Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուծոյ Սիրոյն

Օգոստոս 18, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈՒԻՆ         

Աստուծոյ սիրոյն ձեր աչքերը լաւ բացէ՛ք  եւ  տեսէ՛ք տարուած հսկայական աշխատանքը: Աղէտը ահաւոր էր, «Քորոնա» ժահրի արհաւիրքէն  չազատած եկաւ տնտեսական տագնապը, որուն  յաջորդեց արհաւիրքներուն հզօրագոյնը… խլեց անմեղ զոհեր, քանդեց տուներ, անտուն ձգեց հազարաւորներ, որբ ձգեց մանուկներ, այրի ձգեց կիներ եւ ամուսիններ, անզաւակ ձգեց ծնողներ…: Բացէ՛ք ձեր աչքերը, լա՜յն բացէ՛ք, հասկցէ՛ք պատահածը, նայեցէ՛ք, թէ ի՞նչ կրնաք ընել:

Աստուծոյ սիրոյն լարեցէ՛ք ձեր ականջները, լսեցէ՛ք ցաւի կանչերը, սգաւորներու ողբն ու կոծը, անտունիներուն կանչերը եւ պոռացէ՛ք, բացագանչեցէ՛ք` մենք հոս ենք, կը լսենք ձեզ եւ ինչո՞վ կրնանք օգտակար դառնալ…

Աստուծոյ սիրոյն, ինչո՞ւ կամաւոր կոյր կը ձեւանաք եւ չէք ուզեր տեսնել այն հսկայական  աշխատանքը, որ կը տարուի, ինչո՞ւ չէք ուզեր տեսնել այն սքանչելի երիտասարդները, որոնք  պայթումէն 5 վայրկեան յետոյ մեր ակումբներուն  մէջ էին արդէն, անտեսելով նոյնիսկ իրենց տան վնասները կամ ծնողներուն մտահոգութիւնները,  երբ դուք  թերեւս ճաշարանի մը մէջ խրախճանք  կ՛ընէիք կամ ձեր փոքրիկին տարեդարձը կը տօնէիք եւ կամ շուկաներն  էիք…

Աստուծոյ սիրոյն, ինչո՞ւ ձեր ականջներ խլացած են եւ չեն լսեր այն զեկուցումները, որոնք կը տրուին, այն յայտարարութիւնները, որոնք կը  կատարուին եւ մանաւանդ այն օրհնանքները, որոնք կը բաշխուին այս սքանչելի եւ ծառայասէր երիտասարդներուն` մեր սիրելի ժողովուրդի մամիկներուն-պապիկներուն, հայրերուն-մայրերուն, քոյրերուն եղբայրներուն կողմէ:

Աստուծոյ սիրոյն, ինչո՞ւ ձեր բերանները  կը  պապանձին, երբ պէտք է գնահատել, ամոքել, վարձքը կատար ըսել: Աստուծոյ սիրոյն, ինչո՞ւ ձեր բերանները կը փակուին ի տես լաւին, արդարին, նուիրումին, միշտ պատրաստին, անձնազոհին, ինչո՞ւ: Եթէ դուք  աւելի լաւը կրնաք ընել,  հրամմեցէ՛ք հրապարակ, բոլորիս համար տեղ կայ հոն: Եթէ դուք կրնաք աւելին տալ (երանի՜) հրամմեցէ՛ք, բացէ՛ք ձեր քսակները եւ Աստուած հազարապատիկ գնահատէ ձեզ: Բայց եթէ վարձկաններու պէս պիտի  պատերազմիք եւ ձեր գրպանները պիտի լեցնէք օտարէն ստացուած ոսկիներով, այն ատեն ձեզի կ’ըսենք` ա՛լ կը բաւէ, դուք, որ մեր ազգի ծնունդն էք, այն ի՞նչ մօր կաթ ծծեր էք, որ մարդոց ցաւը շահագործելով ասոր կամ անոր մանկլաւիկը դարձեր էք: Մեծ մասամբ մեր ծոցէն սնած, մեր վարժարաններուն մէջ ուսում  ստացած, երբեմն կը մտածեմ, որ մենք այնքան փափկանկատութեամբ կը կատարենք մեր բարիքները, որ ստացողը իրաւունք կը կարծէ զայն եւ կը մոռնայ (՞) նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել:

Աստուծոյ սիրոյն հրաժարեցէ՛ք ձեր աժան  եւ ոխակալ (ինչո՞ւ այդքան ոխ, ո՞ր պաշտօնին համար, ո՞ր մերժուած խնդրանքին համար) արտայայտութիւններէ, ձեր գձուձ հաշիւները մոռցէ՛ք եւ ձեռք երկարեցէ՛ք ձեր ազգի տառապող զաւակներուն:

Իսկ եթէ տակաւին պիտի  շարունակէք կոյր, խուլ եւ համր ձեւանալով թոյն թափել ազգի գլխուն, նախ վճարեցէ՛ք ձեր բարոյական  եւ նիւթական  պարտքերը, ապա…

 

 

 

Նախորդը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երկրորդ Առցանց Ժողովը – Եւրոպա –

Յաջորդը

«Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Խնդիրին Մասին Հայաստանի Տեսակէտը Չափը Անցնելու Եւ Անպատասխանատուութեան Օրինակ Է» Կ՛ըսէ Աքսոյ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?