Երկու Ապրող Կեանքեր
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Կը շարունակեմ մնալ շրջափակուած վիճակի մէջ՝ Քուէյթի Մահպուլա շրջանին մէջ։ Բաւական ժամանակէ ի վեր կ՚ապրիմ Մահպուլա շրջանին մէջ, բայց չէի նկատած, որ մեր յարկաբաժինի շէնքի ետեւի հանդիպակաց մասը ամբողջութեամբ բանուորներու նստավայր է եղեր։ Բանուորներ, որոնք կու գան ասիական եւ ափրիկեան ցամաքամասերէն։ Այս ժողովուրդն է, որ մեծ ներդրում ունի Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու ճարտարարուեստի եւ տնտեսական զարգացումին...



















