Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա ռ ա ք ե լ ո ւ թ ի ւ ն

Յուլիս 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

Ճեմարանը, ճեմարանականներուս ջախջախիչ մեծամասնութեան համար եղած է այնքան հոգեհարազատ հաստատութիւն մը, որ անձնապէս երբեք չէի մտածած, թէ ի՛նչն է, որ զայն վերածած է «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր»-ի, վա՞յրը, շէնքե՞րը, ընկերական մթնոլո՞րտը, աննման ուսուցիչնե՞րը:

Յստակ է, թէ ընդհանրապէս ամէն դպրոց իր շրջապատին համեմատ նկատելի գեղեցկութիւն մը կ՛ունենայ, հոն անպայման կան իրենց կոչումին արժանի դաստիարակներ, որոնք սերունդներ կ’ոգեւորեն, բնականաբար ընկերական մթնոլորտ կը ստեղծուի դպրոցական մանուկներու եւ պատանիներու միջեւ, զուարճալի դէպքեր տեղի կ՛ունենան, անմոռանալի յիշատակներ կը ստեղծուին եւ հոն ծնունդ կ՛առնեն ամբողջ կեանք մը տեւող մտերմութիւններ: Ուրեմն Ճեմարանի պարագային ի՞նչն է տարբեր, արդեօք այդ դպրոցը յաճախողնե՞րը՝ իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորումով:

Ծառը կը դատեն իր պտուղէն, հետեւաբար հասնելու համար «Ծառի» մասին որոշ եզրակացութեան մը, ակնարկ մը նետեցի ինծի մօտէն կամ հեռուէն ծանօթ ճեմարանականներէ իմ տպաւորութիւններուս:

Հոս պարտիմ աւելցնել, թէ հայրս եղած է Ճեմարանի գիշերօթիկ սան, Շանթերու, Աղբալեաններու շունչին տակ մեծցած եւ շրջանաւարտ, քաջ  ծանօթ դպրոցի առաջին սերունդներուն, 2 քոյրերս եւ ես՝ յաջորդ սերունդի ճեմարանաւարտներ, հետագային միութենական կեանքի ընդմէջէն միշտ ալ հանդիպած եւ ծանօթացած եմ ճեմարանական նոր սերունդներու ներկայացուցիչներու:

Տասնամեակներու ընդմէջէն հսկայ փաղանգ մը մտաբերելէ ետք, վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան, թէ հակառակ անոր որ հայկական որեւէ հաւաքի ընթացքին կարելի է զանազանել ճեմարանականները, սակայն նոյն ատեն դժուար է գտնել 2 նոյնանման ճեմարանական:

Փաստօրէն Ճեմարանը ինը տասնամեակներու ընթացքին կաղապարուած սերունդներ չէ որ արտադրած է, այլ հասցուցած է այլազան, բայց երբեք այլամերժ, մտածողութիւններու տէր անհատականութիւններ, անոնք բնականաբար գործած են կեանքի զանազան մարզերու մէջ, շատեր իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են իրենց ասպարէզներուն վրայ, բայց բոլորն ալ ընդհանրապէս չեն գոհացած միայն անձնական յաջողութիւններով, այլ միշտ իրենց ճիտին պարտքը նկատած են հասնիլ իրենց ժողովուրդի պէտքերուն:

Ճեմարանականները ինչքան ալ տարբեր մտածողութիւններու տէր ըլլան, երբեմն նոյնիսկ իրարու հակասող համոզումներ ունենան, այլազան հետաքրքրութիւններով տարուին, իրենց կեանքի առաջնահերթութիւնները աններդաշնակ ըլլան ընդունուած կարծրատիպի մը, Ճեմարանականը միշտ փարած կը մնայ մարդկային բարձր արժէքներու եւ չի զլանար, իր հասկցած ձեւով, իր նպաստը բերելու հայութեան եւ Հայաստանին:

Իննսուն տարի շարունակ իրագործելով Շանթի, Աղբալեանի, Օհանջանեանի  առաքինի Մարդ եւ տիպար Հայ պատրաստելու տեսլականները՝ Ճեմարանը յաջողած է իր աոաքելութեան մէջ:

Բարի՛ երթ, Ճեմարա՛ն, դէպի նոր յոբելեաններ, նորանոր յաջողութիւններ, եւ վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերին եւ կը բերեն այս սրբազան գործին:

 

                                                               

 

 

Նախորդը

Ըստ Իտալական Մամուլին՝ Մխիթարեան Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Խզէ Արսենալի Հետ

Յաջորդը

Կ՚ուզեմ Դուրս Ելլել

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?