ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն եթէ մօտէն կը հետեւինք սփիւռքեան մեր մամուլին, պիտի տեղեկանանք, որ այս տարի՝ 2020-ին, Պէյրութի Հայ ճեմարանը (Ն. Փալանճեան, ապա ներկայիս՝ Մ. եւ Հ. Արսլանեան) կը տօնէ իր հիմնադրութեան իննսունամեակը:
Ու հակառակ մեր ներկայի քաղաքական, ընկերային եւ աշխարհը ցնցող բազմազան հարցերուն եւ տագնապ-մտահոգութիւններուն, նոյն այդ մեր մամուլի էջերուն կը հանդիպինք երախտապարտ գրիչներու, որոնք տարիներու հեռաւորութենէն լուսաւոր կերպով եւ կարօտի զգացումով կը յիշեն իրենց դպրոցը՝ Ճեմարանը: Աւելի՛ն՝ տակաւին կը հանդիպինք տողերու Ճեմարանի շրջանաւարտներու, որոնք իրենց բառերուն մէջ դէմքեր եւ գոյներ խառներով, հոգի կը դնեն ընթերցողին ժամերուն մէջ: Նաեւ կը ծանօթանանք դպրոցական հետաքրքրական յուշերու, ուսանողներու ակնարկներու, որոնք կարծես սովորական աղօթքի նման հետդ կը խօսին: Բոլորն ալ իրենց «հինը» կը պարզեն աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ:
Ես ալ, իմ կարգիս՝ իբրեւ Հալէպի Ազգ. Ք. Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն մէկը, թոյլատրելէ չեմ գտներ անմասն մնալ հրապարակային նման հպարտանքի խրախճանքէն: Հալէպի Ճեմարան եւ Պէյրութի Ճեմարան…: Մէկը՝ 70 եւ քիչ մը աւելի, իսկ միւսը այս օրերուն արդէն 90 տարեկան: Երկուքն ալ՝ հայ ազգի ուրոյն եւ պատմական կենսունակութիւնը դրօշ բարձրացուցած, դարձան հայահոծ մեր երկու գաղութներու իրերարաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն հաւատքով եւ յոյսով ծառայող ազդակներու: Դարձան միջնաբերդը հայ հոգիին, ուր կոփուեցան հայ տղոց եւ աղջիկներներու միտքերը, հարստացան անոնց ազգային եւ մարդկային պահեստները՝ հոգեմտաւոր վեհ արժէքներով, որպէսզի վերջը, ապագային, անոնք դառնային տիպար հայեր եւ քաղաքացիներ:
Ուստի այս առթիւ հարազատի հպարտութեամբ եւ հաստատ, ե՛ս ալ կու գամ ձայնս ու տողերս խառնելու սիրելի՛ Ճեմարանին, արդարօրէն եւ անխտիր՝ բոլորին հետ: Ու կը կարծեմ, թէ քիչ մը շատ աւելորդ եւ նոյնքան ալ յոգնեցուցիչ կրկնութիւն պիտի ըլլար խօսիլ սփիւռքեան մեր կրթական կառոյցներուն էականութեան, նպատակին, յանձնառութեան եւ իմաստաւորիչ ներկայութեան մասին: Մեր ազգային կեանքին մէջ արեւու նման յստակ եւ պայծառ է անոնց իմաստն ու արժէքը:
Բայց անպայման եւ նուազագոյնը նաեւ կը կարծեմ, որ պէտք է յիշել, թէ սփիւռքներու տարածքին մեր հայոց լեզուն, հայ վարժարանը եւ հայ գիրքը մեզ ապրեցնելու եւ գոյատեւելու մեծագոյն աւիշները եղած են եւ տակաւին են: Մէկ խօսքով ՝մեր գոյութեան գլխաւոր կռուանը:
Վկա՛յ, ահա, 90-ամեայ Ճեմարանը:
Ուստի, խօսիլ Պէյրութի Հայ ճեմարանին մասին, կը նշանակէ անպայմանօրէն ներկայացնել զինք իբրեւ ազգային մեծ կրթարան մը, որ ինը տասնամեակներ առաջ եղաւ սրբազան օրհնութիւն եւ տիրական ներկայութիւն այդ օրերուն դէպի պատանութիւն վազող մեր սերունդներուն կեանքին մէջ, այս ձեւով ալ դարձաւ պատմութիւն կերտած ու պատմութեան անցած հաստատ իրողութիւն եւ հայ կեանքի ապահով պարիսպ:
Նոյն այս Հայ ճեմարա՛նն էր, որ գրական ճաշակ, գրականութիւն կամ այլ մասնագիտութիւն մշակել փորձող իր սաներուն հետ հայ միտքն ու երազը կիսեց, անոնց բաժնեց հայ գիրին ու գիտութեան բոյրերը: Ապա, իբրեւ հունձք՝ տարիներ ետք, նոյն այդ շրջանաւարտ սերունդներէն շատեր, հպարտօրէն եւ արդարօրէն ազգային ղեկավարութիւնը ստանձնեցին սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ:
Որովհետեւ հոն՝ Հայ ճեմարանի չոր ու ցամաք այդ պատերէն ներս, այդ օրերու մեծ հայեր ազգային ինքնութիւնը ցեղին կնիքով դրոշմեցին զիրենք աշակերտողներուն ճակատներուն՝ միաժամանակ լուսաւորելով անոնց միտքերը: Նաեւ պատիւ իրենց, անոնք իրենց սաները առաջնորդեցին դէպի նոր հայ կեանք: Անոնց բոլորին հոգեկան ու իմացական արժէքներ սերմանեցին ու այս ձեւով արմատացուցին հայ մարդ ըլլալու եւ մնալու հպարտութիւնը, խաղաղ, հաշտ եւ հարազատ հայ քաղաքացի կոչուելու անկեղծութիւնը ու Լիբանանը իբրեւ երկրորդ հայրենիք համարող համեստ անհատի տիպարը:
Նոյն այս Ճեմարանն էր, որ յետեղեռնեան զինք աշակերտող սերունդները իրենց արմատներուն կապեց: Հայ գիրին ու գրականութեան ակօսներուն մէջ հերկ ու վարուցան ընել սորվեցուց: Պահանջեց: Ազգային գիտակցութեանբ օծեց անոնց ժամերը ու այս ձեւով ինքնաբերաբար մեծ դերակատարութիւն ստանձնեց մեր կեանքի մաշումը դիմակալելու ազգային մեր ճիգին եւ նահանջի դէմ մեր ծանր պայքարի աշխատանքներուն մէջ:
Տակաւի՛ն՝ Ճեմարանը դարձաւ մեր գոյատեւման ծառայող հարազատ կռուան, որուն շնորհիւ հայ մնալու եւ հպարտօրէն ապրելու սերմեր ցանուեցան սերունդներու էութեան մէջ։
Հայ ճեմարան, կ’ըսենք եւ կը կրկնենք, շատ յաճախ մեծ հպարտութեամբ, որ խորքին մէջ հայ կրթական մեծ հաստատութիւն մըն է, որուն ցանկապատէն ներս խորապէս ոչ միայն ապահով, այլեւ տասնամեակներով սերունդներ իրենք զիրենք հայ զգացին ու շարունակեցին հայօրէն ապրիլ եւ որոնցմէ շատեր դարձան հայ մտքի եւ հոգիի հոսքի տեւական ճամբորդներ:
Ա՛ն նաեւ, հարազատ մնալով իր հիմնադիրներու կոչումին եւ առաջադրանքին, ընթացաւարտ կամ ոչ, իր բոլոր սաներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ հայրենիք կառուցեց, նաեւ՝ հայերէն լեզու, գիր, գրականութիւն, պատմութիւն եւ տակաւին առողջ հայրենասիրութիւն ալ ընծայեց: Ու այս ձեւով ան տասնամեակներով մեր ժողովուրդի պարզ, մաքուր եւ ճերմակ երազները փայփայեց սիրով, ոգիով, յարգանքով եւ յարատեւօրէն:
Մէկ խօսքով, իբրեւ մեծ հայ դպրոց եւ ուսում ջամբող կեդրոն՝ իր լուսաւոր շաւիղը գծեց լիբանանահայ մեր գաղութին մէջ: Ու տարուէ տարի մեծցաւ, ուռճացաւ, պահուեցաւ հայու վաղուան յոյսի հաւատքով, սիրով, գուրգուրանքով, իր շուրջ բոլորուած անձնազոհ ազգայիններու եւ բարերարներու հոգածութեամբ, իր սաներու եւ շրջանաւարտներու երախտապարտ եւ գիտակից զգացումներով ու նաեւ, հայ ժողովուրդի զանազան խաւերու սրտբաց օժանդակութեամբ եւ անխոնջ աշխատանքով:
Այս առթիւ, սրտանց եւ երախտապարտ զգացումներով կ՛ողջունեմ յիշատակը Հայ ճեմարանի բոլոր հիմնադիրներուն՝ իրապաշտ տեսիլք ունեցող, հայրենասէր ու հայրենիք կերտող, նուիրուածութիւնը անով ապրող տնօրէններուն եւ բոլոր անձնազոհ ուսուցիչներուն, նաեւ երախտապարտ սաներուն, միաժամանակ կը խոնարհիմ բոլորի յիշատակին առջեւ, որովհետեւ անկեղծօրէն իրենց կը պարտինք այս Հայ ճեմարանին, մեծ եւ սրբազան մտածումին յաղթանակը։
Յարգա՛նք ու պատիւ՝ կերտողներուն եւ անսակարկ ծառայողներուն:
Ծնունդդ շնորհաւոր՝ 90-ամեայ Հայ ճեմարան: