Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջարկ Ընտրելու Մասին

May 31, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ո՜ւֆ, պրծանք: Հայաստանի մէջ գրանցուած շուրջ 110 կուսակցութիւններուն հինգէն միայն մէկը կը մասնակցի պատգամաւորական արտակարգ ընտրութեան: 13 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք. ընտրութիւնը պիտի կատարուի 17 ցուցակներու միջեւ: Թէեւ դիւրին չէ 17-էն մէկը ընտրել, բայց յարաբերաբար աւելի հեշտ է հարիւրին մէջէն ընտրութենէն:

Ընտրութիւնը դիւրացնող հնարք մըն ալ կայ. կարելի է անունները անտեսել – արդէն ոմանք անծանօթ են կամ գրեթէ – եւ նկատի ունենալ ծրագիրները: Այս հնարքը անսխալական է, քանի որ շատերը ծրագիր չունին, ոմանց ծրագիրն ալ գալիքին մասին չէ, այլ սովորութեան ուժով` նախկիններու քննադատութեան կամ, աւելի ճիշդ, սխալներու ինքնարդարացման կը վերաբերի: Մեզի համար ապագան է անհրաժեշտ, նոյնիսկ անմիջական ու մօտաւոր ապագան:

Ըստ օրինի, ընտրապայքարը չէ սկսած: Եթէ ոմանք-քիչերը – ընտրապայքարին նախորդող ժամանակը կ՛օգտագործեն ծրագիրներ մշակելու համար, ուրիշներ արդէն լծուած են աշխուժ ընտրապայքարի:

Անցնող երեք տարիներու ընթացքին, իբրեւ թէ յեղափոխութիւն իրականացուցած վարչախումբը ժամանակ վատնեց հիները պարսաւելով, որուն իբրեւ արդիւնք` գրեթէ ոչինչ իրագործեց: Պարտութիւնը, տարածքներու կորուստը, հազարաւոր զոհերը եւ կրկնապատիկ վիրաւորները կը թուի, որ իրագործում կը համարուին, քանի որ վարչապետի պաշտօնակատարը կը յայտարարէ, որ… հպարտ է պարտութեան համար:

Հրաժարական տուած իշխանութիւնը անդադար շեփորահարեց, որ արդար ընտրութեան իբրեւ արդիւնք, յաղթած է ու տիրացած աննախընթաց ժողովրդային օրինականութեան: Ընտրութեամբ տիրացած օրինականութեան ուժով հաստատեց միանձնեայ իշխանութիւն, որ նոյնքան աննախընթաց աղէտէն ետք, կը շարունակէ կիրարկուիլ:

Հին ու նոր ռազմագերիները մոռնալով, սահմաններուն վրայ խախտումները ստորագնահատելով, վարչապետի պաշտօնակատարը շրջաններ կ՛այցելէ ու ամէն օր մէկը միւսին գերազանցող անհեթեթ միտքեր կ՛արտաբերէ: Եւ քանի որ վարչապետն է յայտարարողը, որոշ մամուլի օրկաններ կը մեկնաբանեն ու կը տարածեն: Հարիւր տարի առաջ պատահածը ներկային մէջ տեղադրելով, Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ արդարացուցած ըլլալ, ի յառաջագունէ, պատրաստուող նորագոյն զիջումները:

Վարչական հնարաւորութիւններու օգտագործումը ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ: Եթէ իբրեւ վարչապետ շրջաններ կ՛այցելես, բայց իբրեւ թեկնածու կը բարբանջես, ժամանակաւոր պաշտօնդ ընտրական նպատակներու համար շահագործած չե՞ս ըլլար: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. զրպարտութիւնն ու սուտը քաղաքական ստորագրութեան վերածողներէն արդա՞ր է այլ բան ակնկալել:

Վերադառնանք ընտրութեան: Շուտով կը սկսի պաշտօնական ընտրապայքարը, իր սահմանափակումներով եւ հաւասարութեան կանոններով, 17 ցուցակներու ներկայացուցիչներ պէտք է գովազդեն, հաւասար պայմաններով, իրենց նախընտրական ծրագիրները: Թէ՛ ծրագիր ունեցողը, թէ՛ ունենալ ձեւացնողը եւ թէ՛ ի սպառ չունեցողը: Համբերութիւն պէտք է մաղթել ընտրողներուն ու ծով իմաստութիւն… որպէսզի կարենան անիրականանալի խոստումները անտեսել ու երկիրը իր խոր ճգնաժամէն դուրս բերելու ատակ իշխանութիւն ձեւաւորել:

 

 

 

Նախորդը

28 Մայիսի Տարեդարձը Ուխտադրութիւն Է Վերադարձնելու Մեր Արժանապատուութիւնը, Ազատ, Անկախ Ու Ինքնիշխան Ապրելու Կամքը Եւ Քանդելու Հայրենիքը Պարտութեան Առաջնորդող Մտածողութիւնը

Յաջորդը

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.