Պէյրութին…
ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սիրելի՛ Պէյրութ, Սփիւռքեան մեր միջնաբերդ, այսօր վիրաւոր ես դուն: Հայօրէն շնչող ու ապրող, դուն մեր Ազգային շունչի մեծ շտեմարան: Ամպեր կուտակուած են գլխուդ, մայրեր կրկին սեւեր հագած, տուներդ փլատակի վերածուած, հաստատութիւններդ` քանդուած, զաւակներդ` նահատակ: Ժողովո՛ւրդ սիրելի, նոր չէ ասիկա քեզի համար, բայց նորագոյնը: Դուն տեսած ես 1915, դուն տեսած ես հայրենի տունիդ քանդումը ու բռնօրէն գաղթած, դուն տեսած...

















