Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ծափենք… Ձեռնոցով

May 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

– Շուարեր-մնացեր եմ: Չեմ գիտեր, թէ որո՞ւ խօսքին հետեւիմ… Գործի երթա՞մ, թէ՞ շարունակեմ տունը բանտարկուած մնալ,- հարց տուաւ բարեկամս, հեռաձայնին միւս ծայրէն: Արդէն աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր բարեկամ-ծանօթ-հարազատի հետ հաղորդակցութեան միակ ձեւը մնացեր է հեռաձայնը: Վստահ եմ, ամէն մարդ ալ ինծի պէս ամէն օր կ՛օրհնէ յիշատակը Կրահամ Պէլի եւ իր գիւտը զարգացնողներուն…

– Ինչո՞ւ շուարեր ես: Սա վերջին քանի մը ամիսները քեզի բաւարար փորձառութիւն չտուի՞ն, որ պէտք է միայն մտիկ ընես տրամաբանական բան ըսողին, գիտակին, եւ ո՛չ թէ գիտոսիկ չհասկցողներուն, նաեւ վստահիս իմաստութեանդ,- բացատրեցի կէս-կատակ:

– Բայց ինչպէ՞ս կրնանք տարբերութիւնը գիտնալ: Կարգ մը պետական մարդիկ կ՛ըսեն, որ վարակին յաղթահարած ենք, շուկայ-գործ վերաբանալու ցուցմունք կու տան, շուկաները կը բանան, միւս կողմէ, լուրերէն կը լսենք, որ Պսակաւոր ժահրը վերստին կը տարածուի, երբ մարդիկ ու գործերը սկսած են շարժիլ:

– Սիրելի՛ բարեկամս: Հանելուկը այդքան ալ դժուար չէ, անիւի կամ կրակի գիւտին չի նմանիր: Ճիշդ է, որ վարակին տարածումը որոշ սահմանափակումի ենթակայ է, սակայն ամէն բան վարդագոյն չէ, եւ ԶԳՈՒՇ ըլլալը բոլորիս դիմաց կը մնայ գլխագիր հրամայական: Տեղ կայ, որ վարակը տակաւին վտանգ կը սպառնայ, ուրիշ տեղ վտանգը նուազած է: Դուն քեզի հարց տուր, թէ փորձառութիւնդ քեզի ի՞նչ կ՛ըսէ:

– Հանելուկ ըսածդ` ճիշդ այսպէս է: Իսկական հանելուկի դիմաց ենք: Եթէ պետական կարգ մը մարդոց ըսածին նայիս, պէտք է գործի վերադառնանք, իսկ ուրիշներ աղաչելու պէս կը պահանջեն, որ քիչ մը եւս համբերենք, իսկ գործի վերադարձողը պէտք է շատ զգուշ ըլլայ, կարգ մը ասպարէզներ աւելի դանդաղ պէտք է վերաբացուին:

– Ուրե՞մն… Երկու ըսուածն ալ հիմք ունի:

– Ինչպէ՞ս թէ…

– Գործի վերադառնալը ունի այն հիմը, որ աշխարհը առանց գործի-աշխատանքի չի կրնար երկար ապրիլ: Սա երկու-երեք ամիսները պէտք է բաւական բան ըսած ըլլան թէ՛ պետական առաջնորդներուն, թէ՛ մեզի պէս մարդոց: Վարակին քովն ի վեր ապահով ապրելու եւ աշխատելու ձեւերը պէտք է գտնենք: Այսինքն, եթէ գործի պիտի վերադառնաս, նախազգուշական միջոցները պիտի յարգես: Դիմակ պիտի գործածես, եթէ կասկածելի բանի մը դպար` պիտի լուացուիս, պիտի խուսափիս այնպիսի հաւաքավայրերէ, ուրկէ կրնաս վարակ ստանալ, որովհետեւ երբեմն վարակողն ալ չի գիտեր, թէ վարակակիր է: Եւ… ասանկ բաներ:

– Լուրերէն` տեղ մը լսեցի, որ մարդիկ կառավարական պատասխանատուներէն կը պահանջեն, որ օգտակար ըլլան ժողովուրդին:

– Իրաւունք ունին: Հիմա այլեւս իմաստ չունի գանգատիլը, թէ պետական մարդիկը ուշ շարժեցան, սխալ շարժեցան: Եղածը եղած է: Այս` անցնող ժամանակը պէտք է բաւական փորձառութիւն տուած ըլլար թէ՛ պետական առաջնորդներու, թէ՛ ժողովուրդին:

– Ժողովուրդը ի՞նչ բաժին ունի ասոր մէջ:

– Անշո՛ւշտ որ բաժին ունի, մասնաւորաբար ասկէ ետք: Տե՛ս: Պետական որոշ պատասխանատուներ տակաւին կը մնան թերի ընթացքի մէջ: Ապահովութեան առարկաները` դիմակ, ձեռնոց եւ այլն, տակաւին պէտք եղած չափով չեն հասնիր հիւանդանոցները, ալ ո՜ւր մնաց բոլոր աշխատանքի վերադարձողներուն: Անդին, կը տեսնես, որ շուկաներ ու աշխատանք վերաբացող կարգ մը երկիրներու մէջ նման միջոցներ ապահոված են: Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, ճամբորդներուն ձրիաբար դիմակ կը բաժնեն, ուրեմն, անոնք քիչ մը աւելի՛ ապահով են, քան անտէր ձգուածները. հոն, վարակին վերստին տարածումը նոյնքան սպառնական չէ, որքան ուրիշ տեղ: Այս տեսակ միջոցառումներու մէջ պետական մարդոց դերը վէճ չի վերցներ:

– Ժողովուրդը ի՞նչ կրնայ ընել:

– Ժողովուրդը, այսինքն բոլորս պիտի գիտնանք, որ վարակին զսպումին եւ վերստին տարածման մէջ մենք հիմա աւելի՛ մեծ դեր կրնանք ունենալ: Հիմա կը գտնուինք վարակին սկսման պէս վտանգաւոր փուլի մը սկիզբը, եթէ մեր խելքը ճիշդ ձեւով չգործածենք: Սկիզբը, չէինք գիտեր, թէ մեծ հալածողը որքա՛ն վտանգաւոր է. հիմա աւելի լաւ գիտենք: Ու եթէ վարակը դարձեալ տարածուի անսանձ, մեղադրանք փոխանակելը ո՛չ մէկ արժէք պիտի ունենայ: Կայ մարդ, որ կը մտածէ, թէ ես քաջ եմ, վարակէն վախնալու պէտք չունիմ, ազատ եմ դիմակ գործածելու կամ չգործածելու: Մինչեւ իսկ մտածողներ կան, թէ աղօթելով վտանգէ զերծ կը մնան: Պէտք չէ ազատութիւն եւ հաւատք ըսուածները աժանցնել, իրենց իմաստէն պարպել: Հոս քաջութեան ու վախկոտութեան հարց ալ չի կրնար ըլլալ: Մարդիկ պէտք է վտանգը տեսնեն իր ամէնէն պարզ երեսով, գիտութեան ձայնը լսեն, տրամաբանութիւն գործածեն:

– Այսի՞նքն…

– Երկու հարցում ուղղեմ, պատասխանէ՛: Վարակին դեղը գտնուա՞ծ է, պատուաստ կա՞յ:

– Կ՛ըսեն, որ երկուքին համար ալ փորձեր կ՛ընեն…

– Դուն ինծի պարզ պատասխան մը տո՛ւր: Դարման կա՞յ, գտնուա՞ծ է:

– Ո՛չ. մէկը դեռ վստահ բան չի կրնար ըսել:

– Ուրե՞մն…: Երբ բանալին չկայ, պիտի նայիս, որ ի՞նչ կը մնայ ընելիք: Ո՛չ մէկ գործնական արդիւնքի կրնանք հասնիլ, եթէ այս աղէտը քաղաքական վէճերու նիւթ դարձնենք: Վարակին վերստին տարածումէն չենք կրնար խուսափիլ, եթէ պահանջուած ու թելադրուած զգուշութեան միջոցները չգործադրենք: Ուրիշ ճամբայ կա՞յ: Այսինքն, «կառավարութիւնը, պետական պատասխանատուները ասանկ-անանկ պէտք է ընեն» ըսելով` եթէ մէկդի ձգենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը, արդիւնքի չենք հասնիր, վտանգը մեր գլխուն վրայ կախուած կը մնայ: Մէկ, երկու հոգիի անփութութիւնը տասնեակներով վարակուած կրնայ պատճառել: Այսքան պարզ…

– Կարծեմ ըսածդ այն է, որ ծափ զարնելու համար, երկու ձեռքի պէտք կայ: Եւ հիմա, ծափելու ատեն ալ թերեւս պէտք է ձեռնոց գործածենք, հոգ չէ, թէ ձայնը լաւ պիտի չլսուի…: Մնաս անվտա՛նգ:

– Շնորհակալ եմ: Դո՛ւն ալ, ընտանի՛քդ ալ: Իսկ ձայնով ծափելու համար, սպասենք, որ վարակին դեղն ու անոր դէմ պատուաստը գտնուին շուտով: Այն ատեն, առանց ձեռնոցի ծափերուն ձայները պիտի լսուին Ճափոնէն ու Աւստրալիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպա ու Ամերիկաներ:

11 մայիս 2020

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրի Մարտահրաւէրի Դիմակայում. Յառաջդիմականներու Եւ Պահպանողականներու Մօտեցումներու Բաղդատական

Յաջորդը

Ռուսիա Եւ Չինաստան Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Սուրիոյ Վերաբերեալ Ապահովութեան Խորհուրդի Տեսաժողովը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.