ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Այսօր մարդկութիւնը ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի «Քորոնա» ժահրի ունեցած բազմապիսի վնասներուն պատճառով: Մարդկային եւ տնտեսական վնասներու կողքին, մարդիկ կ՛ունենան հոգեբանական եւ հոգեկան վերիվայրումներ, որոնք հետեւանք են անսահման մտահոգութեան, եւ որոնք մարդ արարածը դէպի անորոշութեան կ՚առաջնորդեն:
Այս դարու մարդը ընդհանրապէս պարպուած է հոգեւոր սնունդէ, եւ անոր կեանքին կիզակէտն ու նպատակը միմիայն նիւթը դարձած է. նիւթական եւ մարդկային վնասները աւելի վատ եւ հսկայական ազդեցութիւն եկած են ձգելու մարդու մտային եւ հոգեկան աշխարհներուն վրայ: Ինչպէս մարմինը սնունդի կարիք ունի, որպէսզի գոյատեւէ, նոյնպէս հոգեկանը սնունդի կարիք ունի որպէսզի մարդուն հաւասարակշռուած կեանք շնորհէ:
Այս փուլին գոյատեւող եւ այս բոլորէն յաղթական դուրս եկողները պիտի ըլլան այն մարդիկը, որոնք պէտք եղած հոգեւոր սնունդը ստացած են եւ հաւասարակշռուած կեանք որդեգրած են իբրեւ սովորական կեանքի ընթացք, նոյնիսկ եթէ նիւթական եւ առողջապահական վնասներ կրած ըլլան։ Աշխարհին վրայ բոլոր կրօններն ալ հոգեւոր սնունդի մասին տարբեր տեսակի քարոզչութիւններ ունին, բայց եւ այնպէս բոլորը կը համաձայնին, թէ հոգեւոր սնունդը հոգեկան հանգստութեան ուղիին գլխաւոր լուծումն է։
Այսօր, երբ մարդու կարողութենէն բարձր ճգնաժամի առջեւ ենք, անաստուածը աստուածավախ դարձած է, իսկ նիւթապաշտ անձը հոգեկան անկումներու մէջ ընկղմած լուծումներու ճանապարհը կը փնտռէ՝ յուսահատ: Այսօրուան ամէն տեսակի ժխտական մարտահրաւերներուն դէմ յանդիման կան նաեւ դրական բազմաթիւ կէտեր, որոնցմէ կրնանք լաւ դասեր քաղել։ Գիտութեան գագաթնակէտին հասնելուն առումով աշխարհը այսօր անկարողութեան դէմ յանդիման է, արդարեւ, անիկա տեղի տուած է անտեսանելի ժահրի մը դիմաց։ Այլ խօսքով, աշխարհի գիտութեան սահմանափակ ըլլալը ի յայտ եկաւ այսօր՝ անսահման Ստեղծիչին՝ Աստուծոյ առջեւ։
Նիւթը հոգեկանին առջեւ անարժէք դարձած է, եւ մարդուն ու կեանքին արժէքը աւելի տեսանելի եղած է։ Մարդը, որ միշտ ալ անարժէք եղած է աշխարհի ղեկավարներու ծրագիրներուն մէջ, այսօր տարբեր տեղ ունի անոնց հաշիւներուն մէջ։ Արդարեւ, այդ նոյն ղեկավարներուն մեծ մասը, հետաքրքրականօրէն, ծունկի եկած է այս մարդասպան ժահրին դիմաց, եւ անոնք սկսած են իրենց ժողովուրդին առողջութեան համար անհրաժեշտ քայլեր առնել եւ համապատասխան նախազգուշութիւններու դիմել:
Մեծ յոյսով եմ, որ երբ «Քորոնա»-ի դէմ մղուած այս համաշխարհային պատերազմը վերջ գտնէ եւ փուլ գայ նախկին աշխարհը՝ իր տնտեսութեամբ ու դրամատիրական օրէնքներով, ականատես պիտի ըլլանք ծնունդի նոր աշխարհի մը, որ պիտի ըլլայ մարդկանց իրաւունքները իսկապէս պաշտպանող եւ նիւթականէ հեռու, ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած։



