Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անվտանգութեան Ու Գերիշխանութեան Ամրապնդումը Անյետաձգելի Հրամայական Է

Մայիս 31, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը` Մայիս 28-ի
Եւ Հայաստանի Ներկայ Կացութեան Մասին)

Ամեակները սոսկ անցեալին նայելու առիթներ չեն: Անոնք նաե՛ւ յիշեցում են ու մարտահրաւէր` անցեալի լոյսին տակ ու ներկայի պայմաններուն համահունչ, քննական հայեացքով ու նպատակասլաց տեսլականով ապագան ծրագրելու ու կերտելու:

Այսպէ՛ս է մայիս 28 մեր ազգին համար: Արդարեւ, ճակատագրական պայմաններու մէջ կերտուած Հայաստանի անկախութիւնը ահաւոր տագնապներ դիմագրաւեց եւ, աշխարհաքաղաքական պարտադրանքներու իբրեւ հետեւանք, Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը: Սակայն, անկախութեան երազը մնաց արծարծ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ 1991-ին պատմական Հայաստանի գէթ կտոր մը հողին վրայ մեր երազը դարձաւ իրականութիւն:

Անցնող 30 տարիներուն Հայաստանը ապրեցաւ վերիվայրումներ. պայմանները չներեցին, որ ան ունենայ կազմակերպական ու զարգացման ծրագրուած ընթացք եւ քայլ պահէ շրջանի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու հոլովոյթին հետ. տնտեսական տագնապը, արտագաղթն ու փտածութիւնը հիւծեցին երկիրը, եւ Արցախի վերջին պատերազմը Հայաստանը մատնեց ահաւոր ճգնաժամի:

Առաջին անկախութենէն 103 տարիներ ետք Հայաստանը դա՛րձեալ կ’ապրի ճակատագրական օրեր: Արցախի պատերազմին իբրեւ հետեւանք մեծ թիւով զոհեր տուինք, հող կորսնցուցինք, տխրահռչակ յայտարարութիւն ստորագրեցինք եւ աւելին` այսօր վտանգուած են նաե՛ւ Հայաստանի սահմանները: Արդարեւ, մեր ազգը խորապէս ցնցող, Արցախի անկախութիւնը վտանգող, Հայաստանի ապագան մշուշապատող յիշեալ վտանգալից զարգացումներուն նկատմամբ սփիւռքը ու մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ: Մեր ողջ ժողովուրդը ամբողջական, առարկայական ու հրապարակային հաշուետուութիւն կը պահանջէ:

Յուսահատութեան ու անորոշութեան ամպեր կուտակուած են հայ կեանքի երկինքին վերեւ: Բայց մենք կը մերժե՛նք վախի մթնոլորտ, պարտուողական հոգեվիճակ եւ մեր ժողովուրդը նահանջի առաջնորդող քայլեր: Մենք ամուր հաւատք ու աներեր կամք ունեցող ժողովուրդ ենք: Այսպէ՛ս եղած ենք մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին` հակառակ մեզ շրջապատող ահաւոր փոթորիկներուն:

Իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով Հայաստանը եղած է կռուախնձոր մեծ պետութիւններու միջեւ: Այսօր եւս նո՛յնն է պարագան: Հարկ է ժամանակի նշանները ճի՛շդ կարդալ, Կովկասէն ներս Հայաստանի տեղն ու դերը իրապա՛շտ մօտեցումով արժեւորել ու համապատասխան կողմնորոշում որդեգրել` հեռո՛ւ տեսական մօտեցումներէ, ամբոխավարական պոռթկումներէ ու պարագայական որոշումներէ: Հայաստանի տագնապը էապէս անվտանգութեան ու գերիշխանութեան տագնապ է: Եթէ չկարենանք այսօր զայն միասնականութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել, Հայաստանի պետականութեան հիմքերը կրնան վտանգուիլ` նոյնի՛սկ Հայաստանի գոյութիւնը:

Ըլլանք իրատես: Ներկայ պայմաններուն մէջ փաստօրէն Հայաստանը կարող չէ առանձին երաշխաւորել իր անվտանգութիւնը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է հետեւողական ճիգ թափել ամրապնդելու ու միաժամանակ ընդարձակելու փոխադարձ շահերու ու վստահութեան վրայ հիմնուած մեր ռազմաքաղաքական գործընկերներու շրջագիծը: Հայաստանի անկախութիւնն ու ամբողջականութիւնը մեզի համար անսակարկելի ազգային սրբութիւններ են: Անոնց ամուր պահպանման նկատմամբ հարկ է որդեգրել միակամ ու անզիջող կեցուածք:

Ըլլանք զգօ՛ն: Պատերազմը չէ աւարտած: Մեր ցեղասպան դրացիները կը շարունակեն սպառնալ Հայաստանի ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ Արցախի անկախութեան. իսկ մենք քինախնդրութեամբ լեցուն զիրար կ’ամբաստանենք, մեր ուժերը կը ջլատենք` կորսնցնելով նոյնիսկ մեր բարոյական ու ազգային արժէքներու կողմնացոյցը: Անցնող տարիներուն Ազրպէյճանը պատրաստուեցաւ` քաղաքական բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային, իր կամքը զինուորապէս պարտադրելու: Իսկ մենք ռոմանթիք զգացումներով օրօրուեցանք, անիրատես խոստումներով շլացանք եւ իմաստութիւնն ու քաջութիւնը չունեցանք պատրաստուելու թէ՛ խաղաղութեան, եւ թէ պատերազմի: Չմոռնանք երբեք, որ եթէ այսպէս կոչուած «ո՛չ պատերազմ, եւ ոչ խաղաղութիւն» ռազմավարութիւնը միջազգային կամ շրջանային հովանաւորութիւն չի վայելեր, կը դառնայ ժամանակաւոր ու վտանգալից, որուն սուղ գինը վճարեց Հայաստանը: Ընդունի՛նք մեր սխալները:

Քառասունչորս օրեր հայու արիւն հոսեցաւ մեր հողերուն վրայ. առանձին մնացինք: Այսօր Հայաստանը կը գտնուի անդունդի եզրին. դա՛րձեալ առանձին ենք: Վստահինք մեր ուժին: Յիշենք հայրենիքի փրկութեան համար մղուած Աւարայրի ու Սարդարապատի ճակատամարտերը: Արթնցի՛ր հայ ժողովուրդ: Ուժերու համախմբումը ի խնդիր Հայաստանի փրկութեան անյետաձգելի հրամայական է: Մեր հաւաքական վճռակամութեամբ եւ համայն հայութեան մասնակցութեամբ կոչուած ենք վերակերտելու այնպիսի Հայաստան մը, ուր`

– պետութեան շահերը դառնան գերիվեր ներքաղաքական հակադրութիւններէն ու անձնակեդրոն նպատակներէն.

–  ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու ձգտումները իրենց շուրջ համախմբեն մեր բոլոր զաւակները` իրենց քաղաքական տարբեր հայեցակէտերը պահելով հանդերձ.

– հոգեմտաւոր եւ ընկերաբարոյական արժէքներն ու սկզբունքները առանցքային տեղ գրաւեն ընկերութեան կեանքին մէջ.

– ազգային ինքնութեան առողջ պահպանումը համաշխարհայնացման ապահայացնող հոսանքներուն դիմաց` դառնայ առաջնահերթ նախանձախնդրութիւն:

Մենք կոչուած ենք միա՛սնաբար վերակերտելու այնպիսի Հայաստան մը, որ`

–  ունենայ զարգացող տնտեսութիւն` օրէնքի գերակայութեամբ երաշխաւորուած.

– ունենայ արդարութեան, թափանցիկութեան ու համարատուութեան վրայ ամրօրէն խարսխուած կառավարման առողջ համակարգ ու վստահութիւն ներշնչող իշխանութիւն.

– ունենայ հզօր բանակ` ինքնապաշտպանութեան արդի զէնքերով օժտուած.

– կարենայ դիւանագիտական աշխարհին ու միջազգային համայնքին մէջ իր կարեւոր տեղը գրաւել.

– կարենայ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքները պաշտպանել:

Վերջապէս, մենք կոչուած ենք միա՛սնաբար վերակերտելու այնպիսի Հայաստան մը, որ կարենայ լոզունգներէ անդին` Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան գործնական արտայայտութիւն տալ` համազգային խորհուրդի մը կողմէ ճշդուած յստակ ուղեգիծի հետեւողութեամբ:

Հայաստանի ու ազգին ապագան մե՛նք պիտի որոշենք ու կերտենք, ո՛չ ուրիշներ, որքան ալ դառն ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները եւ ահաւոր` մեզ դիմագրաւող մարտահրաւէրները: Արդ, չսպասենք ապագային` սոսկ երազելով ու խոստումներ շռայլելով, զայն սկսինք կերտել այսօ՛ր` մեր ողջ ազգի ներուժին ու մարդուժին ամբողջական լարումով:

Ա՛յս է պատգամը մայիս 28 կերտած սերունդին:

Ա՛յս է պատգամը Արցախի պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց անձերը ընծայաբերած մեր նահատակներուն:

Թող Աստուած պահէ, պահպանէ ու հզօրացնէ մեր ազգն ու հայրենիքը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

28 մայիս 2021
Անթիլիաս, Լիբանան

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան 103-Ամեակի Նշում` Մայիսեան Կտակին Հաւատարիմ Մնալու Եւ Պայքարը Շարունակելու Պատգամով

Յաջորդը

Մտահոգ Ենք Հայրենիքի Առջեւ Ծառացած Խնդիրներով, Սակայն Մայիսեան Յաղթական Ոգով, Աստծոյ Օգնութեամբ Ուժ Պիտի Գտնենք` Դուրս Գալու Նաեւ Այս Փորձութիւնից

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?