Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտինք Իրաւական Հարթութիւն Փոխադրել 20-րդ Դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը

April 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Յամառ եւ հետեւողական պայքարով հայ ժողովուրդը անցնող տասնամեակներուն լուրջ իրագործումներ արձանագրեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ: Տարբեր երկիրներ, խորհրդարաններ, միջազգային կառոյցներ, կազմակերպութիւններ ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւեր: Թեւակոխած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը: Արեւմտահայութիւնը զրկուած կը մնայ իր պատմական հայրենիքէն, սեփականութենէն, մշակութային ժառանգութենէն: Հայրենազրկում, մարդկային, գոյքային եւ նիւթական կորուստներ: Զրկուած կը մնանք մեր հայրենիքէն: Ո՞ր կորուստներուն, վնասներուն մասին խօսինք` հայրենակա՞ն, հողայի՞ն, կենսակա՞ն, բարոյակա՞ն… Թշնամին կը շարունակէ խեղաթիւրել պատմութիւնը, ուրանալ ճշմարտութիւնը: Տակաւին կը մերժէ ճանչնալ մեր անվիճարկելի իրաւունքները: Ի՞նչ կը թելադրէ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին: Թէպէտ ուշացած` անյապաղ լծուիլ յանցագործը դատապարտելու իրաւական աշխատանքներուն: Ճանաչման աշխատանքներէն աւելի կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ իրաւական հարթութիւն անոր տեղափոխութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը իրաւական բազմակողմանի հետապնդումներու անհրաժեշտութեան կը կարօտի: Ճանաչման եւ պատմական ապացոյցներու դիտարկման միջոցին պէտք չէ մոռնանք, որ Ցեղասպանութիւնը միջազգային ծանր յանցագործութիւն է միաժամանակ: Այստեղ ինքնաբերաբար պիտի յառաջանայ հարցերու հարցը. ո՞վ Միջազգային դատարան պիտի ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական թղթածրարը: Ճնշումներու տակ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութիւ՞նը, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտին տակ ստորագրութիւնը դրած որեւէ պետութիւ՞ն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհո՞ւրդը եւ տակաւին… 1915 թուականի եղեռնագործութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանը գոյութիւն չունէր իբրեւ պետութիւն, սակայն միջազգային իրաւունքը անոր կ՛արտօնէ փոխհատուցում պահանջել Թուրքիայէն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով համայն հայ ժողովուրդին անունով 29 յունուար 2015-ին լոյս տեսած Հռչակագիրը Ցեղասպանութեան փաստը միջազգային ճանաչման հասցնելու եւ անոր հետեւանքները յաղթահարելու մարտահրաւէր մը դարձաւ համայն հայութեան առջեւ: Համահայկական հռչակագիրը լուրջ հիմք է իրաւական պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ` հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպած եւ գործադրած ցեղասպանութեան համար: Սակայն, դժբախտաբար, մինչեւ օրս պատրաստուած չէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական թղթածրարը: Ի՞նչ կը պահանջենք ցեղասպանէն, ի՞նչ հիման վրայ կը պահանջենք եւ ինչո՞ւ կը պահանջենք: Ո՞ւր պիտի գտնենք այս հարցումներուն պատասխանը: Առանց նման թղթածրարի մը պատրաստութեան` Հայոց ցեղասպանութեան հետապնդումը կը մնայ խիստ կաղ, չըսելու համար` թերի… Պահանջատիրութիւն ըսելով` կը հասկնանք տարագիր հայ ժողովուրդին հողային, գոյքային եւ բարոյական իրաւունքներուն վերականգնումը: Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին բարոյական իրաւունքները վերականգնելու փուլերէն մէկն է, սակայն ոչ` մեր պահանջատիրութեան էութիւնը: Սակայն այստեղ չ՛աւարտիր մեր մտահոգութիւնը: Ուսումնասիրութեան կարօտ եւ վերջնականապէս կողմնորոշուելու լուրջ հարցեր գոյութիւն ունին տակաւին… Բացի իրաւաքաղաքական գետնի վրայ դրսեւորուող այս խիստ մտահոգիչ անտարբերութենէն, որքա՞ն ազդու կը հնչեն քարոզչական գետնի վրայ մեր աշխատանքները: Յարգա՛նք մեր պատմաբաններուն, մտաւորականութեան. բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ: Բայց այստեղ չ՛աւարտիր մեր առաքելութիւնը: Պարզ դաս մը քաղելով ժամանակակից Իսրայէլի պետութենէն` առ այսօր միջազգային հանրութեան չենք ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութիւնը մանրակրկիտ վերլուծող բազմահատոր եւ բազմալեզու հանրագիտական հրատարակութիւն մը, նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու բազմալեզու եւ բազմահատոր ակադեմական ժողովածու մը: Անըմբռնելի տեղատուութիւն կ՛արձանագրենք պատմագիտական եւ քարոզչական ոլորտներու մէջ : Նմանօրինակ հրատարակութիւններու շարքը մեր պահանջատիրութիւնը հանրայնացնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը պիտի հանդիսանար անկասկած: Մեր դատին, մեզի դէմ կատարուած անիրաւութիւններուն ծանօթանալով` մեր հողային պահանջատիրութեան ի նպաստ պիտի կողմնորոշուէր միջազգային հանրային կարծիքը: Ուշ չէ տակաւին: Աշխատինք գործի լծել միջազգային իրաւունքի համաշխարհային վարկ եւ փորձառութիւն վայելող իրաւաբաններ, պատմաբաններ,մասնագէտներ: Մէկ այլ կարեւոր իրագործում պիտի ըլլայ աշխարհի տարբեր արխիւները ուսումնասիրել եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերաբերող փաստաթուղթերը մէկտեղել, մշակել եւ հրատարակել: Այնքան ատեն, որ Թուրքիան կ՛ուրանայ Ցեղասպանութիւնը, եւ յաղթահարուած չեն անոր յանցագործութեան հետեւանքները, հայ ժողովուրդը նոր ցեղասպանութեան մը բարոյա-հոգեբանական սպառնալիքին տակ պիտի գոյատեւէ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Միւս կողմէ` Ցեղասպանութիւնը գործուած է ոչ միայն Արեւմտահայաստանի մէջ, այլեւ` Արեւելահայաստանի, այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս հայ ժողովուրդը բնաջնջելու մտադրութեամբ: Մէկ խօսքով, ներկայի բուռ մը Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնպէս Ցեղասպանութենէն տուժած պետութիւն է, հետեւաբար իրաւասու է շօշափելի պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միաժամանակ իրաւասու է միջազգային տարբեր ատեաններու առջեւ պահպանելու նահատակներու ժառանգորդներուն շահերը, որովհետեւ բռնի տեղահանուածներուն, վերապրողներուն կարեւոր մէկ մասը հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ ծագումնաբանական, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային նոյնութիւններով կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն հետ: Զոհերէն շատերու ժառանգորդները ունին Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Այս կարեւոր ապացոյցը լուրջ հիմք է, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի կից Արդարադատութեան ատեանին միջոցով վնասուց հատուցում պահանջէ Թուրքիայէն: ՄԱԿ-ի Միջազգային իրաւունքի յանձնաժողովին կողմէ մշակուած պետութիւններու պատասխանատուութեան յօդուածներուն մէջ յստակօրէն նշուած է, որ միջազգային հակաիրաւական արարքին պատասխանատուութիւնը կրող պետութիւնը պարտաւոր է միջազգային հակաիրաւական արարքով պատճառուած վնասներու լիարժէք հատուցումը տրամադրել վնաս կրող կողմին: Հատուցումը կ՛ընդգրկէ հակաիրաւական արարքով պատճառուած որեւէ կորուստ` նիւթական եւ բարոյական: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, պարտաւոր կ՛ըլլայ փոխհատուցելու հայ ժողովուրդին պատճառուած նիւթական վնասները, ինչպէս մինչեւ օրս Գերմանիան հրեաներու ոչնչացման համար փոխհատուցում կը վճարէ հրեաներուն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօրուան դրութեամբ կրնայ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին միջոցով պատասխանատուութեան հրաւիրել Թուրքիան: Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու աշխատանքը հաւաքական ճիգ եւ լարում պահանջող հրամայական մըն է` իրաւասութիւններու, կարելիութիւններու եւ փորձառութիւններու հիման վրայ, սփիւռք-հայրենիք դերերու եւ պարտականութիւններու յստակ բաշխումով: Նպատակ կամ միտում չունիմ թերագնահատելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող շնորհակալ աշխատանքը: Սակայն նոյնքան եւ աւելի կենսական նշանակութիւն պիտի ունենան յանցագործը իրաւականօրէն հետապնդելու եւ հատուցումներու պատասխանատուութեան առջեւ դնելու, անոր ոճիրը իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն դատապարտելու ծրագրաւորուած քայլերը:

 

 

Նախորդը

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Յաջորդը

«Ցնծացէ՛ք», Սրբադասուած Նահատակներ, Խաղաղութեամբ Պիտի Ապրինք Թրքութեան Հետ (Եղեռնի 107-ամեակ)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.