ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, կ՛ենթադրեմ, որ քեզի համար ալ հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ արուեստագէտները ի՛նչ կ’ընեն, եւ կամ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւեն այս համընդհանուր եւ բոլորիս համար տհաճ ու տարօրինակ ապրելակերպը:
Օգտուելով տունը մնալու հանգամանքէն՝ կապ հաստատեցի բազմաթիւ կերպարուետագէտներու, որոնց շարքին նաեւ կարգ մը գրողներու հետ, եւ պարզուեցաւ, որ անոնց մեծամասնութիւնը իրենց կամքէն անկախ տրամադրութիւն չունի աշխատելու, որովհետեւ պէտք ունին ներշնչման, որ ստեղծագործական լիցք եւ միտքի կեդրոնացում կ՛ենթադրէ, սակայն, անոնց զուգահեռ կան բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնց համար համաճարակի պատճառով ակամայ ստեղծուած այս կացութիւնը պարզապէս առիթ է փակուելու արուեստանոցը ու աշխատելու: Զարմանալիօրէն ոմանք նոյնիսկ խանդավառ կը թուին ըլլալ: Օրինակի համար, երբ Ռուբէն Աբովեանին հարցուցի այս մասին, ան պատասխանեց. «Իմ առօրեայում գրեթէ բան չի փոխուել: Առաջ ալ սնունդ ապահովելու համար երբեմն տնից դուրս էի գալիս, հիմա էլ անում եմ նոյնը: Մնացած ժամանակը տրամադրում եմ կամ նկարելու կամ ալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու»:
Ան տարիներէ ի վեր գրեթէ խզած է կապը արտաքին աշխարհին եւ ընթացիկ կեանքին հետ, որովհետեւ կարծէք թէ «մտերմացած» է իր կերտած կերպարներուն ու «մերուած» անոնց անսովոր առօրեային, ուր կ’ապրի, կը զրուցէ, այլ երբեմն «կը կատակէ» նաեւ անոնց հետ:
Ընդոծին տաղանդի ու զօրաւոր անհատականութեան տէր այս գեղանկարիչը, հակառակ անոր որ շարունակաբար նոյն թեմաներուն կ’անդրադառնայ, ոչ միայն ինքզինք չի կրկներ, այլ նաեւ անսպառ ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ: Անոր գերիրապաշտական բնոյթի երկերէն ներս էապէս թափանցելն ու ըմբռնելը, թէեւ առաջին հայեացքէն մշակութային որոշ խորացում կ’ենթադրէ, սակայն այնքան ալ դժուար չէ: Դժուար չէ, որովհետեւ հոն պատկերուած կերպարները, իրենց ոչ սովորական կենցաղով ու խառնուածքով, մեզի համար համակրելի ու «հարազատ» կը թուին ըլլալ:
Իր սեփական միջավայրը եւ արտայայտչաձեւերը ունի նաեւ Մայիս Մխիթարեանը, որուն ստեղծագործութիւնները, հայ մանրանկարչական գեղագիտական լաւագոյն աւանդութիւններով պարուրուած ըլլալով հանդերձ, խիստ ժամանակակից հնչեղութիւն ունին, նոյնի՛սկ սրբանկարչական յղացքներու պարագային: Անոր սրբանկարչական արուեստի վառ արտայայտչականութիւնն ու համոզիչ ծիսականութիւնը պայմանաւորուած են ոչ միայն իր մաքուր ու խոր հաւատքով, այլեւ ամուր անհատականութեամբ ու երփնագրելու բացառիկ ընդունակութեամբ: Ծիսականութեամբ թաթաւուն են գրեթէ բոլոր գործերը, որոնց առընթեր յատուկ վերաբերմունք կը տածէ յատկապէս իր թատերական ձեւաւորումներուն հանդէպ: Երբ հարց տուի անոր, թէ թարմանալու կամ նորութիւններ յայտնաբերելու դժուարութիւն չ’ունենա՞ր, ան պատասխանեց. «Եթէ պատահէր որ Աստուած երեք կեանք էլ շնորհէր ինձ, պիտի չկարողանայի աւարտել ներկայի իմ ծրագրերը»:
Այս կարգի արուեստագէտները մշտական ներշնչման մէջ կը թուին ըլլալ: Անոնց համար ստեղծագործական հենքը, իրենց ներաշխարհէն ներս անթեղուած (թէկուզ ենթագիտակցաբար) յոյզերն ու վիճակներն են, որոնք կամ առհաւականօրէն ժառանգուած են եւ կամ ալ ժամանակի ընթացքին կազմաւորուած՝ իբրեւ ստեղծագործական հունտ: Այս վերջինները իրենց հերթին երկու տեսակ են: Առաջինները առաւելաբար դիմանկարիչներ, բնանկարիչներ կամ անկենդան բնութեան վարպետներ են, որոնք, թէեւ իրենց տեսածն ու զգացածը կը պատկերեն, սակայն գեղարուեստական որոշ «սրբագրութիւններով» իրենց անհատական դրոշմը կը դնեն անոնց վրայ: Այս բնոյթի արուեստագէտներէն էր Յակոբ Յակոբեանը, որուն երբ այցելէինք, ան մէկ կողմէ մեզի հետ կը զրուցէր եւ միւս կողմէ կը շարունակէր երփնագրել:
Իսկ երկրորդ տեսակի ներկայացուցիչները իրենց տեսածով ու զգացածով չեն բաւարարուիր: Անոնք հզօր երեւակայութեան ու ստեղծագործական անսպառ կիրքի տէր՝ «արկածախնդիրներ» են, որոնց համար կեանքը արուեստ է, իսկ արուեստը՝ կեանք: Իբրեւ այս ոլորտի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը, կրնանք յիշել Եուրոզը, որուն եւս մտերմութիւնը վայելելու առիթը ունեցած եմ ու ըմբոշխնած՝ անոր ստեղծագործական պահն ու երփնագրելու ընթացքը: Կիրքը այնքան անհանդարտ, աշխոյժ ու թելադրական է անոր մէջ, որ չի կրնար հանգիստ կենալ առանց աշխատանքի: Անընդհատ պէտք է ստեղծագործէ: Նոյնի՛սկ ճաշի ժամանակ երբեմն որեւէ թուղթ կամ լաթի կտոր կը գտնէ ու կը սկսի նկարել անոր վրայ: Այս օրերուն, ան կը շարունակէ իր մէջ կուտակուած անհատնում տեսլականներն ու ծաւալատարածական յղացքները պաստառին կամ կաւի վրայ դրոշմել:
Նոյն տեսակին պատկանող յաջորդ արուեստագէտը, որուն անհրաժեշտաբար պէտք է յիշեմ, Պերճ Չաքէճեանն է: Անոր համար 2018-ը եւ 2019-ը եղան միջազգայինօրէն արժեւորման ու գնահատման տարիներ: Ան առանց շլանալու բարձր ու հեղինակաւոր դրուատիքներէն, փակուած իր տնամերձ արուեստանոցին մէջ, ամենայն պատասխանատուութեամբ ու նոր եռանդով սկսած է գերիրապաշտական նոր ոլորտներ պեղել ու յայտնաբերել ուրոյն տիսիլքներ, զորս կը դրսեւորէ անշփոթելի արտայայտչամիջոցներով ու արտայայտչաձեւերով: Ան, շրջանցելէ ետք համաճարակային խժդժութիւնները, վերջին երկու ամսուան ընթացքին արդէն իսկ երկվեցեակէ մը աւելի նոր գեղանկարներ իրագործած է ու նոյն թափով կը շարունակէ…:
Յաջորդ արժանաւորը, որ պէտք չէ մոռցուի, Մկրտիչ Տարագճեանն է, որ մասնագիտութեամբ բժիշկ է եւ օժտուած: Այս աննպաստ համարուած ժամանակաշրջանին ան իր պատրաստած յատուկ դիմաքանդակի նուիրուած ցուցահանդէսը ժրաջանութեամբ կը շարունակէ համալրել նոր յօրինումերով: Երբ մենք բոլորս այս տարի հարկադրաբար տունը մնացինք ու տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր միջոցառումներով վառ պահեցինք Մեծ Եղեռնի յիշատակը եւ վերանորոգեցինք պահանջատիրութեան մեր ուխտը, ինք՝ ճիշդ Ապրիլ քսանչորսի օրը՝ երկու թոռնիկները իրեն հետ առած, այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիպակաց պուրակին մէջ զետեղուած եւ իր իսկ ստեղծագործութեամբ կերտուած՝ Կոմիտասի յուշակոթողը ու խորհրդանշական ծաղիկներ դրաւ անոր դիմաց, որուն բացումը ծրագրուած էր կատարել նոյն օրը, սակայն յետաձգուած համաճարակին պատճառով: Ի դէպ, այս մէկը Տարագճեանի յղացած միակ կոթողը չէ: Ան շարք մը կիսանդրիներ, դիմաքանդակներ եւ այլ գործեր ունի՝ դրուած Քանատայի եւ Միացեալ Ննահանգներու տարբեր հրապարակներու եւ հայրենի բազմաթիւ թանգարաններու մէջ:
Նմանօրինակ այլ տաղանդաւոր քանդակագործ մը եւս ունինք, յանձինս Յակոբ Ճանպազեանի, որ թէ՛ յուշարձաններ (որոնց շարքին նաեւ՝ Եղեռնին ու մեր հերոսամարտերուն նուիրուած), եւ թէ դիմաքանդակներ ունի զետեղած Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Այս աննպաստ օրերուն ան եւս կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը, որ կը յատկանշուի նաեւ Ն. Աղբալեանի, Լ. Շանթի եւ կամ Ս. Զէյթլեանի նման ազգային եւ մշակութային գործիչներու կիսանդրիներու կերտումով: Յակոբ Ճանպազեանը վերջին տարիներուն գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած է ծաւալատարածական արուեստին, ուր լուսաստուերի հմուտ լուծումներով կրցած է կերտել թէ՛ դիմաքանդակներ, եւ թէ մնայուն արժէք ներկայացնող ճարտարապետական բնոյթի վեհ ու սլացիկ կոթողներ: Իմ կապ հաստատած արուեստագէտներուն մէջ ան միակն է, որ այլ յղացքներու կողքին անդրադարձած է նաեւ համաճարակի թեմային՝ խորագրելով զայն «Ձախորդ օրերը կու գան ու կ’երթան»:
Թէ՛ իր տաղանդի ուժգնութեամբ, եւ թէ յարատեւ աշխատունակութեամբ հայրենի ժամանակակից արուեստին մէջ իւրայատուկ երեւոյթ է Գէորգ Եղիազարեանը՝ այն իմաստով, որ ան իր ստեղծագործական խիստ զբաղուածութեան զուգահեռ կրցած է իրականացնել իր տարիներու երազը՝ վերակենդանացնելով մեր ազգային մշակոյթի ամէնէն կենսական երակներէն մէկը՝ Գոթահեայի Ճենապակիի արուեստը, զոր մեր թշնամիները մինչ հիմա կը շարունակեն ներկայացնել իբրեւ իրենցը: Այս ցաւոտ ու կնճռոտ հարցին հարկաւոր է անդրադառնալ հանգամանօրէն առանձին: Գէորգ Եղիազարեանը իր դրսեւորած զօրաւոր անհատականութեան եւ բացառիկ արտայայտչականութեան շնորհիւ փնտռուած անուն մըն է այսօր, յատկապէս՝ ամերիկեան արուեստի անդաստանէն ներս: Ան իր ողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ժամանակի անբաւարարութենէ «տառապած» կը թուի ըլլալ, որովհետեւ ոչ միայն յղացքներու անսպառ հանք մը կը յամենայ իր ենթագիտակիցի ալքերէն ներս, այլեւ իրեն համար երփնագրելը «լիցքաթափման» ու գեղագիտական բաւարարուածութեան միջոց է: Այս օրերուն «կամովին» բանտարկուած իր քանի մը արուեստանոցներէն մէկուն մէջ, սկսած է վերաթարմացնել իր արուեստը՝ նոր ու յատկանշական յղացքներով …:
Միացեալ Նահանգներուն մէջ ունինք վարպետ ջրանկարիչ մը՝ Յարութիւն Արմէնեան, որ, հակառակ անոր որ մասնագիտութեամբ միջազգայնօրէն յայտնի համաճարակաբան է եւ շատ լաւ կրնայ պատկերացնել «Քորոնա» ժահրի վտանգի տարողութիւնն ու գործած աւերը, ան ոչ միայն կը շարունակէ երփնագրել ու աւելի բիւրեղացնել իր արուեստը, այլեւ իր գործերէն ե-նամակով գեղեցիկ նմոյշներ կ’ուղարկէ իր արուեստի սիրահարներուն, որոնք պատկառելի թիւ մը կը կազմեն: Տրուած ըլլալով, որ ջրաներկի նրբութիւններուն տիրապետելն ու սեփական վրձինին զայն ենթարկելը այնքան ալ դիւրին չէ, իրեն պէս միայն ջրաներկով ստեղծագոծող գեղանկարիչ գրեթէ չունինք: Թէեւ վարպետ ջրանկարիչներ ունինք եւ անցեալին ալ ունեցած ենք, ինչպէս՝ Արշակ Ֆէթվաճեան, Արտաշէս Յունանեան, Տէրվիշ (պարսկահայ), Փոլ Կիրակոսեան, Թորոս Տէր Յակոբեան եւ ուրիշներ:
Երբ այս յօդուածը կը գրէի, քիչ առաջ, մեր օրերու հայրենի յայտնի գեղանկարիչներէն՝ Ալպերթ Յակոբեանը հեռաձայնեց ու տեղեկացուց, որ ինք եւս իր հերթին կը շարունակէ ստեղծագործել՝ պատկերելով խառն արհեստագիտութեամբ «կրաֆիգներ»: Անմիջապէս անոնց լուսապատճէնները ե-նամակով ղրկեց, ու պարզուեցաւ, որ անոնք պայծառ գուներանգներով ու ինքնավստահ ու ճկուն գիծերով իրագործուած վերացապաշտական հակումներով գործեր են: Ան այս շարքէն ետք ծրագրած է սկսիլ այս անգամ իւղաներկով նոր շարք մը՝ նոյն ոգիով, բայց տարբեր բովանդակութեամբ: Ինչպէս միւսները, Ալպերթ Յակոբեանը եւս մշտական աշխատունակութեան մէջ կը թուի ըլլալ:
Նկատի ունենալով, որ համաճարակի պատճառով ժամանակակից մեր կերպարուեստագէտներու կեանքի կշռոյթը շեղած է իր հունէն, ու ակամայ ամլացած վիճակ մը ստեղծուած է շատերու մօտ, որուն պատճառով ստեղծագործելու տրամադրութիւն չունին, անմիջապէս յստակացնենք, որ անոնցմէ ոեւէ մէկը միւսին վրայ առաւելութիւն չունի: Ի վերջոյ ստեղծագործութեան մակարդակն ու որակն է կարեւորը. պարզապէս անոնց ստեղծագործելու կերպերն ու միջոցները կը տարբերին:
Անշո՛ւշտ, մեր արժանաւոր կերպարուեստագէտներու ցանկը ոչ միայն այսքանով չ’աւարտիր, այլ նաեւ ընդհանուր ձեր տպաւորութիւնը թերի կը մնայ, եթէ նկատի չունենանք, որ ստեղծագործողներուն զուգահեռ ունինք բազմաթիւ ու բազմազան կերպարուեստագէտներ, որոնք ստեղծագործելու տրամադրութիւն չունին եւ տարբեր ձեւերով կ’իմաստաւորեն ու կը լեցնեն իրենց ժամանակը: Անոնց մէջ կան ոմանք, որոնք ոչ միայն փիլիսոփայական յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերեն համաճարակի կացութեան նկատմամբ, այլ երբեմն քով-քովի գալով, կը քննարկեն արուեստին զուգահեռ տարբեր բնոյթի ու բովանդակութեամբ հարցեր, որոնց ընթացքին բացառուած չէ որ նոյնի՛սկ խնճոյքներ կազմակերպուին: