպէ պրն. Փաշինեանին` երկրին դիմագրաւած պատմական այս փուլին, կացութեան լրջագոյն վերլուծումներով եւ որոշումներով հանդէս գալու, ինչ կը վերաբերի քաղաքական իր վարքագիծին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի վերապահուած քաղաքական ճակատագիրին, դատաիրաւական իշխանութեանց հետ յարաբերելու իր ոճին, երկրի քաղաքական լարուած իրավիճակները լիցքաթափելու իր պատկերացումներուն, հասարակութեան պառակտուածութեան վերացման, արցախեան բանակցութեանց առումով յստակ ռազմավարութեան բացակայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ վստահութեան, յարգանքի եւ պարտաւորութիւնները կատարելու բնականոն հունի վերադարձին:

13 մայիս 2020

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Առիթով Հայկական Մշակութային Գոհարներու Ներկայացում` Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» Պատկերասփիւռի «Միուզիքըլ» Յայտագիրէն

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?