Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հապշտապ Սատար` Լիբանանահայութեան

May 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Առանց բացառութեան, բոլորս գործենք նոյն ուղղութեամբ` հայրենիքին ու հողին մեր պատկանելիութիւնը պահպանելու…»:

Վերոյիշեալ խօսքը կրնայ մոլորեցնել ընթերցողն ու հայորդին:

Այդ խօսքը կը պատկանի դեռ քանի մը շաբաթ առաջ մահացած պատմաբան- հնագէտ Նինա Ճիտէճեանին (1925-2020), որ ծնած էր Միացեալ Նահանգներ (Պոսթըն – Մասաչուսէց)  եւ ապա երկար տարիներ ապրած ու գործած` Լիբանանի մէջ:

Ան հպարտ էր իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ: Առ այդ, Ճիտէճեան գործեց եւ արտադրեց ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Հայաստանի պատմութիւնը պեղելով: Ծանօթ են անոր գործերը` Լիբանանի պատմութիւն կերտած հին քաղաքներու մասին: Նաեւ նոյնքան հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր հայոց հնադարեան պատմութեան իր ուսումնասիրութեամբ, յատկապէս կիզակէտ ունենալով Մեծն Տիգրանի օրերը, երբ այս վերջինին կայսրութիւնը հասած էր Միջերկրականի ափերու փիւնիկեան հողաշերտը:

Պատմութեան սլաքները յառաջացնենք 1900-ականներ: Տեղահանութենէն եւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած անտուն եւ անօթի հայորդիին համար իւրայատուկ է Միջին Արեւելքը, յատկապէս այդ օրերուն Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիան եւ Լիբանանը, որոնք անաչառօրէն եւ առանց դաւանական խտրութեան տրամադրեցին իրենց օժանդակութիւնը` դարմանելով, կերակրելով եւ գուրգուրալով… Տէր Զօրեան անապատէն մինչեւ Միջին Արեւելքի Զուիցերիան` Պէյրութը:

Միջինարեւելեան այս երկիրներուն մէջ ստեղծուեցաւ իւրայատուկ սփիւռք մը… տարբեր սփիւռք մը, բոլորովին տարբեր` աւելի քան դար մը առաջ «մետաքսեայ ճամբայ»-ի առեւտուրի արդիւնք Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ ստեղծուած նօսր գաղութներէն, որոնք կազմուած էին նիւթապէս բարեկեցիկ ու զեղխ կեանք ապրող հայորդի վաճառականներու կողմէ:

Այսպէս, Լիբանանի մէջ, յետ-Եղեռնեան դաստիարակութիւն ստանալէ եւ թրծուելէ ետք, հայորդին գործեց, քրտինք թափեց, ներդրում կատարեց, լաւապէս սորվեցաւ լեզուն ու պատմութիւնը եւ նոյնքան ծառայեց մայրիներու երկրին, որքան տեղացին: Դեռ աւելի՛ն. լիբանանահայը իր հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ գործուղուեցաւ աշխարհի չորս ծագեր` կարիքաւոր գաղութներ, իր կարգին դաստիարակելու, թրծելու եւ մշակելու:

Ապա` ներքին քաղաքացիական խռովութիւններ եւ պատերազմ: Բաւական լիբանանահայեր ստիպուեցան հեռանալ մայրիներու երկրէն եւ ստեղծել երկրորդ սփիւռքահայ ինքնութիւն մը: Այսօր, Մարաշի կամ Խարբերդի նախահայրերէն արմատ նետած լիբանանահայը ստացած է սփիւռքահայ այլ ինքնութիւն – պատկանելիութիւն մը` կրելով ամերիկահայ, քանատահայ կամ ֆրանսահայ ածականն ու … ներածականը:

Փոքրամասնութիւններու հանդէպ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելով եւ նոյնքան օժանդակութիւն տրամադրելով, Լիբանան տիպար օրինակ մըն էր եւ այս գծով Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք (1932-2019), 90-ականներուն այցելութիւն մը կատարելով Լիբանան, խորիմաստ յայտարարութիւն մը ըրաւ` շեշտելով, որ այս երկրի իւրայատկութիւնն է փոքրամասնութեան հանդէպ ցուցաբերած իր խանդաղատանքը:

Պսակաւոր ժահրէն ամիսներ առաջ իսկ, Լիբանանն ու լիբանանահայը ահաւոր ճգնաժամի մէջ են: Միշտ ալ ձեռնբաց օժանդակած հայութեան, այսօր լիբանանահայութիւնը կարիքն ունի շտապ օժանդակութեան, որ արդիւնքն է համաճարակէն առաջ իսկ ստեղծուած թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական գահավիժումի:

Կացութիւնը շատ աւելի թէժ իրավիճակ մը ստեղծած է Պսակաւոր ժահրին պատճառով:

Ահազանգային է կացութիւնը: Ակնթարթ մը իսկ կորսնցնելու ժամանակ չկայ` սատար հանդիսանալու լիբանանահայութեան:

Փիւնիկեան թռչունը կարիքն ունի սնունդի, վերստին զարկ տալու իր թեւերուն եւ… բարձր թռչելու:

 

 

Նախորդը

Նոր Գաղափարախօսութիւններ Պիտի Ծնի՞ն (Խորհրդածութիւն)

Յաջորդը

«Երազը Ունինք»

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.