ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի պատասխանեց տարբեր հարցումներու` ներլիբանանեան հարցերէն սկսելով մինչեւ հայութեան վերաբերող խնդիրներ:
Սակայն այս բոլորէն ականջիս յատկապէս դպաւ ապերախտութեան նիւթը: Իսկապէս ազգային լուրջ հարցի մը վերածուեցաւ ապերախտութիւնը, որուն մասին արդէն հրապարակաւ կը խօսուի: Շատ կ՛ուզեմ անդրադառնալ այս իրողութեան եւ մտածելու ու խոկալու նիւթ մը տրամադրել բոլոր ապերախտներուն: Հարցազրոյցէն չէ, որ ազդուեցայ, սխալ մի՛ հասկնաք, այլ շատոնց կը հետեւիմ լիբանանահայ գաղութի իրադարձութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հակազդեցութիւն լիբանանահայութեան արձագանգներուն: Ճի՛շդ է, Լիբանանէն հեռու եմ, սակայն ընկերային ցանցերուն մէջ արձանագրուող ժխտական մեկնաբանութիւնները` այս կամ այն դրական երեւոյթի մը, օգտակար ձեռնարկի մը կամ բարի արարքի մը հետ կապուած պերճախօս վկայութիւններ են լիբանանահայ հասարակութեան մէջ զարգացող ապերախտութեան, որ, իմ կարծիքովս, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ չափազանց շփացածութիւն: Այո՛, շփացած էք, սիրելի՛ լիբանանահայեր: Արդէն իբրեւ համայնք ձեր ունեցած անվիճելի առաւելութիւնները եւ լայն կարողութիւնները անտեսելով (ազգային գետնի վրայ), ձեր գաղութային գանձարանը` իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, ակումբներով, կրթական, առողջապահական, բարեսիրական, մշակութային եւ ընկերային կառոյցներով, ոչինչ է ձեզի համար, արժէք չունի: Եթէ դուք օտարութեան մէջ Հայաստան ունենալով (այսինքն պետականավայել զանազան ազգային կառոյցներով շրջապատուած) դժգոհ էք եւ ապերախտ, հապա ես ի՞նչ ըսեմ, որ օտարութեան մէջ առանձին, ոչ մէկ հայախօս ընկեր ունենալով անմիջական շրջապատիս մէջ օրէ օր կը յամառիմ հայ մնալու (ասիկա երբեք ինքնագովութիւն չէ, այլ պարզապէս արդար ընդվզում է):
«Գաղութը ծախեցին, դպրոցներ կը գոցուին, կուսակցութիւններ անտարբեր են, այսօր վիճակը այնպէս չէ, ինչպէս որ էր 40-50 տարի առաջ, կաթողիկոսարան, առաջնորդարան, երեսփոխաններ, քաղաքապետ, ծերանոց, դաշնակցական տղաք… Մէկ խօսքով` ամէն ինչ վատ է»: Խիղճ ունեցէ՛ք, սփիւռքի գաղութներէն շատեր ձեր ունեցածին մէկ հարիւրերորդը չունին: Օրինակ, ես` Ռուսիա ապրելով, ի ծնէ զուրկ էի հայերէն սորվելու կարելիութենէն, որովհետեւ պարզապէս հայկական ոչ մէկ վարժարան կայ իմ ապրած շրջանիս մէջ, հակառակ անոր որ քսան հազարի չափ հայութիւն ունինք: Դուք ձեր երեսփոխաններէն կամ քաղաքապետներէ՞ն դժգոհ էք, երանի՜ ձեզի, որ քաղաքական ներկայացուցչութիւն ունիք, Ռուսիոյ մէջ աւելի քան երկու միլիոն հայութեամբ ո՛չ երեսփոխան ունինք, ո՛չ ալ քաղաքապետ, որոնք մեր իրաւունքները եւ մեր շահերը պիտի ներկայացնեն եւ պաշտպանեն, մենք մեր բախտին ձգուած ենք իբրեւ փոքրամասնութիւն, մինչ դուք հովանաւորներ ունիք: Կուսակցութեա՞ն կը հայհոյէք, կը բամբասէ՞ք, ապրի՜ք, սակայն մանուկի խանձարուրէն սկսած մինչեւ միջազգային տարողութիւն ունեցող հարցերով ամէն առիթի ակումբ կը դիմէք եւ կարելիութիւն ունիք զօրակցութիւն ու օգնութիւն ստանալու (վերջին շրջանին օժանդակութեանց բաշխումը ատոր պայծառ ապացոյցն է): Բայց մենք ո՞ւր պիտի երթանք եւ որո՞ւ դիմենք: Պատերազմ ըլլայ կամ խաղաղութիւն ձեր կողմէ «փողոցային տղաք» կոչուած դաշնակցական տղաքը միշտ արթուն են, այո՛, անաղմուկ եւ լուռ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ եւ չեն դաւաճաներ ձեզի, երանի՜ մենք ալ այս «փողոցային տղոցմէ» բուռ մը ունենայինք:
Նորէն կ՛ըսեմ, ԽԻՂՃ ՈՒՆԵՑԷ՛Ք, կաթողիկոսարանը, առաջնորդարանը, ՀՅԴ-ի կոմիտէութիւններ, ԼԵՄ-ը, ԶՈՄ-ը, ԼՕԽ-ը, ՀՄԸՄ-ը Համազգայինը, ԱՖՀԻԼ-ը, ՔԱՀԼ-ը, թերթեր, ձայնասփիւռի կայաններ, դպրոցներ, նոյնիսկ համալսարան, դարմանատուներ, ծերանոց, դժուար է հաշուել նոյնիսկ թէ ինչքա՜ն հաստատութիւններ կան ձեր կողքին: Ճի՛շդ է, այս բոլոր կազմակերպութիւնները անսխալական չեն անշուշտ, որովհետեւ մահկանացու անձերու կողմէ կը ղեկավարուին, ոչ թէ հրեշտակներու, կրնան թերութիւններ ունենալ, կրնան սխալիլ կամ տկարանալ (իբրեւ կառոյց, ոչ թէ իբրեւ գաղափար, մի՛ շփոթէք), բայց եւ այնպէս անոնք բոլորը կա՛ն, եւ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, չեն դադրիր ձեզի ծառայելէ:
Կը հասկնա՞ք, ծառայութիւնը կարեւոր է, այս ծառայութեան շնորհիւ դուք իբրեւ հայ կ՛ապրիք ծնունդէն մինչեւ մահ, քանի որ գաղութը պահելու կոչուած վերոյիշեալ կազմակերպութիւնները կրթական, նիւթական, բարոյական եւ ֆիզիքական ապահովութիւն եւ զօրակցութիւն կու տան ձեզի: Այնպէս որ, այլեւս չըսէք` «մենք կը պայքարինք հայ մնալու համար»: Դուք չէք գիտեր իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հայ մնալու պայքար մղել, երբ շուրջդ ոչ դպրոց կայ, ոչ ակումբ, ոչ ճգնաժամային շտապներ, ոչ երեսփոխանական պլոքներ եւ այլն: Բախտաւոր էք դո՛ւք, բայց չկրցաք հասկնալ ու արժեւորել այդ բախտաւորութիւնը: Ձեր պարագային կը գործէ հին օրէնք մը, որ կ՛ըսէ, թէ մարդը բան մը կորսնցնելէ ետք միայն անոր արժէքը կը գիտնայ: Շփացուցին ձեզի գաղութը կերտած անցեալի նուիրեալները, այնքան շփացուցին, որ այսօր ձեր ունեցածը քիչ եւ վատ կ՛երեւի ձեր աչքին: Շա՛տ լաւ, եթէ այդպէս է, եկէ՛ք իմ ապրած երկիրս, ինչո՞ւ չէ նաեւ իմ ապրած շրջանս, ուր ոչ հայկական դպրոց կայ, ոչ ակումբ, ոչ ալ ազգային որեւէ կառոյց` մէկ հատիկ եկեղեցիէն զատ, եւ այն ատեն պիտի ըսէք, թէ ո՞ւր իսկապէս վատ է կացութիւնը` Լիբանանի՞ մէջ, թէ՞ այլուր: