«Ազդակ»-ի երեքշաբթի, 25 մայիսի թիւով «Տեսակէտ» բաժինին տակ եւ «Նոր ոճի փնտռտուք» խորագիրով կարդացինք Յակոբ Լատոյեանին յօդուածը, որ կ՛անդրադառնար Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքի բազմաշերտ ու բազմաբնոյթ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ բաղդատական մը կը կատարէր անցեալի ու ներկայի գործելաոճերուն միջեւ:
Միշտ ալ տեսակէտներու փոխանցումը եւ հրապարակային քննարկումները օգտաշատ են մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ անոնց ճշգրիտ պարզաբանումը` հիմնուած առարկայական մօտեցումի ու ճշգրիտ հիմնաւորումներու վրայ, մեծապէս կը նպաստեն հաւաքական կեանքի աշխուժութեան ու յառաջընթացին: Այս մեկնակէտէն, կարդալէ ետք այդ յօդուածը, անհրաժեշտ նկատեցի որոշ պարզաբանումներ եւ յստակացումներ կատարել` վստահելով ընթերցողին առողջ դատողութեան, տրուած ըլլալով, որ յօդուածագիրը «Տեսակէտ» սիւնակով կը կատարէր միութեան մը գործունէութեան մասին բանաձեւումներ եւ հաստատումներ, որոնք չեն արտացոլացներ Համազգայինի ներկայ գործունէութեան իրական պատկերը, այլ ընդհակառակն, կը ստեղծեն շփոթ եւ կատարուած աշխատանքին ոչ ամբողջական գնահատում: Աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար, որ ան առաջին առիթով մտահոգութիւնները կիսէր Շրջանային վարչութեան հետ եւ, հարկ եղած լուսաբանութիւններն ու ճիշդ պատկերը ունենալէ ետք, կատարէր իր հաստատումները:
Առաջին հերթին յայտնեմ, որ յօդուածին նախաբանին մէջ տեղ գտած են Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» ու «Աղբալեան» մշակութային կեդրոններու եւ միաւորներու անցեալի գործունէութեան մասին վկայութիւններ: Տրուած թիւերը բնականաբար բոլորիս համար ալ տեսանելի են, եւ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ միշտ ալ եւ բոլոր փուլերուն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր կառոյցներով եւ միաւորներով ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ վճռորոշ դերակատարութիւն: Եւ այս բոլորը կը պարտինք համազգայնական ոչ թէ քանի մը անհատներու ճիգին ու ներդրումին, այլ հաւատաւորներու մեծ խումբի մը, Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող ու այդ շունչով կազմաւորուող հաւաքական ճիգին եւ գործունէութեան:
Փաստօրէն, չանցան այդ օրերը, ինչպէս անհասկնալիօրէն հակառակը կը հաստատէ յօդուածագիրը, հակառակ տիրող տնտեսական ծանր կացութեան, երբ տակաւին առողջապահական պայմանները կը թոյլատրէին, Համազգայինի կառոյցները լայն զօրաշարժի մէջ էին եւ երկու տարի առաջ նո՛յն այս Շրջանային վարչութիւնը յաջողած էր իր շուրջ համախմբել երիտասարդ նոր սերունդ մը, որ իր նորարար գաղափարներով ու Համազգայինի առաքելութեան հանդէպ ունեցած յարգանքով կառչած էր գործին` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը: Այդ փուլին նաեւ մշակութային ձեռնարկները եւ նախաձեռնութիւնները մեծաթիւ էին եւ, ինչպէս հաղորդուած էր օրին, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը պատուիրակութեամբ մը այցելած էր Հայաստան եւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին հետ համադրած իր երկամեայ գործունէութեան համար մեծ թիւով գեղարուեստական խումբերու եւ արուեստագէտներու հիւրընկալման ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն համար իր յարաբերութիւնները խորացուցած էր հայրենի համապատասխան կրթամշակութային կառոյցներու հետ:
«Քորոնա»-ի պարտադրած ճգնաժամը, բնականաբար, ամբողջովին նոր կացութեան մը դիմաց պիտի դնէր Համազգայինի ընտանիքը եւ արգելակէր շարք մը ծրագիրներու իրականացումը: Սակայն, ան շուտով առանց տատամսելու եւ ընկրկելու, շնորհիւ իր շուրջ համախմբուած երիտասարդ մարդուժին ու անոնց մասնագիտական կարողականութեանց` առցանց գործունէութեան օրինակելի գործելաոճ մը պիտի ստեղծէր: Այդ գործելաոճին շնորհիւ գեղարուեստի դպրոցներու անհատական դասընթացքները պիտի շարունակուէին առցանց, կարելի պիտի ըլլար փոքրաթիւ խումբերով առցանց ելոյթներու իրականացումը, գրական եւ մտաւորական այլ հանդիպումներու կայացումը: Ճիշդ է, որ պայմանները առիթ պիտի չընձեռէին` գեղարուեստի մեծաթիւ խումբերու հաւաքներու եւ տարեկան ելոյթներու կազմակերպման, այսուհանդերձ ահաւասի՛կ մշակութային շունչն ու մթնոլորտը տիրական պիտի դառնային` առցանց դրութեան որդեգրումով:
Աւելի՛ն, բաւարար է լուսարձակի տակ բերել Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով Շրջանային վարչութեան կազմակերպած մէկ շաբթուան տեւողութեամբ ընդհանուր եւ համապարփակ ծրագիրը` աշակերտական, գեղարուեստի դպրոցներու եւ միաւորներու, դասախօսներու եւ արուեստագէտներու, մտաւորականներու, եւ լիբանանցի արուեստագէտներու ներառումով, որ օրին ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն, եւ այս մասին լայնօրէն անդրադարձաւ մեր մամուլը: «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ու Համազգայինի Դիմատետրի էջէն հեռարձակուած գեղարուեստական ելոյթը, որ կը վայելէր Արամ Ա. վեհափառին բարձր հովանաւորութիւնը, ստացաւ համահայկական լայն տարողութիւն ու այդ ելոյթին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի ճամբով հետեւեցաւ Լիբանանէն եւ արտերկրէն հայ ու օտար մեծ բազմութիւն, ինչպէս նաեւ ասոր զուգահեռ, Համազգայինի Դիմատետրի էջով շուրջ 100.000 դիտողներ: Անշուշտ մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է այս տարուան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով դարձեալ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած Ծննդեան յայտագիրը, որուն մասնակից դարձան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտութիւնը, դասախօսները եւ միաւորները:
Զարմանալիօրէն յօդուածագիրը կ՛ակնարկէ Դիմատետրի ճամբով եւ ընդհանրապէս առցանցային ներկայ ժամանակներու ծաւալած գործունէութեան, երբ այս նիւթը մասնագիտական հարց մըն է, կը կարօտի մասնագէտներու վաւերական տեսակէտին եւ յատուկ չէ Համազգայինին կամ ընդհանրապէս հայութեան, այլ կ՛առնչուի նոր աշխարհակարգի մը, որուն մէջ կը փորձեն այսօր տեղաւորուիլ պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, տնտեսական կեդրոններ եւ համայն մարդկութիւնը:
«Տեսակէտ» սիւնակին տակ յարգելի կրնան ըլլալ արտայայտուած բոլոր մտածումներն ու գնահատումները, բայց այդ բոլորը պէտք չէ կամայ թէ ակամայ անտեսեն այս պարագային Համազգայինի ձեռք բերած նուաճումները եւ յաջողութիւնները: Այլ հարց, որ որակի եւ ոճի մասին խօսիլն անգամ կ՛ենթադրէ որոշ նրբութիւններու իրազեկում, որ այս պարագային Համազգայինի ձեռնարկներէն ի յայտ կու գայ, թէ մասնագիտացման ճիգը առկայ է, սակայն միշտ ալ կատարեալին ձգտումը պէտք է մնայ հիմնական մղիչ ուժ:
Յօդուածագիրը իր փորձառութենէն մեկնած, քաջածանօթ է, որ ինչքան ճիգ ու զոհողութիւն կ՛ենթադրէ կամաւոր աշխատանքով մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներու կազմակերպումը, եւ որքան կարեւոր է հանդիսատեսին առարկայական ու ճշգրիտ գնահատումը, նաեւ` քաջալերանքը:
Ըմբռնելի չէ նաեւ այն հաստատումը, որուն ճամբով յօդուածագիրը կը փորձէ տալ ընդհանուր գնահատական մը, երբ կ՛ըսէ, թէ պէտք չէ ընել այն, որ կը սիրենք, այլ ընենք այն, որուն կարիքը կայ: Այո՛, ճիշդ այս մեկնակէտով յօդուածագիրին համար ալ կարծեմ յստակ է, որ կարիքը կայ մեր մշակոյթն ու հոգեմտաւոր արժէքները, գիրն ու գրականութիւնը աւելի լայն զանգուածներու հասանելի դարձնելու եւ այս իմաստով ներկայ փուլին առցանց դրութիւնը կու տայ նաեւ պատեհ առիթ` մեր մշակոյթի դրսեւորման նոր տարածք նուաճելու: Հետեւաբար, այստեղ նպատակը մշակոյթի տարածումն ու ժողովրդականացումն է, որ Համազգայինի հիմնական առաքելութեան մաս կը կազմէ եւ կենսական կարիք մըն է ահաւասի՛կ եւ անտարակո՛յս: Ճիշդ չէ նաեւ յօդուածագիրը իր հաստատումին մէջ, երբ կ՛ըսէ, որ նման մշակութային նախաձեռնութիւններ իրենց ժամանակին եւ ծաւալին մէջ միայն կրնան ազդեցութիւն ունենալ եւ հետք չեն ձգել: Փաստօրէն անցնող երկամեայ գործունէութեան բոլոր աշխատանքները արժանացած են մշակութային շրջանակներու, արուեստագէտներու եւ ժողովուրդի ջերմ ընդունելութեան ու գնահատանքին: Թերեւս Շրջանային վարչութիւնը թերացած է այս պարագային նման բարձր գնահատանքները եւ արժեւորումները ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու: Բնական է, որ մշակութային որեւէ նախաձեռնութիւն բացարձակին մէջ բոլորին ճաշակը կամ ակնկալութիւնը չգոհացնէ, սակայն կարելի է արժեւորել որեւէ նախաձեռնութեան ժողովուրդի կողմէ կատարուած արձագանգումին բազկերակը եւ ըստ այնմ յանգիլ եզրակացութեան:
Այս բոլորը ըսելէ ետք, անշուշտ վստահ եմ, որ Համազգային Շրջանային վարչութիւնն ու այս գործին նուիրուած համազգայնականները միշտ ալ պատրաստ են ընդունելու կառուցողական եւ լաւէն դէպի աւելի լաւին ձգտող ծրագիրներու մասին առաջարկներ եւ մտածումներ, որոնք բոլորն ալ պիտի հարստացնեն մեր մշակոյթի անդաստանը:
Կը միանամ յօդուածագիրի ցուցաբերած այն վստահութեան, որ Համազգայինը այսօր նաեւ իր բազմաբնոյթ աշխատանքներով մեր գաղութին մէջ մշակոյթի ջահը բարձր պահող միութիւնը կը մնայ եւ կատարուած ճիգը գնահատելի է ու միշտ աւելին կը սպասուի Համազգայինէն: Կը մնայ մեզի, բոլորի՛ս, մեր նախանձախնդրութիւնը ու նախասիրութիւնները պահելով հանդերձ, չմոռնալ տեսնելու ներդրուած ճիգը եւ մանաւա՛նդ, գործնական աջակցութեամբ ու քաջալերանքով, ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ խթան հանդիսանալ մշակութային նորանոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու: Այս կը թելադրէ մեզի միութենական մեր դաստիարակութիւնը եւ տեսլապաշտութիւնը:
Հրապարակային քննարկումները պէտք է օժտուին առարկայական, անկաշկանդ ու միաժամանակ, սակայն, իրատես եւ հիմնաւորեալ տեսակէտներով, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտակար դառնալ մշակոյթի սպասարկողին, արուեստագէտին, վարչական պատասխանատուներուն եւ մշակութասէր հանրութեան: Այս բոլորին համադրեալ ու միացեալ ճիգով է, որ կը յաջողինք հարստացնել Համազգայինի առաքելութիւնը եւ գործը:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր ծառայողներուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ


