Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիա-Արաբական Երկիրներ Մերձեցման Նախանշաններ

Յուլիս 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլեմ Երեքշաբթի, 23 Յունիսին իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յստակօրէն ընդգծեց Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութեան նշաձողերը, պատերազմի ինն տարիներու զարգացումներուն, յատկապէս ԱՄՆ-ի սահմանած «Կայսեր Օրէնք»ին եւ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն համապատկերին ներքեւ:

Մուալլեմ հաստատելով Սուրիոյ դաշնակիցներուն հետ Դամասկոսի անքակտելի կապը, անուղղակիօրէն անդրադարձաւ նաեւ թրքական, ամերիկեան եւ իսրայէլեան վտանգներուն դէմ դնելու համար արաբական երկիրներու միասնական ճակատի մը յառաջացման կարեւորութեան:

Փաստօրէն, Դամասկոս արաբական երկիրներու մերձեցման առաջին յանդուգն քայլը առաւ՝ իր արտաքին գործոց նախարարին արաբական երկիրներուն ուղղած կոչով եւ գործակցութեան պատրաստակամութեամբ:

Մուալլեմ նախ ողջունեց  Միացեալ Եմիրութիւններու կողմէ Սուրիոյ առաջարկուած վերականգնումի որեւէ նախաձեռնութիւն, պատրաստակամութիւն  յայտնեց գործակցելու Լիբանանի հետ «միացեալ կամք»ի առկայութեան պարագային, յանդուգն համարեց Յորդանանի վարչապետին այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն «Կայսեր Օրէնք»ը իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ Սուրիա-Յորդանան տնտեսական գործակցութեան վրայ եւ վերջապէս Եգիպտոսի Լիպիոյ տագնապին միջամտութեան եւ անոր ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց, աւելցնելով որ  Լիպիա օտար ուժերու ախորժակներուն, յատկապէս Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան զոհն է:

«Դամասկոսի դռները բաց են բոլոր այն արաբական երկիրներուն դիմաց, որոնք վճռած են տէր կանգնիլ իրենց անկախ որոշումներուն, ինքնիշխանութեան», շեշտեց Մուալլեմ:

Դամասկոսի այս հրաւէրը արժանացաւ արաբական երկիրներու, յատկապէս Եգիպտոսի արձագանգին, որուն խորհրդարանի պատգամաւորը եւ Ազգ. Անվտանգութեան եւ Պաշտանութեան Յանձնախումբի անդամը` Թամեր ալ Շիհաուին ողջունեց Դամասկոսի այս մօտեցումը եւ յայտնեց, որ երկու երկիրները պատմական սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են, քաղաքական որոշ հարցերու մէջ տարակարծիք ըլլալով մէկտեղ:

Վերջին տարիներուն, ԱՄՆ-ի գօրակցութիւնը վայելող Թուրքիոյ արաբական շարք մը երկիրներ ներխուժումը, ԱՄՆ-Իսրայէլ-Թուրքիա շահերու համընկնումը տարածաշրջանի արաբական երկիրներու քայքայման ու անոնց տարածքներուն բռնագրաւման կ’առաջնորդեն:

Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Եգիպտոսի տարածքներուն, ազգային հարստութիւններուն տիրանալու այս ուժերուն նկրտումները յստակ են ու շարունակելի: ԱՄՆ-Ռուսիա-Թուրքիա մրցակցութիւնը եւս ակնյայտ դարձած է վերջին տարիներուն: Իւրաքանչիւրը իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու ծրագիր ի գործ դրած յառաջ կ’ընթանայ:

Ուստի տարածաշրջանի արաբական երկիրներու գործակցութիւնը կրնայ ուժեղ գործօն հանդիսանալ անցանկալի ուժերու ոտնձգութիւններուն դէմ եւ նպաստել իւրաքանչիւր երկրի աշխարհաքաղաքական դերակատարութեան ամրագրման:

Մուալլեմի ասուլիսն ու տարածաշրջանի վերջին զարգացումները ցոյց կուտան, որ Միջին Արեւելքի մէջ արաբական նոր դաշինք մը  ձեւաւորման իր հունը կը գտնէ՝ սանձելու ե՛ւ թրքական, ե՛ւ իսրայէլեան, ե՛ւ ամերիկեան ուժերու ոտնձգութիւնները:

«Գ.»

Նախորդը

105 Տարի Ետք Թուրքիոյ Նախագահը Տակաւին Կը Փորձէ Քօղարկել Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Գ.

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?