Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գաղափարախօսութիւններ Պիտի Ծնի՞ն (Խորհրդածութիւն)

Մայիս 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Շուտափոյթ լծուիլ հանրային գիտակցութեան
զարգացման աշխատանքին»:

ՌԱՖԻՔ ՆԱՍՐԱԼԼԱՀ (ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ)

Երբ տան «կալանաւորն» ես դարձեր, պատեհ առիթ չես փախցներ` օգտուելու ընձեռուած ազատ ժամանակէն: Հակառակ այն իրողութեան որ ինքնամեկուսացումը այս օրերուն բարիք մը ըլլալէ աւելի գիտակցական մակարդակ մըն է` դուն քեզ եւ շրջապատ մը ամբողջ զերծ պահելու աներեւոյթ թշնամիին հարուածէն: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրին, որ իր ահաւոր տարերքին մէջ է` ահ ու սարսափ սփռելով երկրագունդի տարածքին:

Պատկերասփիւռի այլազան կայաններ, իրենց կարգին, մրցակցութեան մէջ են` հանդիսատեսի ուշադրութիւնը գրաւելու եւ մատուցելու հոգեշարժ յայտագիրներ: Ճիշդ է, որ զարմանազան ֆիլմեր զիրար կը հրմշտկեն, առողջապահական թէ ընկերային այլանդակ նիւթեր անընդհատ իրենք զիրենք կը պարտադրեն, սակայն, ասոնց առընթեր, մենք նաեւ կը հանդիպինք քաղաքական ու գաղափարախօսական նիւթեր արծարծող յայտագիրներու (օտար թէ տեղական), որոնք հանդիսատեսը կը մղեն յետքորոնայի ժամանակաշրջանին մասին մտածելու:

Նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար, եթէ երբեք հաստատենք, որ միաբեւեռ կամ միահեծան աշխարհակարգը ճգնաժամի մէջ է, պարզ ըսած, կորսնցուցած է իր ուժն ու  երբեմնի հզօր ազդեցութիւնը եւ կը դիմագրաւէ նորովի մարտահրաւէրներ: Սա կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, որոնց աշխարհաքաղաքական թէ տնտեսական նկրտումներուն մէկ վերջին փուլը կ՛ապրի մարդկութիւնը համակ:

Փաստօրէն, համաշխարհային նորայայտ համաճարակը հիմնովին ցնցեց նաեւ ազատական դրամատիրութեան որջը եւ ապացուցեց, թէ նման կայսրութիւններ, չես գիտեր ինչպիսի՞ բացատրութեամբ, կրնային բարոյապէս փուլ գալ, խայտառակուիլ եւ ծաղր ու ծանկի առարկայ դառնալ իր իսկ քաղաքացիին կողմէ, որ մինչ այդ լուռ ու մունջ կը վայելէր «կանաչ» թղթոսկիին հմայքը, շատ անգամ հպարտօրէն կը գովերգէր Ամերիկայի հրաշք երկիր ըլլալը, զինուորական անպարտելիութիւնը, ժողովրդավար հասարակակարգ ունենալու շքեղութիւնը, գերզարգացած Սահմանադրութիւնը, արդարադատական համակարգը, գիտական նուաճումները, աւելի՛ն. հրաշք երկիր մը ըլլալու բերկրանքը եւ այլն:

Ըստ երեւոյթին, նման հեշտալի ապրումներ ի զուր կը հնչէին անցեալին ու կը հնչեն այսօր, որովհետեւ ողբերգութիւնը կլանած է ամերիկացիին կեանքը եւ անոր առօրեան դարձուցած է դժոխային:

Զարմանալի այն է նաեւ, որ նախացնցումի ախտանշաններ ցոյց կու տան եւ փլուզումի յստակ վիճակներու մէջ կ՛ապրին այնպիսի եւրոպական երկիրներ, որոնք, երազային երկիր մը ըլլալու այլ տարբերակով կը բնութագրուէին: Փաստօրէն, միջինարեւելեան, ասիական թէ ափրիկեան ժողովուրդներու գաղթավայրերը ըլլալու կոչուած էին անոնք դեռ մինչեւ քանի մը ամիս առաջ, երբ պատերազմէ, սովէ, անօթութենէ թէ արհաւիրքներէ փախուստ տուած մարդիկ` ծովամոյն կ՛ըլլային հասնելու իրենց երազ երկիրը ու հոն ապաստան գտնելու:

Ու ահա, սկանտինաւեան ամէնէն բարգաւաճ, զարգացած ու խաղաղ երկիրներն անգամ, երբ «Քորոնա» ժահրը իրենց դռներուն հասաւ, անոնց պետական կարգն ու սարքը ուղղակի ցնցուեցան: Շուէտի նման երկրի մը առողջապահական համակարգը կը դիմագրաւէ այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց թուումն անգամ ամօթի զգացում կը պատճառէ տուեալ երկրի քաղաքացիին, որուն ժահրէն փրկուելու օգնութեան աղերսները լսելի են ամէնուրեք:

Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Սպանիա, Գերմանիա, Շուէտ, Դանիա ու բազմաթիւ ճարտարարուեստականացած ու տնտեսապէս հզօր երկիրներ անճրկած են «փոքր» ժահրին դիմաց եւ կը սպասեն լուսաւոր օրուան: Հետաքրքրականը այն է, որ քաղաքացիական շրջանակներու մէջ կը խօսուի հետեւեալի մասին. վերադառնալ ծննդավայր երկիր, ուրկէ գաղթած էին: Ահա՛ ճակատագիրի դառն խաղերէն մէկը:

Ու այս պարունակի մէջ հարկ է դիտել տուեալ երկիրներու դաւանած կամ որդեգրած բազմագոյն գաղափարախօսութիւններուն իսկական արժէքը, դերն ու տեղը` անոնց պետական կարգ ու սարքի պահպանման մէջ:  Մէկ կողմէ, ընկերվար-ժողովրդավարութիւն, ազատական դրամատիրական գոյացութիւն թէ աջակողմեան «պերճախօսութիւն»-ներ` կլիմայի, մարդու իրաւունքի, ազատ (սանձարձակ) խօսքի ու ապրելակերպի (միասեռականութիւն, թմրամոլութիւն թէ անաստուածութիւն), միւս կողմէ` ձախակողմեան «հեշտանք»-ներ` աւելի լաւ ապագայի ցնորքներով տարուած, ներկայացած են մարդկային ընկերութիւններու եւ ձեւով մը համոզած` շուրջ բոլոր:

Ի՜նչ խօսք մարքսեան համայնավարութեան մասին, որ վերջ գտած էր Սովետի  փլուզումով: Ի դէպ, անոր հաւատաւոր մէկ ուղղութիւնն է Չինաստանի տարբերակը, որուն տոկուն ու գործնական դիմագիծը ապացուցուեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ անոր պայքարին ընդմէջէն ու տնտեսական վերելքի իրողութիւնը նկատի առած:

Իսկ ազգային արժէքներու վրայ հաստատուած գաղափարախօսութիւնը, որուն դէմ աշխարհաքաղաքական պատերազմներ կը մղուին, ահա, եկած է պահը, շեշտելու անոր իրաւութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը, յատկապէս` ինքնուրոյն ազգերու համար: Եւրոպայի բաց սահմանները գոցուեցան ու հարցերը առաւել բարդացան:

Քաղաքական դաշինքներու եւ գաղափարախօսական ուղղութիւններու նորովի ծնունդի մը սեմին ենք, ըստ երեւոյթին:

 

 

 

Նախորդը

Արայիկ Յարութիւնեանի Պաշտօնի Ստանձման Նուիրուած Ազգային Ժողովի Նիստը` 21 Մայիսին Շուշիի Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հապշտապ Սատար` Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?