Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աչքեր Ունին, Բայց Կոյր Են»

Յուլիս 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աչքի կարեւորութեան կ՛անդրադառնայ մարդ այն ատեն միայն, երբ իր աչքերուն տեսողութիւնը կը տկարանայ: Մարմնի ճրագն է աչքը, կ՛ըսէ Յիսուս, ակնարկելով որ արտաքին աշխարհին բացուող այս պատուհանին միջոցով, աշխարհը տեսանելի ներկայութիւն կը դառնայ: Բայց եթէ այդ ճրագը խաւար է՝ ուրեմն ամբողջ մարմինդ խաւար է, կ՛ըսէ Ան:

Մարդկային մարմինը ջղային դրութեամբ կառավարուող գոյութիւն է: Մարդա-կազմութեան դասընթացքներու ընթացքին, ուսուցիչներ մասնագիտական լուսանկարներով եւ անդրմանիշակագոյն արտացոլացումներով առնուած նկարներով եւ նոյնիսկ ուղղակի տեսագրուող ժապաւէններով աշակերտներուն կը բացատրեն ջղային դրութեան գործունէութիւնը, ուղեղէն ստացած հրահանգներու կարգավիճակը եւ այլ մանրամասնութիւններ:

Ջղային այս համակարգի գործունէութիւնը երբեմն խանգարումներ ունենալով, դժուարութիւններ կը ստեղծէ մարդ անհատի կեանքին մէջ: Ոմանք թեթեւագոյն աստիճանի ազդեցութիւններ կրելով սոյն խանգարումներէն, դէմքի վրայ ծամածռութիւններ կը դրսեւորեն անզգալաբար, կամ մարմնի ցնցումներով եւ ձգտուած որոշ շարժումներով կ՛արտայայտեն ջղային համակարգի թեթեւ խանգարման ազդեցութիւնները իրենց վրայ: Յոռեգոյն պարագային՝ մտային խանգարման ժամանակ արդէն ուղեղային հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած մարդը, յատուկ հսկողութեան ու խնամքի տակ կը պահուի: Թեթեւ խանգարման նշաններէն է՝ անընդհատ ականջի դուրսի շրջանակը քերելը, ձեռքի կամ ոտքի աւելորդ թրթռացումները եւ այլ ջղաձգուած շարժումները: Կան նաեւ ոմանք, որոնք իրենց կոպերը կը թրթռացնեն: Սա կրնայ ջղային խանգարման հետեւանքով ի յայտ գալ, եւ կամ՝ աչքերու չափազանց յոգնութեան պատճառով տեղի ունենալ:

Աւագ սերունդի պատկանողներ, որոնցմէ շատեր իրենց նախապաշարումներով եւ աւելորդապաշտութիւններով կը յիշուին ու կը վերյիշուին սերունդէ-սերունդ, մատաղաշ սերունդի զաւակները կը զգուշացնէին, ըսելով. «Աչքերէդ մէկը երբ թրթռայ, մարդու չըսես»: Այս խորհրդաւոր խօսքին յաւելեալ բացատրութիւն չէին տար անոնք, մեծ գաղտնիք մը ծածուկ պահած ըլլալու գոհունակ սրտով: Վերջապէս, հին օրերու աւանդութեամբ, մեծը աւելի բան պէտք է իմանար իր փորձառութեամբ, քան նորաբոյս անփորձ պատանին: Արհեստագիտութեան յառաջդիմութեամբ շատ բան փոխուած է այս աւանդութեան մէջ եւ այլեւս մեծին ու փոքրին իմացածները կարելի է համատեղել, գիտութեան ամբողջականութիւնը ստեղծելով:

Ամէն ինչ հարցականի տակ առնող եւ գիտական ակնոցով իր շրջապատը դիտող նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը, մեր ներկայութեան հարցուց զինք զգուշացնող տարեց մարդուն, թէ ինչո՞ւ պիտի չ՛արտայայտուի իր յոգնած աչքին թրթռալուն մասին: Մարդը, ծանրախոհ գլուխը աջ ու ձախ օրօրելով պատասխանեց անոր, ըսելով.

– Որովհետեւ աչքերդ ամէն օր քեզի կը ծառայեն լուռ եւ առանց դժգոհութեան. թող մէկ օր ալ իրենք, յոգնած ըլլալով, նեղացնեն քեզ. դուն պէտք է լո՜ւռ ներես անոնց եւ բնաւ չբողոքե՛ս:

Աչքերդ չե՛ն դաւաճաներ: Ինչ որ կայ՝ այն կը ցուցադրեն մտքիդ եւ դուն կ՛իմանաս արտաքին աշխարհին անցուդարձը: Սակայն տխուր երեւոյթ մը կայ մարդկային կեանքի ընկերային երեսին վրայ,  որ աչքեր  ունենալով  հանդերձ՝  չտեսնելու,  կամ լաւ եւս՝ կոյր ձեւանալու վատ սովորութիւնն է:

Առարկողներ կրնան ըլլալ անշուշտ, թէ վերոյիշեալ «կոյր ձեւանալ»ու սովորութիւնը ունի նաեւ իր լաւ կամ դրական կողմերը: Օրինակ, քեզի շատ մօտ ու բարեկամ մը, որուն յանցանք գործած պահուն դուն պատահական յայտնուէիր այդ վայրին մէջ, բնականաբար պիտի չուզէիր որ ան իմանար քու ներկայութիւնը: Ուրեմն, առանց զգացնելու ներկայութիւնդ, պիտի նախընտրէիր հեռանալ այդ վայրէն լուռ ու մունջ եւ դէպքը չտեսած ըլլալու հանդարտութեամբ շարունակէիր բարեկամութիւնդ այդ անձին հետ, մտածելով, որ ամէ՛ն մարդ կրնայ սխալիլ: Ասիկա դրական կուրութիւն կը համարեն ոմանք, որուն որոշ չափով իր գնահատանքը կու տայ նաեւ համամարդկային բարոյականութիւնը:

Կրօնական հասկացութեամբ կոյր է այն մարդը, որ զուրկ է Աստուծոյ ճանաչողութենէն, իսկ կրկնակի կոյր է այն մարդը, որ ճանչնալով հանդերձ Աստուծոյ մեծութիւնը, չուզեր հաւատալ Անոր: Եթէ առաջինը կուրութիւն է, երկրորդին պարագան՝ կամաւոր կուրութիւն է, որ շատ աւելի մօտ է տգիտութեան, քան՝ առաջինը:

Վերոյիշեալ տարբերակներէն բացի, կուրութեան չար տեսակը գոյութիւն ունի, որն է՝ նախանձի հետեւանքով պատճառուած կուրութիւնը: Տարօրինակ թող չթուի, որ նախանձը առողջ աչքերու տկարանալու պատճառ կը հանդիսանայ: Երբեմն նախանձ մարդուն աչքերուն առջեւ իրագործումներ կը կատարուին, եւ այնպիսիք՝ որոնք ինք՝ նախանձ մարդը, նոյնիսկ երկրորդ անգամ աշխարհ գալով պիտի չկարենար իրականացնել, անտարբեր կ՛անցնի այդ իրագործումներուն առջեւէն, առանց կարենալ տեսնելու զանոնք: Ոմանք վարկածներու գիրկը կ՛իյնան, ենթադրելով որ նախանձողը կրնայ աւելի մեծ կարողութիւն ունեցող անձ մը ըլլալ: Անոնց այնպէս կը թուի, որ նախանձողը եղա՛ծն է որ չի՛ հաւնիր եւ այդ պատճառո՛վ կ՛անտեսէ ու նոյնիսկ կո՛յր կը ձեւանայ, միշտ մտածելով որ ինք աւելի՛ լաւը կրնայ իրագործել:

Մենք պիտի հակառակինք նման առարկութեան, որովհետեւ իսկապէս մեծ կարողութիւններու տէր մարդը, միաժամանակ գնահատող եւ քաջալերող անձն է, որ գիտէ ուրախանալ դրական իրագործումներով, որովհետեւ անոնք իր «սրտին շատ կը խօսին»: Ասիկա նման է մասնագէտ բժիշկի մը կեցուածքին, որ երբ կը լսէ բարեյաջող վիրաբուժական գործողութեան մը լուրը, որու մասնագիտութիւնը ունի ինք, ուրախութեամբ կը ցնծայ, որ նոյնիսկ իրեն անծանօթ գործակից մը, աշխարհի տարբեր մէկ անկիւնին մէջ, նման յաջողութիւն արձանագրած է: Ան բնաւ չի՛ տխրիր, կեանք մը փրկուած ըլլալուն համար, այլ ընդհակառակը՝ ամէն տեղ ի՛նք տարածիչը կը հանդիսանայ բարի լուրին: Ուրեմն, նախանձողին կուրութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է կարողութիւն ունեցող մարդուն «կուրութենէն», որուն ուշադրութենէն կրնայ պարզապէս վրիպած ըլլալ տուեալ իրագործումը, կամ ուրիշի մը յաջողութիւնը:

Ծերունի բարեկամս, որ մահէն ետք անգամ իր բացառիկ խրատներով կը մնայ միակ խորհրդականս այս կեանքին մէջ, նման մարդոց հանդիպելով, խաղաղ հոգիով կը մրմնջար իրեն ծանօթ երգ մը. «Աչքեր ունին, բայց կոյր են»: Ուրեմն, մարդիկ որոնց աչքերու խոռոչներուն մէջ փայլփլուն երկու տեսողական զգայարանքներ կան՝ չկարծէք որ կը տեսնեն: Թերեւս կոյր մը աւելի՛ տեսողութիւն ունի, քան այն անձը, որ իր բաց աչքերով չի՛ տեսներ՝ կոյր ձեւանալով: Ան բառին բուն իմաստով աչքեր ունի, բայց կոյր է…:

Երկնային իրականութիւնը տեսնելու կամ չտեսնելու պարագան եւս նոյնը չէ՞: Ո՞վ է զայն տեսնողը: Ան, որուն հոգեկան տեսողութիւնը առողջ է, եւ ո՛չ միայն ան՝ որ մսեղէն սուր տեսողութեամբ աչքեր ունի: Արծիւն ալ կատարեալ տեսողութիւն ունի:

 

Նախորդը

Հալէպ. Գորոնայի սկի՞զբը, թէ՞ վերջը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ’ընեն Արուեստագէտները (Համաճարակի Ընթացքին)

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?