Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործակցաբար Եւրոպական Միութեան Եւ ՄԱԿ-ի Միաւորներուն Հետ. Եզակի Նախաձեռնութեամբ Մը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Վերյիշեցուց Բնակիչներուն Տրամադրուած Թէժ Գիծին Մասին

Յունիս 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) միաւորներուն, չորեքշաբթի, 26 եւ հինգշաբթի, 27 մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ Պուրճ Համուտի զանազան փողոցներուն մէջ:

Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց շրջանի բնակիչներուն, որ քաղաքապետութիւնը իրենց կողքին է ու պատրաստ է ընդառաջելու եւ պատասխանելու քաղաքացիներու այլազան մտահոգութիւններուն` իրենց տրամադրութեան տակ դրուած թէժ գիծը (71-800177)  շրջանի կարգ մը տաղանդաւոր երիտասարդներուն կողմէ` գլխաւորութեամբ արուեստագէտ Օմար Քապպանիի, շրջանի չորս տարբեր փողոցներու պատերուն վրայ գեղանկարչական յատուկ ոճով ներկայացնելով:

Թէժ գիծը ձեռնտու է «Ուաց-ափ» ծրագիրին միջոցով` հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն եռալեզու դրութեամբ: Անիկա ֆինանսաւորուած է Եւրոպական Միութեան շրջանային հաւատարմագրային հիմնադրամին կողմէ, եւ անոր միջոցով տրամադրուող ծառայութիւններէն կրնան օգտուիլ Պուրճ Համուտի բոլոր ազգութիւններու եւ պատկանելիութիւններու բնակիչները: Իբրեւ նախաքայլ` քաղաքապետութիւնը կ՛ընդառաջէ առաջին հերթին հիմնական երեք ծառայութիւններուն` «Քորոնա»-ի առնչուող հարցերու, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած բնակարաններու նորոգութեան, պատկան միութիւններու կողմէ յատուկ խնամքի կարօտ պարագաներու զօրակցութեան ծառայութիւնը:

Այս նախաձեռնութիւնը կ՛օժտուի Քաղաքապետական կարողականութեան արհեստագիտական զօրակցութեամբ, որ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) միացեալ նախաձեռնութիւնն է:

Գեղարուեստական դրոշմ կրող այս խոստմնալից նախաձեռնութեամբ մօտէն ծանօթանալու առաջադրանքով Պուրճ Համուտ այցելեցին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ հանդիպում ունեցան  Եւրոպական Միութեան տեղական ինքնակառավարման պաշտօնատար Ճիան Անտրէա Վիլա, ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու ծրագիրի Լիբանանի պատասխանատու Դանիա Քրիսթանսըն եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի ընկերային, տնտեսական ու բարգաւաճման յայտագիրներու տնօրէն դոկտ. Ռաղետ Ասի:

Տեղեկատուութեանց եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ալին Քիուան ներկայացուց ծրագիրը եւ բացատրեց, որ քաղաքապետութեան պատկան պաշտօնեաները,  լսելէ ետք իւրաքանչիւր պարագայի կարիքները,  ըստ այնմ կը համակարգեն օժանդակութեան միջոցներու կարելիութիւնը եւ ապա տեղեակ կը պահեն պարագաները: Քիուան շեշտեց, որ այս թէժ թիւը կարելի է գործածել որեւէ ատեն միայն «Ուաթս-ափ»-ի միջոցով փոխանցելու համար քաղաքացիները մտահոգող դժուարութիւններուն մասին, որպէսզի համապատասխան ձեւերով լուծում գտնելու աշխատանք տարուի:

Այս առթիւ «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` Եւրոպական Միութեան տեղական ինքնակառավարման պաշտօնատար Ճիան Անտրէա Վիլա անգլերէն լեզուով բացատրեց նշեալ թէժ գիծին ու առնչակից ծրագիրին նպատակը, որ հիմնականին մէջ կը ձգտի կարիքաւոր շրջաններու քաղաքապետութեանց կարողականութեան ամրագրման: Միութիւնը իր այս ծրագիրով մօտէն կը հետեւի համավարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թէ գաղթականներու հոսքին իբրեւ հետեւանք յառաջացած դժուարութիւններու հարթումի միջոցներուն: Ան այս գծով բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած թէժ գիծի կարելիութիւնը, որ առիթ պիտի տայ շրջանի բնակիչներուն` պարզելու իրենց դժուարութիւնները եւ օգտուելու կարելիութիւնները:

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի ընկերային, տնտեսական ու բարգաւաճման յայտագիրներու տնօրէն դոկտ. Ռաղետ Ասի եւս արաբերէն լեզուով դրուատեց քաղաքապետութեան այս քայլը` շեշտելով, որ ՄԱԿ-ի հիմնական առաջադրանքն է օժանդակել կարիքաւոր շրջաններու բարելաւման ու բարեզարդման ճիգերուն:

Աւարտին ներկայ հիւրերը ուղղուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան անոնց հետ զրուցեց առնչակից նիւթերու մանրամասնութեանց մասին:

Նախորդը

Հակադիր Երկու Պատկեր, Հազար Ափսոսանք

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?