Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

Մայիս 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԻՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ճարտարապետ, տարածքային նախագծող
Միացեալ Նահանգներ

ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ճարտարապետ
Պելճիքա

Մեծայարգ պարո՛ն Փաշինեան,

Ձեզի կը դիմենք՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ կառավարման թարմ եւ մասնագիտական նոր մշակոյթի մը հաստատման նախանձախնդիր քաղաքական գործիչներ։

Հայաստանի մէջ տարածքային նախագծման (քաղաքաշինութեան) ոլորտը, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ յետյեղափոխական շրջանին կ՛ընկղմի ներդրումային աղմկալի ծրագիրներու յորձանուտին մէջ։

Տարածքային նախագծման այս ոլորտը, երկար տարիներու վրայ կորսնցնելով իր դերը, իմաստը եւ կարեւորութիւնը՝ իր թերի ընկալումով թոյլ կու տայ, որ այսօր սիրողական մակարդակի վրայ գնահատուին քաղաքացիին կեանքին եւ հիմնարար իրաւունքներուն վերաբերող տարբեր ծաւալի նախագիծերը։ Վկայ՝ իրականացած կամ տակաւին նախագծման փուլի մէջ գտնուող զանազան ծրագիրները։

Պարո՛ն վարչապետ, չենք ուզեր ծանրաբեռնել այս նամակը նորարար լուծումներով կամ մասնագիտական բարդ առաջարկներով, քանի որ տարածքային նախագծումը անծանօթ կամ անհասանելի կրթանք մը չէ։ Հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ տակաւին այսօր, առանց պետական հայեցակարգի եւ յստակ տարածքային զարգացման ռազմավարութեան, որն է ամբողջ հանրապետութեան մակարդակի տարածքային դասակարգումն ու նախագծումը, ներդրումային նախագիծերու քողին տակ Հայաստանի բնական եւ քաղաքային միջավայրը ենթարկուի կամայական միջամտութիւններու։ Այսպիսի դառն միջամտութիւններ տասնամեակներ առաջ արդէն կիրարկուած են աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, եւ աններելի է, որ այսօր Հայաստանի քաղաքացիները, իրենց կարգին, կրեն անոնց հետեւանքը։ Այս առումով կարելի է միջքաղաքային համագործակցութեան ցանց մը ստեղծել փորձառութիւններու փոխանակման նպատակով։

Անյետաձգելի հրամայական է ըմբռնել, որ քաղաքակիրթ հասարակութիւն մը ունենալու ամէնէն հիմնարար միջոցներէն մէկն է քաղաքի համերաշխ, ժողովրդավար եւ մասնակցողական նախագծումն ու կառավարումը։ Պայմանով որ ներառուին այն հիմնական բաղադրիչները, որոնք անխնայ կ՛անտեսուին այսօր, այսինքն՝ ընկերայինը, քաղաքականը, մշակութայինն ու կենսոլորտայինը։ Արդի տարածական նախագծումը կ՚ենթադրէ բազմագիտակարգային մօտեցում մը, ուր վերոնշեալ իւրաքանչիւր ոլորտ ունի իրեն բնորոշ դերը նախագծման աշխատանքներուն մէջ։ Մինչդեռ օրակարգի վրայ եղած հսկայածաւալ նախագիծերը կը տառապին զանազան թերութիւններէ, որոնցմէ են՝

– Առանց ընդհանուր հայեցակարգի պատահական ներդրումային ծրագիրներու թերի արժեւորում

– Վիճակագրական տուեալներու կատարեալ անտեսում եւ տեղեկագրական համակարգուած տուեալներու բացակայութիւն

– Նախարարութիւններու եւ համապատասխան վարչական մարմիններու միջեւ համագործակցութեան բացակայութիւն

– Հանրային քննարկումի կատարեալ բացակայութիւն

– Յարակից ոլորտներէ մասնագէտներու բացակայութիւն, հետեւաբար, զուտ ճարտարապետական-շինարարական կալուածի գերակշիռ ներկայութիւն՝ տարածական այլ որակներու անտեսումով

– Մրցոյթներու կատարեալ բացակայութիւն

– Նախագիծի գնահատման ոչ մասնագիտական կամ անհատական չափանիշներու կիրարկում:

Այս հիմնարար սկզբունքներու կողքին  կայ նաեւ այս ոլորտին միջոցով մերօրեայ տագնապալի հարցերը դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս օրինակ համաճարակը կամ կենսոլորտի աղէտը, որոնք մեզ կը մղեն արմատապէս վերատեսութեան ենթարկելու մարդու ապրելակերպն ու իր յարաբերութիւնը միջավայրին հետ։

Այս բոլորին լոյսին տակ կարեւոր կը համարենք ցուցաբերել քաղաքական կամք՝ ոլորտը համակարգելու (յետ խորքային ախտորոշումի) եւ իւրաքանչիւր վարչական մարմնի լիազօրութիւնները նորովի սահմանելու՝ համապատասխան մասնագէտներու անյապաղ ներառումով։

Կ՛ակնկալենք ուրեմն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը քաղաքական կամքը ունենայ նախաձեռնելու՝

– Այս ոլորտի վերարժեւորման աշխատանքի՝ իր ամբողջական տարողութեամբ

– Վարչական եւ մասնագիտական կառոյցներու նոր համակարգումի՝ ճիշդ աշխատանքային ձեւաչափով

– Տարածքային զարգացման ամբողջական հայեցակարգի մը մշակման՝ տեղացի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մասնագէտներուն հետ համագործակցութեամբ։

 

 

 

Նախորդը

Շնորհաւորական, Սակայն Ոչ Ուրախառիթ Նամակ Մը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հայաստանը Կը Փախցնէ Ռազմավարական Առիթ Մը Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ռապպիներու Համագումարի Գումարման Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Հայաստանը Կը Փախցնէ Ռազմավարական Առիթ Մը Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ռապպիներու Համագումարի Գումարման Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 7, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 7, 2025
Տոլարի Անգտանելի Ծառեր
Անդրադարձ

Տոլարի Անգտանելի Ծառեր

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?